«Նշան Պէշիկթաշլեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
→‎Գրական վաստակ: Յօդուածը լեզուական խմբագրութեան ենթարկուած է, ճշդուած են որոշ անուններ (հայերէն անունը Գորֆու է, ոչ թէ Քերքիրա)։
Չ Բոտ: կոսմետիկ փոփոխություններ
Տող 6.
Ծնած է [[Կոստանդնուպոլիս (արեւմտահայերէն)|Կ.Պոլիս]], ուր ստացած է նախակրթութիւն եւ միջնակարգ կրթութիւն ([[Բերա]]յի նախակրթարաններուն մէջ)։ Սկսած է ստեղծագործել պատանի տարիքէն պոլսահայ [[Մամուլ|մամլոյ]] էջերուն՝ քերթուածներ եւ պատմուածքներ հրատարակելով։ Միայն կարճ ժամանակ մը զբաղած է [[հայերէն]]ի ուսուցչութեամբ, որմէ ետք ամբողջ կեանքը նուիրած է գրականութեան։
 
[[1922 թվական]]ին՝ [[Զմիւռնիոյ աղէտ (1922)|Զմիւռնիոյ մեծ աղէտ]]<nowiki/>էն ետք, անցած է [[Յունաստան]], կարճ ժամանակ մը նուիրուած՝ Գորֆուի որբանոցները հաւաքուած հայ մանուկներու հայեցի դաստիարակութեան։ Այնուհետեւ ([[1922 թուական|1922-ին]]ին) վերջնականապէս հաստատուած է [[Փարիզ (արեւմտահայերէն)|Փարիզ]], ուր ամբողջ կէս դար իր աշխոյժ մասնակցութիւնը բերած է արեւմտահայ գրականութեան եւ ընդհանրապէս հոգեմտաւոր ժառանգութեան պահպանման ու զարգացման նուիրական պայքարին։
 
== Գրական վաստակ ==
Գրել սկսած է տասներկու տարեկանին։ Քերթողական իր առաջին խաղերուն մէջ իսկ ի յայտ կու գայ երգիծելու տրամադրութիւնը։ Քնարական գգայուն խառնուածքները առ հասարակ դէպի երգիծելու տրամադրութիւն կը հակին։ Խորունկ թախիծներ եւ տրտմութիւններ, զօրաւոր անհատականութիւններու մէջ կը յանգին ... ժպիտին։
 
Ապրած է գրականութեամբ։ Աշխատակցած է [[Սփիւռքահայեր|սփիւռքահայ]] մեծաթիւ թերթերու՝ «[[Յառաջ|Յառաջ»էն]]»էն ու Պոսթընի «[[Հայրենիք (օրաթերթ)|Հայրենիք»էն]] մինչեւ [[Աթէնք]]ի «Ազատ Օր»ը, [[Պէյրութ]]ի «Ազդակ»ը եւ «[[Սփիւռք (շաբաթաթերթ)|Սփիւռք»ը]], առաւելաբար երգիծաբանական գործերով։
 
[[1927 թուական|1927]]-ին սկսած է հրատարակել։ Յաջորդ երեք տասնամեակներուն, արտադրած է բազմաթիւ հատորներ՝ մեծ մասը երգիծաբանական։ Ունի արձակ՝ քնարերգական երկեր, իսկ չափածոյ՝ [[առակ]]ներ։ Յատուկ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է [[թատրոնի]] հանդէպ։
 
1927-1972-ին Պէշիկթաշլեանի գրական վաստակը կը ներկայանայ բազմալար հետեւեալ ստեղծագործութիւններով.-
Տող 35.
* «Մոմիաներ» (նորագոյն ծաղրանկարներ, 1954)
* «Սադայէլին պոչին տակ ու շուքին» (1954)
* «Թատերական դէմքեր» կոթողական գործը, աւելի քան 1100 մեծադիր էջերով (1969)
* «Հրաշալուր պատմութիւն Հայոց» (1972, հրատարակուած՝ մահէն երկու ամիս ետք)