«Նշան Նորիկեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «Նշան Նորիկեան ծնած է Անկնայ մէջ 1801 թուականին, իր հայրը Ակնայ մեծատուններէն սեղանաւոր մահտեսի հաճ...»:
 
No edit summary
Տող 1.
'''Նշան Նորիկեան''' ծնած է Անկնայ մէջ [[1801]] թուականին, իր հայրը Ակնայ մեծատուններէն սեղանաւոր մահտեսի հաճի Նորուկ աղա, կրցեր էր ացեալ դարուն սկիզբը վարժապետներ գտնել՝ Նշանին կարդալ, գրել, հաշուել, եւ թրքերէն սորվեցնելու համար:
 
Երիդասարդ հասակին [[Պոլիս]] եկած է եւ անկէ ճամբորդած է [[Դամասկոս]], [[Բիրիա]], [[Պէյրութ]], [[Էրզրում]], Արշիպեղագոսի կղզիները, Իզմիտ[[Իզմիր]] եւ [[Եգիպտոս]] եւ այդ առիթվ Նշան աղա շատ բան տեսեր, շատ բան լսեր էր, ուսումնասիրած էր մարդիկը, եւ անոնց բարքերու եւ փոխանակարգի առեւտուրէ սկսելով մինչեւ սեղանաւորութեան տանելու աստիճան զարգացուցէր էր իր նիւթական վիճակը, միւս կողմէ իր առօրեայ յարաբերութիւնները եւ ճամբորդութիւնները կրթեր էին իր ճաշակը եւ մօտաւորպէս զինքը զարգացուցեր էին:
 
Իբրեւ առաջնակարգ սարաֆ Պօլիս[[Պոլիս]] հաստատուելէ ետքն ալ զբաղած էր տասնորդներու (Աշար) յանձնառութիւններով (Իլթիզա) որ ատենօք սրաֆներուն գլխաւոր զբաղմունքն էր:
 
Հոգեկան բարեմասնութիւններով օժտուած յաջողութեան մէջ խոնարհ եւ բարեկամին հաւատարիմ, մեծին ու փոքրին յարգամատոյց, նախապաշարումներէ զերծ եւ իր դարը կանխած մարդ մըն էր Նշան աղա, ինչպէս կը վկայեն ժամանակակից ծերեր:
Տող 19.
Ազգային դաստիարակութեան գործին շատ համակիր եւ ուսումնասէր ըլլալուն՝ իր բնակած թաղերուն մէջ կրթական խնամակալութեան գլուխ կը դնէին զինքը, այսպէս ըրած էին Սարրաֆ Ճանիկ եւ Մաքսուռ ամիրաները երբ Նշան աղա Խանգիւղէն Օրթագիւղ փոխադրած էր իր բնակութիւնը:
 
Չէր կրցեր մերժել անոնց առաջարկը եւ իբրեւ Փոխանորդ Մաքսուռ ամիրայի՝ կը նախագահէր խնամակալութեան մը որու անդամ էին նշանակուած նաեւ [[Ճանըմեան Յովհաննէս]], [[Պապաեան Յովսէփ]], [[Սինանեան Գրիգոր]], [[Նուրեան ԳԳաբրիէլԳաբրիէլ]], [[Եուսուֆեան Տիգրանիկ]] եւ այլք:
 
[[Սաղմոս]], գործոց արեկ, քիչ մ՛ալ Փէշտիմալճեան քերականութիւն դաս կը տրուէր անկէ յառաջ Օրթագիւղի թարգմանչաց վարժարանին մէջ: Նոր խնամակալութիւնը նոր ծրագիրի մը համաձայն կանոնաւոր դասընթացք մը ապահովեց, նոր ուսուցիչներ բերուեցան, որոնցմէ մինՄիրզամին Միրզա Վանանդեցի յատկապէս Իզմիրէն կանչուեցաւ իբրեւ տնօրէն եւ ուսուցիչ:
 
Օրթագիւղի թարգմանցար վարժարանի այդ շրջնը ([[1857]]-[[1859]]) փայլուն եղած է բաղդատմամբ անցեալին եւ արդիւնքը շատ գոհացուցիչ եղած է թաղին մանկտւոյն համար, բայց հոգարձութեան ջանքը թաղեցիք ջլատեցին. դժգոհ էին, որով թաղեցիներու պատգամաւորութիւն մը կը ներկայանայ խորհրդարան եւ ծեծի պատժոյն դպրոցին մէջ վերահաստատութիւնը կը պահանջէ:
 
Որովհետեւ Նորիկեան ժողված էր վարժարանին սրահին թաթերըՙ չպուխները եւ ֆալախանը, այդ տանջանքի տգեղ գործիքնրեը ու տարած նետած էր վառած կրակարանին մէջ:
 
-«Մեծ կուզենք ըսեր էին այդ կրթասէր պատգամաւորները, չենք ուզեր որ ծեծը վերցուի մեր դպրոցէն»:
 
