«Նիճերիա» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն
Content deleted Content added
Տող 60.
Նիճերիոյ Ժողովրդական ճարտարապետութեան տիպերու բազմազանութիւնը հետեւանք է երկրի տարբեր բնակլիմայական պայմաններու։ Հարաւային, հարաւ-արեւմտեան եւ հարաւ-արեւելային արեւադարձային շրջաններուն մէջ կը գերիշխեն ծղոտով եւ արմաւենիի տերեւներով ծածկուած երկթեք տանիքներով, ուղղանկիւն յատակագիծով, փայտէ, կաւածեփզ կառոյցները։ Իպօ եւ եորուպա ժողովուրդներոպ բնակելի եւ տնտեսական կառոյցները տեղադրուած են ուղղանկիւն բակի պարագիծով։ Կեդրոնական շրջաններուն մէջ հիմնականին տարածուած են ծղոտէ կոնաձեւ տանիքներով, կաւածեփ, բոլորշի կառոյցները, հիւսիսը, տափաստանային եւ կիսանապատային շրջաններուն մէջ՝ հարթ տանիքներով, ուղղանկիւն, կաւածեփ տուները։ 13—15րդ դարերուն զարգացած են քաղաքները՝ հարաւը կանոնաւոր յատակագիծով (Մեծ Պենին), հիւսիսը՝ ճառագայթաձեւ (Քանօ, Զարիա, Քացինա)։ Քաղաքներու տեսքը կտրուկ փոխուած է երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք․ Լակոսի, Իպատանիի, էնուկուի մէջ կառուցուած են բազմայարկ շէնքեր (հիմնականին՝ անգլիացի ճարտարապետներու նախագիծերով, ժամանակակից շինանիւթերով, ուսուցումներով)։ Անկախութեան հռչակումէն ետք ասպարեզ եկած են տեղացի ճարտարապետները (Օ․ Օլումույիւա, Ա․ Աճեմի), լայնօրէն օգտագործուած է ժողովրդական աւանդոյթներով ստեղծուած քանդակային յարդարանքը։ Կերպարուեստի հնագոյն յուշարձանները (թրծակավէ քանդակներ) կը վերաբերին լոկ մշակույթին (ք. ա. մօտ 900—ք. ա. 2րդ դար)։ Զեպպայի եւ Թատայի մէջ յայտնաբերուած են պրոնզէ մարդկային պատկերներ (մ․թ․ սկիզբ)։ 12—17րդ դարերուն զարգացած է Պենին եւ Իֆէ պետութիւններու քանդակագործութիւնը, որ կ'առանձնանայ ձեւերու նուրբ ձեւաւորմամբ, յաճախ զուգորդուած գծանկարչական յստակ, ցայտուն մանրամասներուն։ Հինէն եորուպա, հաուսա, իպօ, իպիպիօ, իճօ, էկոի ժողովուրդներու մօտ կը կենցաղավարէ փայտէ մանրաքանդակը (կենդանիներու, մարդկանց պատկերներ)։ Բազմազան են փայտէ ծիսական դիմակները (այժմ կ'օգտագործուին քառնաւալներու ժամանակ)։ Տարածուած են ժողովրդական գեղարուեստական արհեստները (կը պատրաստեն տարբեր տեսակի աթոռակներ, ապարանջաններ, գործուածքներ, բրուտագործական, ապակիէ եւ կաշիէ անոթներ)։ Անկախութեան հռչակումէն ետք ձեւաւորուած է մասնագիտական կերպարուեստը։ Քանդակագործներ Օ․ Իտահը, Ֆ․ Իտուպորը, Ա․ Ականճին, գեղանկարիչ Ու․ Օկեկեն, գծանկարիչ Ի․ Վանկպոժեն կը յենուին նիճերիական արուեստի աւանդոյթներու վրայ։ Եւրոպական ռէալիստական արուեստի հետեւորդներէն են՝ գեղանկարիչ Ա․ Օնապոլուն, քանդակագործ Բ․ էնւոնւուն։ Նորաձեւութեան ազդեցութիւնը նկատելի է Զ․ Ակոլոյի, Ի․ Կրիլլոյի, Բ․ Օնոպրակփայէի, Ու․ էկոնուի գունանկարներուն մէջ, Բ․ Օսապէի, է․ Օ․ էմոկպայէի քանդակներուն մէջ։ Կը զարգանայ բեմանկարչութիւնը (Դ․ Նուոկօ)։
== Երաժշտութիւն ==
[[Պատկեր:Kwarastatedrummers.jpg|մինի|350px|
== Թատրոն ==
|