«Նիկոլ Դուման» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 32.
 
== Կենսագրութիւն ==
Ծնած է [[1867]]-ին [[Լեռնային Ղարաբաղ]]ի [[Ասկերան շրջան]]ի [[Ղշլաղ գիւղ]]ը։ Աւարտած է [[Շուշիի թեմական դպրոց]]ը ([[1887]])։, Եղածոր էայդ ուսուցիչժամանակաշրջանին [[Հիւսիսայինհայեցի Կովկասիդաստիարակութեան հայկականեւ դպրոցներ]]ուն,ընդհանրապէս [[1894]]ուսման -կարեւորագոյն [[1896]]-ին՝օճախներէն [[Թաւրիզ]]իմէկն եւէր հայ [[Սալմաստ]]իիրականութեան մէջ։ Շուշիի թեմական վարժարանը նաեւ յեղափոխաշունչ հայ երիտասարդութեան կազմաւորման հնոցն վարժարաններուն։էր:
 
Դպրոցական տարիքէն, յեղափոխական գաղափարներով տոգորուած, Նիկոլ աշխոյժ մասնակցութիւն կը բերէ աշակերտական ինքնազարգացման խումբերու կազմութեան եւ աշխատանքին։ Թրքահայոց ազատագրութեան դատին զինուորագրուելու, Երկիր անցնելու եւ կենդանի կռուին նուիրուելու գաղափարը կը համակէ Նիկոլին։
1894-ին Վասպուրականէն յուզիչ լուրեր կը հասնին ջարդերու մասին։ Շուտով Պարսկաստան եւ, աւելի ճիշդը, Սալմաստ կը հասնին ջարդերէն վերապրած գաղթականներ ցնցոտիներով։ Նիկոլ Դուման այդ օրերուն ձգելով ուսուցչութիւնը, ամբողջութեամբ կը նուիրուի հայ ազատագրական շարժումին։ Հոն կը մասնակցի [[1894]] - [[1896]]-ի [[Տերիկի կռիւներ]]ուն։ Պողասքեասանի մարտի ընթացքին կը շահի ԴՈՒՄԱՆ անունը։
 
== Գործունէութիւն ==
[[1895]]-ին խումբով (50 հոգի) կ'անցնի Վան։ [[1896]]-ին Նիկոլի մէջ կը յառաջանայ [[Խանասորի արշաւանք]]ի (1897) կազմակերպումի եւ քրտական մազրիկ ցեղէն վրէժխնդիր ըլլալու գաղափարը։ Արշաւանքին կը մասնակցի որպէս յիսնապետ։ Ապա անցնելով [[Կովկաս]]՝ կ'ապրի [[Պաքու]]։ [[1904]]-ին կը փորձէ խումբով հասնիլ ապստամբ [[Սասուն]]ին օգնութեան, սակայն թուրք-պարսկական սահմանին վրայ՝ [[Ռազի]]ի մօտ կռիւի կը բռնուի քրտական հերոսակախումբերու հետ եւ տեղ չի հասնիր։
 
