«Նիկոլ Դուման» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 58.
*1909-ին ծայր կ'առնէ ցարական հալածանքը Դաշնակցութեան դէմ, Դումանի կը յանձնարարուի հեռանալ Կովկասէն։ Կ'անցնի [[Կ.Պոլիս (արեւմտահայերէն)|Պոլիս]], հոնկէ՝ [[Եգիպտոս (արեւմտահայերէն)|Եգիպտոս]], ապա՝ [[Պուլկարիա]]։
 
*1910-ին, [[Միքայէլ Վարանդեան]]ի հետ Դաշնակցութիւնը կը ներկայացնէ Ընկերվար Միջազգայնականի Քոփենհակընի Համագումարին, որու ընթացքին ռուս յեղափոխականներու հետ լայն բանակցութիւններ կ'ունենայ՝ հակացարական շարժումներուն միջեւ ուժերու համակարգումհամակարգ ստեղծելու առաջադրանքով։
 
*1911-ին կը վերադառնայ Երկիր, կը գտնուի [[Տրապիզոն (արեւմտահայերէն)|Տրապիզոն]], [[Կարին (արեւմտահայերէն)|Կարին]] ու Վան, ուր մտադիր էր նուիրուելու կազմակերպական գործունէութեան։ Բայց Վանի ռուս հիւպատոսը, թուրք կուսակալին համոզելով, Դումանը հեռացնել կու տայ Վանէն։
 
Դուման կ'անցնի [[Պարսկաստան (արեւմտահայերէն)|Պարսկաստան]] եւ կը հաստատուի [[Թաւրիզ]], ուր [[Ռոստոմ (արեւմտահայերէն)|Ռոստոմ]]ի յանձնարարութեամբ ամբողջապէս կը նուիրուի Սահմանադրական շարժման պաշտպանութեան՝ սահմանադրական ուժերուն եւ դաշնակցական մարտիկներուն հետ ղեկավարելով քաղաքի ինքնապաշտպանութեան կռիւները միապետական զօրքերու յարձակման դէմ։
 
== Առողջական վիճակ եւ մահ ==
Դումանի առողջական վիճակը կը սկսի վատթարանալ։ Կեղծ անցագիրով կ՚անցնի [[Թիֆլիս (արեւմտահայերէն)|Թիֆլիս]], ուր կուսակցութեան ճնշումով կը մտնէ հիւանդանոց՝ յառաջացած թոքախտը դարմանելու համար։ Այդ պայմաններուն մէջ անգամ ցարական իշխանութիւնները, դատական քննիչ Լըժինի հրահանգով, հիւանդանոցէն կը ձերբակալեն եւ Մետեխի բանտը կը նետեն զինք՝ Մայիս 1914-ին։ Բժիշկներու միջամտութեամբ եւ երաշխաւորութեամբ, Դուման ազատ կ'արձակուի բանտէն եւ կը մտնէ Թիֆլիսի Արամեան հիւանդանոցը։ Կարճ ժամանակ ետք, կը փոխադրուի թոքախտի դէմ դարմանման Կովկասի առողջարանները՝ Պաքուի մերձակայքը։ Նիկոլ Դումանի հոգեկան վիճակը աւելի կը վատթարանայ, մանաւանդ երբ օրը օրին կը հետեւի բռնկող մեծ պատերազմի լուրերուն։ Տեղեակ էր, որ կուսակցութիւնն ու զէնքի իր ընկերները տենդագին լծուած էին Հայ Կամաւորական Շարժման կազմակերպումին, բայց ինք ուժ չունէր եւ ի վիճակի չէր այլեւս իր ներդրումը բերելու քաղաքական եւ ռազմական այդ բախտորոշ խմորումներու դիմագրաւման պատասխանատու գործին։47գործին։ 47 տարեկանին, Նիկոլ Դուման կ'որոշէ իր անձնական ատրճանակով անձնասպան ըլլալ։ [[27 Սեպտեմբեր 1914]]-ին։Թէեւ սեփական փամփուշտը եւս չի կրնար տապալել Գաղափարական հաստաբուն Կաղնին, բայց սրտին փոխարէն թոքերէն խոցուած՝ Նիկոլ Դուման քանի մը օր ետք կ'աւանդէ իր հոգին։
 
Հայ ժողովուրդին կողմէ սիրուած հերոսին մարդաշատ յուղարկաւորութիւնը տեղի կ'ունենայ [[Թիֆլիս]], [[Խոջիվանքի Պանթէոն]]ին մէջ։
Տող 73.
 
== Նիկոլ Դուման մարդը եւ գաղափարական գործիչը ==
Դուման հանդիսացաւ հայ ֆետայիին եւ յեղափոխական մարտիկին մէջ դաշնակցական խղճմտութեամբ ապրելու, մտածելու եւ գործելու արժէքները սերմանող բարոյական ռահվիրան։ռահվիրան կը հանդիսանայ։ Թշնամիին դէմ անխնայ գտնուելու, բայց «կանանց երբեք ձեռք չտալու» վեհոգութիւնը սորվեցուց՝կը սորվեցնէ՝ Խանասորի արշաւանքին ձօնուած ժողովրդական երգի բառերով։
 
Ազգերու միջեւ հրահրուած թշնամանքին եւ հակամարտութեանց դէմ կանգնեցաւկը կանգնի ամբողջ ուժով, ազգամիջեան խաղաղութեան եւ համերաշխութեան անվհատ դրօշակիրը մնացկը մնայ, բայց երբեք մտահան չըրաւչ'ըներ նաեւ կեանքի դաժան իրականութիւնը եւ շարունակ պատգամեցկը պատգամէ, թէ «ինչ էլ լինի, թէ՛ թշնամուն եւ թէ բարեկամին յարգանք ու պատկառանք ներշնչողը, դժբախտաբար, դեռ կոպիտ ուժն է։ Եւ մի ազգ – եթէ ուզում է մնալ յարգուած, եթէ չի ուզում կորչել – պէտք է լինի զէնքի ընդունակ, միշտ պէտք է լինի կազմ ու պատրաստ ինքնապաշտպանութեան համար, մանաւանդ քաղաքական ցնցումների վայրկեաններում»։
 
Բնաւ չհանդուրժեցչէր հանդուրժեր նիւթական, կենցաղային կամ ընկերային սայթաքումները, մեծ թէ փոքր, յեղափոխականի կոչման անարժան այն գործիչներուն, մանաւանդ մարտական հերոսի պատմուճան հագած պատեհապաշտներուն, որոնք իրենց վստահուած պարտականութիւններն ու գործերը փորձեցինկը փորձեն ծառայեցնել իրենց գձուձ եսի շահախնդրութեանց…Նմաններու դէմ էր Դումանի կատաղի պոռթկումը Մարտ 1893-ին Ռոստոմի ուղղուած իր մէկ նամակին մէջ, ուր հետեւեալ ամօթանքը կը խարանէր անոնց ճակտին. «մեզ, որպէս ժառանգութիւն, մնացել է նրանցից …մանէթ պարտ եւ բարոյական անկում, որ այժմ փարատել ենք տքնում։ Խօմ սուտ չէ, որ ասում են՝ Հարք կերան զազոխ եւ որդւոց ատամունք առան»։
 
Բարոյական հսկայ էր Արցախի Խաչէն գաւառի Ղշլաղ գիւղի ծնունդ Տէր–Յովհաննիսեան քահանայի որդի Նիկողայոսը։