«Նշան Նորիկեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «Նշան Նորիկեան ծնած է Անկնայ մէջ 1801 թուականին, իր հայրը Ակնայ մեծատուններէն սեղանաւոր մահտեսի հաճ...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

07:29, 23 Օգոստոս 2014-ի տարբերակ

Նշան Նորիկեան ծնած է Անկնայ մէջ 1801 թուականին, իր հայրը Ակնայ մեծատուններէն սեղանաւոր մահտեսի հաճի Նորուկ աղա, կրցեր էր ացեալ դարուն սկիզբը վարժապետներ գտնել՝ Նշանին կարդալ, գրել, հաշուել, եւ թրքերէն սորվեցնելու համար:

Երիդասարդ հասակին Պոլիս եկած է եւ անկէ ճամբորդած է Դամասկոս, Բիրիա, Պէյրութ, Էրզրում, Արշիպեղագոսի կղզիները, Իզմիտ եւ Եգիպտոս եւ այդ առիթվ Նշան աղա շատ բան տեսեր, շատ բան լսեր էր, ուսումնասիրած էր մարդիկը, եւ անոնց բարքերու եւ փոխանակարգի առեւտուրէ սկսելով մինչեւ սեղանաւորութեան տանելու աստիճան զարգացուցէր էր իր նիւթական վիճակը, միւս կողմէ իր առօրեայ յարաբերութիւնները եւ ճամբորդութիւնները կրթեր էին իր ճաշակը եւ մօտաւորպէս զինքը զարգացուցեր էին:

Իբրեւ առաջնակարգ սարաֆ Պօլիս հաստատուելէ ետքն ալ զբաղած էր տասնորդներու (Աշար) յանձնառութիւններով (Իլթիզա) որ ատենօք սրաֆներուն գլխաւոր զբաղմունքն էր:

Հոգեկան բարեմասնութիւններով օժտուած յաջողութեան մէջ խոնարհ եւ բարեկամին հաւատարիմ, մեծին ու փոքրին յարգամատոյց, նախապաշարումներէ զերծ եւ իր դարը կանխած մարդ մըն էր Նշան աղա, ինչպէս կը վկայեն ժամանակակից ծերեր:

Իրեն այցելող բարեկամներու կենաքովը կը հետաքրքրուէր եւ ազգալաբար կուզէր հասկնար իր բարեկամին վիճակը, երբ հասկնաչ թէ անիկայ նիւթական նեղութեան մէջ կը գտնուէր անմիջապէս անոր ապրուստի գործ մը կը գտնէր, ւանձնարարելով իր ո եւ է մէկ բարեկամին:

Աղքատասէր ու բարեսիրտ շաը աղքատներու արցունքը սրբած էր եւ երբ ընդհանրապէս սեղանաւորներէ շատեր իրենց պարտպահանձները նեղած են, ինք միշտ ներող եղած է եւ մանաւանդ երբ ան հայրենակից էր փոխանակ թողելու խանին մէջ անկիւնը իր տունը հիւրնկալած է, ամիսներով ու տարիներով կատարեալ քրիստոնեայի մը անշահախրդրութեամբ:

Բաժին մը, օգուտ հանել ուրիշին համար, ազգին համար՝ իր ժամանակէն իր ազդեցութենէն եւ գործունէութենէն այս էր եղածիր հաճոյքը, բարիքը կ՛ընէր բարիքին համար եւ րչկար մէկը որ ամենափոքր վնաս մը կամ զրկանք մը տեսած ըլլար իրմէ:

Ցուցամոլութենէ կը խորչէր եւ մոլեռանդ չըլլալով անխտրական էր, իբր ժամանակին ճէնթլմէն կանուխէն առած էւ sport-ի ճաշակը եւ որքան անվրէպ նշանառու, նոյնքան ալ կտրիճ փիավար մը եղախ էր:

Իշխան-աղայութեան փափաքներ որբէք չէր ունեցած, ժողովներու հոգեբարձոիթիւններու, խնամակալութիւններու միշտ անդակամցած է եւ չէ մերժած ո եւ է ազգային պաշտօն այն համոզմամբ թէ անհատը պէտք է ժառայէ ազգին:

Ազգային դաստիարակութեան գործին շատ համակիր եւ ուսումնասէր ըլլալուն՝ իր բնակած թաղերուն մէջ կրթական խնամակալութեան գլուխ կը դնէին զինքը, այսպէս ըրած էին Սարրաֆ Ճանիկ եւ Մաքսուռ ամիրաները երբ Նշան աղա Խանգիւղէն Օրթագիւղ փոխադրած էր իր բնակութիւնը:

Չէր կրցեր մերժել անոնց առաջարկը եւ իբրեւ Փոխանորդ Մաքսուռ ամիրայի՝ կը նախագահէր խնամակալութեան մը որու անդամ էին նշանակուած նաեւ Ճանըմեան Յովհաննէս, Պապաեան Յովսէփ, Սինանեան Գրիգոր, Նուրեան ԳԳաբրիէլ, Եուսուֆեան Տիգրանիկ եւ այլք:

Սաղմոս, գործոց արեկ, քիչ մ՛ալ Փէշտիմալճեան քերականութիւն դաս կը տրուէր անկէ յառաջ Օրթագիւղի թարգմանչաց վարժարանին մէջ: Նոր խնամակալութիւնը նոր ծրագիրի մը համաձայն կանոնաւոր դասընթացք մը ապահովեց, նոր ուսուցիչներ բերուեցան, որոնցմէ մինՄիրզա Վանանդեցի յատկապէս