* 1887-ին ուսումը աւարտելէ ետք, քանի մը տարի քարտուղարական եւ ուսուցչական պաշտօններ կը վարէ Շուշիի թեմական իշխանութեանց մօտ։ Բայց երազը Երկիր անցնիլն էր, որ իրականութիւն կը դառնայ
[[1905]]-[[1906]] թուականներուն հայ-թաթարական ընդհարումներու ժամանակ կը ղեկավարէ Երեւանի եւ Արարատեան դաշտին մէջ գործող հայկական ինքնապաշտպանական ուժերը, հմտօրէն կը կազմակերպէ հայերու ինքնապաշտպանութիւնը։ Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրութեան հարցին մէջ, կողմնակից կը դառնայ կազմակերպուած ապստամբութեան։ [[1909]]-ին կ'անցնի [[Պարսկաստան]]։ [[Եփրեմ Խան]]ի ու [[Քեռի]]ի, [[Արշակ Գաւաֆեան]]ի, հետ կը մասնակցի Իրանական յեղափոխութեան։ Կը ղեկավարէ [[Թաւրիզ]]ի պաշտպանութիւնը։ Այնուհետեւ կը վերադառնայ [[Կովկաս]], ապա [[Արեւմտեան Հայաստան]]: [[1910]]-ին կը մասնակցիէ Բ. համաշխարհային Քոփենհէյկընի քոնկրէսին։
*1891-ին, երբ Նիկոլ կը միանայ նորակազմ Դաշնակցութեան, որուն Պարսկաստանի վրայով Երկիր առաքուած առաջին ծիծեռնակներէն մէկը կը հանդիսանայ։ Թաւրիզի մէջ Նիկոլ կը ցուցաբերէ ե՛ւ մտաւորական իր շնորհները, ե՛ւ ռազմական իր բնատուր տաղանդը, ե՛ւ մանաւանդ կազմակերպական իր կարողութիւնները։ Նիկոլի անձին շուրջ եւ իր ճամբով յեղափոխական գործին նկատմամբ ստեղծուած խանդավառութիւնը այնքան մեծ կ'ըլլայ, որ Նիկոլ կ'ուղարկուի Սալմաստ՝ նաեւ սահմանը անցնողներուն հետ նախապատրաստական նոյն աշխատանքը կատարելու համար։ Այդ շրջանին էր, նաեւ, որ Նիկոլ կարեւոր ներդրում կ'ունենայ Դաշնակցութեան Սալմաստի զինագործարանի կազմակերպման եւ անոր գործունէութեան ղեկավարման մէջ։
 
*Եղած է ուսուցիչ [[Հիւսիսային Կովկասի հայկական դպրոցներ]]ուն, [[1894]] - [[1896]]-ին՝ [[Թաւրիզ]]ի եւ [[Սալմաստ]]ի վարժարաններուն։
Նիկոլ Դուման դէմ կ'արտայայտուի 1906-ի Հ.Յ.Դ Խորհուրդի ընդունած եւ Հ.Յ.Դ Դ.ընդհանուր ժողովի վաւերացումը ստացած «Կովկասեան նախագիծին»։ Ան համաձայն չէր որ հայերը տարուէին համառուսական հովերով։ Ան դէմ կ'արտայայտուի նաեւ Առաջին համաշխարհային պատերազմի սկիզբը հայկական կամաւորական գունդերու ստեղծումի գաղափարին։
 
1895-ի աշնան, երկիր մուտքի Նիկոլի երազանքը կ'իրականանայ հազիւ, երբ աւելի քան յիսուն հոգինոց խումբով անցաւ սահմանը եւ հասաւ Վան։ Խումբը մեծ ու փոքր ընդհարումներ ունեցաւ ճամբու ամբողջ տեւողութեան, իսկ Նիկոլ ցոյց տուաւ կռուի դաշտին վրայ քաջ ու խիզախ մարտիկի իր բացառիկ ընդունակութիւնը, ինչպէս նաեւ խումբի ղեկավարման զինուորական հրամանատարի բնածին տաղանդը։ Իր քաջագործութիւնները ուղղակի առասպելական ազդեցութիւն կը գործեն քիւրտերուն եւ թուրքերուն վրայ, որոնք «դուման» (փոթորիկ) կը կոչեն զինք։
 
