«Նիկոլ Դուման» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 42.
Նիկոլ Դուման դէմ կ'արտայայտուի 1906-ի Հ.Յ.Դ Խորհուրդի ընդունած եւ Հ.Յ.Դ Դ.ընդհանուր ժողովի վաւերացումը ստացած «Կովկասեան նախագիծին»։ Ան համաձայն չէր որ հայերը տարուէին համառուսական հովերով։ Ան դէմ կ'արտայայտուի նաեւ Առաջին համաշխարհային պատերազմի սկիզբը հայկական կամաւորական գունդերու ստեղծումի գաղափարին։
 
Դումանի առողջական վիճակը կը սկսի վատթարանալ։ Կեղծ անցագիրով կ՚անցնի [[Թիֆլիս (արեւմտահայերէն)|Թիֆլիս]], ուր կուսակցութեան ճնշումով կը մտնէ հիւանդանոց՝ յառաջացած թոքախտը դարմանելու համար։ Այդ պայմաններուն մէջ անգամ ցարական իշխանութիւնները, դատական քննիչ Լըժինի հրահանգով, հիւանդանոցէն կը ձերբակալեն եւ Մետեխի բանտը կը նետեն զինք՝ Մայիս 1914-ին։ Բժիշկներու միջամտութեամբ եւ երաշխաւորութեամբ, Դուման ազատ կ'արձակուի բանտէն եւ կը մտնէ Թիֆլիսի Արամեան հիւանդանոցը։ Կարճ ժամանակ ետք, կը փոխադրուի թոքախտի դէմ դարմանման Կովկասի առողջարանները՝ Պաքուի մերձակայքը։ Նիկոլ Դումանի հոգեկան վիճակը աւելի կը վատթարանայ, մանաւանդ երբ օրը օրին կը հետեւի բռնկող մեծ պատերազմի լուրերուն։ Տեղեակ էր, որ կուսակցութիւնն ու զէնքի իր ընկերները տենդագին լծուած էին Հայ Կամաւորական Շարժման կազմակերպումին, բայց ինք ուժ չունէր եւ ի վիճակի չէր այլեւս իր ներդրումը բերելու քաղաքական եւ ռազմական այդ բախտորոշ խմորումներու դիմագրաւման պատասխանատու գործին։47 տարեկանին, Նիկոլ Դուման կ'որոշէ իր անձնական ատրճանակով անձնասպան ըլլալ։ [[27 Սեպտեմբեր 1914]]-ին։ին։Թէեւ սեփական փամփուշտը եւս չի կրնար տապալել Գաղափարական հաստաբուն Կաղնին, բայց սրտին փոխարէն թոքերէն խոցուած՝ Նիկոլ Դուման քանի մը օր ետք կ'աւանդէ իր հոգին։
 
Հայ ժողովուրդին կողմէ սիրուած հերոսին մարդաշատ յուղարկաւորութիւնը տեղի կ'ունենայ [[Թիֆլիս]], [[Խոջիվանքի Պանթէոն]]ին մէջ։
Տող 48.
Նիկոլը կը թաղեն Դաշնակցութեան հիմնադիր՝ [[Սիմոն Զաւարեան]]ի կողքին։ [[1930]]-ական թուականներուն Խորհրդային [[Վրաստանի կառավարութիւն]]ը կը քանդէ [[Խոջեվանք|Խոջիվանք]]ը եւ պանթէոնը՝ այնտեղ թաղուած հարիւրաւոր հայ արժանաւոր զաւակներու գերեզմաններուն հետ։
 
=== Նիկոլ Դուման մարդը եւ գաղափարական գործիչը ===
 
== Գրականութիւն ==