«Նիկոլ Դուման» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 38.
== Գործունէութիւն ==
 
* 1887-ին ուսումը աւարտելէ ետք, քանի մը տարի քարտուղարական եւ ուսուցչական պաշտօններ կը վարէ Շուշիի թեմական իշխանութեանց մօտ։ Բայց երազը Երկիր անցնիլն էր, որ իրականութիւն կը դառնայ:
*1891-ին, երբ Նիկոլ կը միանայ նորակազմ Դաշնակցութեան, որուն Պարսկաստանի վրայով Երկիր առաքուած առաջին ծիծեռնակներէն մէկը կը հանդիսանայ։ Թաւրիզի մէջ Նիկոլ կը ցուցաբերէ ե՛ւ մտաւորական իր շնորհները, ե՛ւ ռազմական իր բնատուր տաղանդը, ե՛ւ մանաւանդ կազմակերպական իր կարողութիւնները։ Նիկոլի անձին շուրջ եւ իր ճամբով յեղափոխական գործին նկատմամբ ստեղծուած խանդավառութիւնը այնքան մեծ կ'ըլլայ, որ Նիկոլ կ'ուղարկուի Սալմաստ՝ նաեւ սահմանը անցնողներուն հետ նախապատրաստական նոյն աշխատանքը կատարելու համար։ Այդ շրջանին էր, նաեւ, որ Նիկոլ կարեւոր ներդրում կ'ունենայ Դաշնակցութեան Սալմաստի զինագործարանի կազմակերպման եւ անոր գործունէութեան ղեկավարման մէջ։
 
*Եղած է ուսուցիչ [[Հիւսիսային Կովկասի հայկական դպրոցներ]]ուն, [[1894]] - [[1896]]-ին՝ [[Թաւրիզ]]ի եւ [[Սալմաստ]]ի վարժարաններուն։
 
1895-ի աշնան, երկիր մուտքի Նիկոլի երազանքը կ'իրականանայ հազիւ, երբ աւելի քան յիսուն հոգինոց խումբով անցաւկ'անցնի սահմանը եւ հասաւկը հասնի Վան։ Խումբը մեծ ու փոքր ընդհարումներ ունեցաւկ'ունենայ ճամբու ամբողջ տեւողութեան, իսկ Նիկոլ ցոյց տուաւ կռուի դաշտին վրայ քաջ ու խիզախ մարտիկի իր բացառիկ ընդունակութիւնը ցոյց կու տայ, ինչպէս նաեւ խումբի ղեկավարման զինուորական հրամանատարի բնածին տաղանդը։ Իր քաջագործութիւնները ուղղակի առասպելական ազդեցութիւն կը գործեն քիւրտերուն եւ թուրքերուն վրայ, որոնք «դուման» (փոթորիկ) կը կոչեն զինք։
 
Վանի եւ յատկապէս գաւառի մէջ կազմակերպական աշխատանքներ կատարելէ ետք, Նիկոլ Դուման Մայիս 1896-ին կը վերադառնայ Սալմաստ. ճանապարհին դարձեալ ընդհարումներ կ'ունենայ, բայց բոլոր կռիւներէն ալ յաղթական դուրս կու գայ՝ դաշնակցական ֆետայիի հերոսական քաջութեան եւ անպարտելիութեան հռչակին արժանանալով։ Այդ կռիւներու շարքին լայն արձագանգ կը գտնէ Դերիկի վանքին կռիւը։ խումբով (50 հոգի) կ'անցնի Վան։
*Դուման նոր վերադարձած էր Սալմաստ, երբ ռուս–թրքական սահմանին վրայ տեղի կ'ունենայ Վանէն հեռացող հարիւրաւոր հայ երիտասարդներու՝ [[Պետօ|Պետոյ]]իՊետոյի, Մարտիկի եւ Աւետիսեանի խումբերուն կոտորածը Շարաֆ բէկի Մազրիկ ցեղախումբի ձեռամբ։ Դուման կը յղանայ մեծ արշաւախումբով մը սահմանը կտրելու, [[Մազրիկ ցեղ |Մազրիկ]] ցեղը պատժելու եւ ընդհանրապէս Երկրի հայութեան կորովը վերականգնելու գաղափարը։ Անոր մէջ կը յառաջանայ [[Խանասորի արշաւանք]]ի (1897) կազմակերպումին գաղափարը: Հակառակ տարբեր շրջաններէ հնչած առարկութիւններուն, Նիկոլ Դուման ամբողջ ամիսներ հետեւողական ճիգ կը թափէ, որպէսզի իր առաջարկին շուրջ համախոհութիւն առաջացնէ։ Ի վերջոյ Դաշնակցութեան բարձրագոյն ժողովներուն եւ մարմիններուն կողմէ կը ստանայ անհրաժեշտ համաձայնութիւնը եւ 1897-ի գարնան կը ձեռնարկէ Խանասորի արշաւանքի կազմակերպումին ընդդէմ քրտական մազրիկ ցեղին։
 
*1904-ին կը փորձէ խումբով հասնիլ ապստամբ Սասունին օգնութեան, սակայն թուրք-պարսկական սահմանին վրայ՝ [[Ռազի]]ի մօտ կռիւի կը բռնուի քրտական հերոսակախումբերու հետ եւ տեղ չի հասնիր։
 
*Նիկոլ Կկ'անցՆԻանցնի Պաքու, ուր հիմնական դերակատարութիւն Կկ'ունեայ թէ՛ [[Քրիստափոր Միքայէլեան|Քրիստափոր]]ի կողքին «Փոթորիկ»ի կազմակերպման, թէ՛ 1905-ի հայ–թաթարական ընդհարումներու ժամանակ Կովկասի հայութեան ինքնապաշտպանութեան կազմակերպման աշխատանքներուն մէջ։ Երկաթեայ խստութեան տէր ռազմիկի Դումանի հռչակը այդ կռիւներուն կը տարածուի Կովկասով մէկ, երբ ի գործ կը դնէ «ակն ընդ ական»ի մարտավարութիւնը՝ պատահական կամ անզէն հայու մը թաթարներու կողմէ սպանութեան հակադարձելով մէկէ աւելի թաթարներու սպանութեամբ…
Ցարական հրահրումով բռնկած եւ թաթարներու կրօնամոլական հայատեացութեամբ ծաւալած ազգամիջեան այդ արիւնալի ընդհարումներէն կը ներշնչուի Դումանի գրած «Ուղեցոյց ժողովրդային ինքնապաշտպանութեան» գրքոյկը, որ գաղափարական իր հիմքով եւ ռազմավարական իր արեւելումով՝ դասական մեծ ներդրում մը կը մնայ հայ ռազմավարական մտքի գանձարանին մէջ։