Վանի եւ յատկապէս գաւառի մէջ կազմակերպական աշխատանքներ կատարելէ ետք, Նիկոլ Դուման Մայիս 1896-ին կը վերադառնայ Սալմաստ. ճանապարհին դարձեալ ընդհարումներ կ'ունենայ, բայց բոլոր կռիւներէն ալ յաղթական դուրս կու գայ՝ դաշնակցական ֆետայիի հերոսական քաջութեան եւ անպարտելիութեան հռչակին արժանանալով։ Այդ կռիւներու շարքին լայն արձագանգ կը գտնէ Դերիկի վանքին կռիւը։ խումբով (50 հոգի) կ'անցնի Վան։
*Դուման նոր վերադարձած էր Սալմաստ, երբ ռուս–թրքական սահմանին վրայ տեղի կ'ունենայ Վանէն հեռացող հարիւրաւոր հայ երիտասարդներու՝ [[Պետօ|Պետոյ]]ի, Մարտիկի եւ Աւետիսեանի խումբերուն կոտորածը Շարաֆ բէկի Մազրիկ ցեղախումբի ձեռամբ։ Դուման կը յղանայ մեծ արշաւախումբով մը սահմանը կտրելու, [[Մազրիկ ցեղ |Մազրիկ]] ցեղը պատժելու եւ ընդհանրապէս Երկրի հայութեան կորովը վերականգնելու գաղափարը։ Անոր մէջ կը յառաջանայ [[Խանասորի արշաւանք]]ի (1897) կազմակերպումին գաղափարը: Հակառակ տարբեր շրջաններէ հնչած առարկութիւններուն, Նիկոլ Դուման ամբողջ ամիսներ հետեւողական ճիգ կը թափէ, որպէսզի իր առաջարկին շուրջ համախոհութիւն առաջացնէ։ Ի վերջոյ Դաշնակցութեան բարձրագոյն ժողովներուն եւ մարմիններուն կողմէ կը ստանայ անհրաժեշտ համաձայնութիւնը եւ 1897-ի գարնան կը ձեռնարկէ Խանասորի արշաւանքի կազմակերպումին ընդդէմ քրտական մազրիկ ցեղին։
 
*1904-ին կը փորձէ խումբով հասնիլ ապստամբ Սասունին օգնութեան, սակայն թուրք-պարսկական սահմանին վրայ՝ [[Ռազի]]ի մօտ կռիւի կը բռնուի քրտական հերոսակախումբերու հետ եւ տեղ չի հասնիր։
 
*Նիկոլ Կ'անցՆԻ Պաքու, ուր հիմնական դերակատարութիւն Կ'ունեայ թէ՛ [[Քրիստափոր Միքայէլեան|Քրիստափոր]]ի կողքին «Փոթորիկ»ի կազմակերպման, թէ՛ 1905-ի հայ–թաթարական ընդհարումներու ժամանակ Կովկասի հայութեան ինքնապաշտպանութեան կազմակերպման աշխատանքներուն մէջ։ Երկաթեայ խստութեան տէր ռազմիկի Դումանի հռչակը այդ կռիւներուն կը տարածուի Կովկասով մէկ, երբ ի գործ կը դնէ «ակն ընդ ական»ի մարտավարութիւնը՝ պատահական կամ անզէն հայու մը թաթարներու կողմէ սպանութեան հակադարձելով մէկէ աւելի թաթարներու սպանութեամբ…
Ցարական հրահրումով բռնկած եւ թաթարներու կրօնամոլական հայատեացութեամբ ծաւալած ազգամիջեան այդ արիւնալի ընդհարումներէն կը ներշնչուի Դումանի գրած «Ուղեցոյց ժողովրդային ինքնապաշտպանութեան» գրքոյկը, որ գաղափարական իր հիմքով եւ ռազմավարական իր արեւելումով՝ դասական մեծ ներդրում մը կը մնայ հայ ռազմավարական մտքի գանձարանին մէջ։
 
*1906-ին կը ղեկավարէ [[Երեւան]]ի եւ [[Արարատեան Դաշտ|Արարատեան դաշտ]]ին մէջ գործող հայկական ինքնապաշտպանական ուժերը, հմտօրէն կը կազմակերպէ հայերու ինքնապաշտպանութիւնը։ [[Արեւմտեան Հայաստան]]ի ազատագրութեան հարցին մէջ, կողմնակից կը դառնայ կազմակերպուած ապստամբութեան։
Նիկոլ Դուման դէմ կ'արտայայտուի 1906-ի Հ.Յ.Դ Խորհուրդի ընդունած եւ Հ.Յ.Դ Դ.ընդհանուր ժողովի վաւերացումը ստացած «Կովկասեան նախագիծին»։ Ան համաձայն չէր որ հայերը տարուէին համառուսական հովերով։ Ան դէմ կ'արտայայտուի նաեւ ԱռաջինԱ. համաշխարհային պատերազմի սկիզբը հայկական կամաւորական գունդերու ստեղծումի գաղափարին։
 
