«Նիկոլ Դուման» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 81.
Բարոյական հսկայ էր Արցախի Խաչէն գաւառի Ղշլաղ գիւղի ծնունդ Տէր–Յովհաննիսեան քահանայի որդի Նիկողայոսը։
 
<nowiki>{{քաղվածք| «Բարձրահասակ, նիհար, ջղուտ ու ոսկրուտ, մէջքը փոքր ինչ կորացած, սեւ, կայծկլտող աչքերով, ուժեղ, խուզարկու նայուածքով. պայծառ միտք, արագ ըմբռնող, ինքնավստահ ու կորովի, յանդուգն եւ ահեղ: Հրամանատար մըն էր – սիրտը` պողպատ, խօսքը` կտրուկ, վճիռը` անդառնալի: Երգեր հիւսեցին քիւրտերը անոր վարած կռիւներուն մասին – փայլուն ճակատամարտներու շարան մը: Նիկոլ Դուման դաժան ու անխնայ էր ամէն կարգի ոսոխներու դէմ, նաեւ` ներքին հակառակորդներու: Խարազանն էր շանթաժիստներու, դասալիքներու, անկարգապահ զինուորներու»…|Միքայէլ Վարանդեան}}</nowiki>
 
{{քաղվածք|Դումանի առասպելական հռչակին եւ հերոսական մեծութեան գաղտնիքը պէտք է փնտռել անոր ղարաբաղցի լեռնականի պողպատէ կամքին մէջ, որ անդաւաճան ընկերը եղաւ Դումանի յեղափոխական կեանքին:|Ռուբէն}}
 
Պողպատեայ կամքի տէր էր Դուման: Յեղափոխականի իր առաջին քայլերէն սկսեալ, իբրեւ Թաւրիզի մէջ հազիւ 24 տարեկան դաշնակցական ուսուցիչ-գործիչ, ան դրսեւորած է թէ՛ գաղափարական-կազմակերպական, թէ՛ մարտական-ռազմական երկաթեայ կարգապահութիւն:
 
Հետագայ իր ամբողջ գործունէութեան ընթացքին ան մարմնաւորած է հայոց ռազմական ղեկավարի պողպատեայ կամքը` սահմանը անցնող ֆետայական խումբերու կազմակերպումէն մինչեւ Վասպուրականի մէջ դաշնակցական կազմակերպութեան ստեղծումը, Խանասորի արշաւանքին մտայղացումէն, ծրագրումէն ու կազմակերպումէն մինչեւ 1905-ի հայ-թաթարական ընդհարումներուն ռազմական ղեկավարումը, իսկ այնուհետեւ` Պարսկական սահմանադրական շարժումին իր ղեկավար մասնակցութիւնը Ռոստոմի կողքին:
 
Գերազանցապէս Դաշնակցական էր ան` բառին յեղափոխական կամքեր համատեղելու եւ ներդաշնակելու, խստակեաց ու խստապահանջ իր վարքով երկաթեայ կուռ կարգապահութիւն կերտելու առումով:
 
Իր գործով ու նկարագիրով` ան ազգային արժէքի վերածած է հայու Դաշնակցական կերպարը: Իբրեւ այդպիսին` միայն Դաշնակցութեան չի պատկանիր ան, այլեւ` կ'արժանանայ հայ ժողովուրդի բոլոր հատուածներուն ու հոսանքներուն անվերապահ գնահատանքին ու պաշտամունքին:
 
== Գրականութիւն ==