*1909-ին ծայր կ'առնէ ցարական հալածանքը Դաշնակցութեան դէմ, Դումանի կը յանձնարարուի հեռանալ Կովկասէն։ Կ'անցնի [[Կ.Պոլիս (արեւմտահայերէն)|Պոլիս]], հոնկէ՝ [[Եգիպտոս (արեւմտահայերէն)|Եգիպտոս]], ապա՝ [[Պուլկարիա]]։
 
*1910-ին, [[Միքայէլ Վարանդեան]]ի հետ Դաշնակցութիւնը կը ներկայացնէ Ընկերվար Միջազգայնականի Քոփենհակընի Համագումարին, որու ընթացքին ռուս յեղափոխականներու հետ լայն բանակցութիւններ կ'ունենայ՝ հակացարական շարժումներուն միջեւ ուժերու համակարգում ստեղծելու առաջադրանքով։
 
*1911-ին կը վերադառնայ Երկիր կը գտնուի [[Տրապիզոն (արեւմտահայերէն)|Տրապիզոն]], [[Կարին (արեւմտահայերէն)|Կարին]] ու Վան, ուր մտադիր էր նուիրուելու կազմակերպական գործունէութեան։ Բայց Վանի ռուս հիւպատոսը, թուրք կուսակալին համոզելով, Դումանը հեռացնել կու տայ Վանէն։
 
Դուման կ'անցնի [[Պարսկաստան (արեւմտահայերէն)|Պարսկաստան]] եւ կը հաստատուի [[Թաւրիզ]], ուր [[Ռոստոմ (արեւմտահայերէն)|Ռոստոմ]]ի յանձնարարութեամբ ամբողջապէս կը նուիրուի Սահմանադրական շարժման պաշտպանութեան՝ սահմանադրական ուժերուն եւ դաշնակցական մարտիկներուն հետ ղեկավարելով քաղաքի ինքնապաշտպանութեան կռիւները միապետական զօրքերու յարձակման դէմ։
 
== Առողջական վիճակ եւ մահ ==
Դումանի առողջական վիճակը կը սկսի վատթարանալ։ Կեղծ անցագիրով կ՚անցնի [[Թիֆլիս (արեւմտահայերէն)|Թիֆլիս]], ուր կուսակցութեան ճնշումով կը մտնէ հիւանդանոց՝ յառաջացած թոքախտը դարմանելու համար։ Այդ պայմաններուն մէջ անգամ ցարական իշխանութիւնները, դատական քննիչ Լըժինի հրահանգով, հիւանդանոցէն կը ձերբակալեն եւ Մետեխի բանտը կը նետեն զինք՝ Մայիս 1914-ին։ Բժիշկներու միջամտութեամբ եւ երաշխաւորութեամբ, Դուման ազատ կ'արձակուի բանտէն եւ կը մտնէ Թիֆլիսի Արամեան հիւանդանոցը։ Կարճ ժամանակ ետք, կը փոխադրուի թոքախտի դէմ դարմանման Կովկասի առողջարանները՝ Պաքուի մերձակայքը։ Նիկոլ Դումանի հոգեկան վիճակը աւելի կը վատթարանայ, մանաւանդ երբ օրը օրին կը հետեւի բռնկող մեծ պատերազմի լուրերուն։ Տեղեակ էր, որ կուսակցութիւնն ու զէնքի իր ընկերները տենդագին լծուած էին Հայ Կամաւորական Շարժման կազմակերպումին, բայց ինք ուժ չունէր եւ ի վիճակի չէր այլեւս իր ներդրումը բերելու քաղաքական եւ ռազմական այդ բախտորոշ խմորումներու դիմագրաւման պատասխանատու գործին։47 տարեկանին, Նիկոլ Դուման կ'որոշէ իր անձնական ատրճանակով անձնասպան ըլլալ։ [[27 Սեպտեմբեր 1914]]-ին։Թէեւ սեփական փամփուշտը եւս չի կրնար տապալել Գաղափարական հաստաբուն Կաղնին, բայց սրտին փոխարէն թոքերէն խոցուած՝ Նիկոլ Դուման քանի մը օր ետք կ'աւանդէ իր հոգին։
 
Հայ ժողովուրդին կողմէ սիրուած հերոսին մարդաշատ յուղարկաւորութիւնը տեղի կ'ունենայ [[Թիֆլիս]], [[Խոջիվանքի Պանթէոն]]ին մէջ։
 
Նիկոլը կը թաղեն Դաշնակցութեան հիմնադիր՝ [[Սիմոն Զաւարեան]]ի կողքին։
[[1930]]-ական թուականներուն Խորհրդային [[Վրաստանի կառավարութիւն]]ը կը քանդէ [[Խոջեվանք|Խոջիվանք]]ը եւ պանթէոնը՝ այնտեղ թաղուած հարիւրաւոր հայ արժանաւոր զաւակներու գերեզմաններուն հետ։
 
=== Նիկոլ Դուման մարդը եւ գաղափարական գործիչը ===
Դուման հանդիսացաւ հայ ֆետայիին եւ յեղափոխական մարտիկին մէջ դաշնակցական խղճմտութեամբ ապրելու, մտածելու եւ գործելու արժէքները սերմանող բարոյական ռահվիրան։ Թշնամիին դէմ անխնայ գտնուելու, բայց «կանանց երբեք ձեռք չտալու» վեհոգութիւնը սորվեցուց՝ Խանասորի արշաւանքին ձօնուած ժողովրդական երգի բառերով։
 
Ազգերու միջեւ հրահրուած թշնամանքին եւ հակամարտութեանց դէմ կանգնեցաւ ամբողջ ուժով, ազգամիջեան խաղաղութեան եւ համերաշխութեան անվհատ դրօշակիրը մնաց, բայց երբեք մտահան չըրաւ նաեւ կեանքի դաժան իրականութիւնը եւ շարունակ պատգամեց, թէ «ինչ էլ լինի, թէ՛ թշնամուն եւ թէ բարեկամին յարգանք ու պատկառանք ներշնչողը, դժբախտաբար, դեռ կոպիտ ուժն է։ Եւ մի ազգ – եթէ ուզում է մնալ յարգուած, եթէ չի ուզում կորչել – պէտք է լինի զէնքի ընդունակ, միշտ պէտք է լինի կազմ ու պատրաստ ինքնապաշտպանութեան համար, մանաւանդ քաղաքական ցնցումների վայրկեաններում»։
 
Բնաւ չհանդուրժեց նիւթական, կենցաղային կամ ընկերային սայթաքումները, մեծ թէ փոքր, յեղափոխականի կոչման անարժան այն գործիչներուն, մանաւանդ մարտական հերոսի պատմուճան հագած պատեհապաշտներուն, որոնք իրենց վստահուած պարտականութիւններն ու գործերը փորձեցին ծառայեցնել իրենց գձուձ եսի շահախնդրութեանց…Նմաններու դէմ էր Դումանի կատաղի պոռթկումը Մարտ 1893-ին Ռոստոմի ուղղուած իր մէկ նամակին մէջ, ուր հետեւեալ ամօթանքը կը խարանէր անոնց ճակտին. «մեզ, որպէս ժառանգութիւն, մնացել է նրանցից …մանէթ պարտ եւ բարոյական անկում, որ այժմ փարատել ենք տքնում։ Խօմ սուտ չէ, որ ասում են՝ Հարք կերան զազոխ եւ որդւոց ատամունք առան»։
 
Բարոյական հսկայ էր Արցախի Խաչէն գաւառի Ղշլաղ գիւղի ծնունդ Տէր–Յովհաննիսեան քահանայի որդի Նիկողայոսը։
=== Նիկոլ Դուման մարդը եւ գաղափարական գործիչը ===
 
== Գրականութիւն ==