Ծեծը վարժարանէն աքսորել, նորութիւն մէր Օրթագիւղի համար, ինչպէս կը յաւակնէր որակել զայն նոյն ատնի եկեղեցւոյն Աւագգերէցը Տէր Գալուստ քահանան, ակնարկելով Նշան տղային որ Խասգիւղէն Օրթագիւղ փոխադրուեկէն ետքն ալ չէր բաժնուած իր բարեկամ Տաներէցէն Տ. Գէորգ Արծրունի քահանայէն որ այն ատենները բրօթէսթան մըն էր նկատուած մլեռանդ դասակարգէն, անոր համար որ իր ծուխերուն կը յանձնարարէր աշխարհաբառ Աւետարան կարդալ:
 
Նշան աղա եւ իր ընկերները ստիպուեցան քաշուիլ վարժարանի խնամակալութենէն եւ վարժարանը ինկաւ իր փայլուն վիճակէն:
 
Նշան Նորիկեան Ատենապետ ընտրուեցաւ Ազգ. Տնտեսական խորհուրդին [[1863]] թուականին, այդ առթիւ էր որ հիւանդանոցի պարբերական նորոգութեանց վերջ դնելու համար ընդարձակ նորոգումի դժուարին գործին ձեռնարկեց եւ կրացաւ գլուխ հանել յաջողութեամբ:
 
Մինչեւ այն ատեն Պէզճեան ամիրայի շինած հիւանդանոցը չէր տեսած նորոգութիւն մը եւ փլշելու վտանգին ենթարկուած էր: Այդ մեծ նորոգութիւնը ազգային ամէնէն մեծ եւ կարեւոր արդիւնաւորութիւնն է եղած 1863- 1864 թուականներուն:
 
Այս մասին նոյն ատենուան հոգեբարձութեան պաշտօնական տեղեկագրէն կը քաղենք:
 
«Ամէն տարի հիւանդանոցի շէնքին նորոգութեան համար մեծ գումարներ ծախք կըլլար եւ դարձեալ միեւնոյն հին ու տձեւ շէնքն էր: Հիմնական նորոգութեան մը հարկը զգալի եղաւ: Այս անհրաժեշտ պէտքը Տնտեսական խորհրդոյ ատենապետ մեծապատիւ Նորիկեան էգէնտին զգալով՝ Հոգեբարձութեանս առաջարոկւթեան վրայ եւ վարչութեան գիտութեամբ ազգասիրաբար յանձնառու եղաւ այս նորոգութեան հոգն իր վրայ առնել եւ գլուխ հանել՝ ազգասէր եւ առատաձեռն ոնձանց կամաւոր նուէրներուն ապաւինելով:
 
Ուրախութեմաբ կը լսենք թէ Մեծ. Նորիկեան Նշան էֆէնտին յաջողեցաւ այս ծանր ու դժուարին գործը գլուխ հանել եւ Ազգին ձեռքը յանձնել գրեթէ նոր կառուցուած հաստատուն շէնք մը, ըստ որում այսօր հիւանդանոցը բոլորովին կերպարանափոխ եղած է ներսով ու դրսով նորոգուած ու ներկուած, պատուհաններն ոմբողջապպէս նորէն շնուած. շէնքին բաժանումներն ու սանդուխներն աւելի կանոնաւորուած, բակերն եւ պարտէզները երկաթէ վանդակներով շրջապատել՝ մաքուր ու զարդարուն, մէկ խօսքով տխուր ու քայքայեալ շէքնի մը տեղ ուր ամէն կողմէն ձիւնն ու անձրեւը ներս կը տեղար հաստատուն վայելուչ եւ զուրաթատեսիլ շէնք մը յաջորդած է, աւելի համաձայն ողջապահիկ կանոնաց, ուստի հոգաբարձութիւնս անհրաժեշտ պարտք կը համարի հրապարակաւ յայտնել իր խորին շնորհայակութիւնը ինչպէս Նորիկեան Նշան Էֆէնտիին, որբ գլուխ տարաւ, նոյնպէս եւ այն ամէն ազգասէր անձանց որունց ձեռնտուութեամբ այս բարեգործութիւնը գլուխ ելաւ»:
 
Ասիկա մեծ յաջողութիւն մ՛էր որու մէջ բաժին ունեցաւ Նորիկեան, գուցէ ինք չը կարենար բոլոր ժրաջանութեամբը յաջողիլ այսպիսի ձեռնարկի մը եթէ Երամեան Գէորգ Պէյի անզուգական տիկնոջ Էպրու հանըմին վեհանձն առատաձեռնութիւնը չըլլար, Տիկին Երամեան իբր խնամակալուհի ազգին որբերուն՝ մեծ գումարներ նուիրելէ զատ յօգուտ հիւանդանոցի հարիւր հազրա դահեկանի մօտ գումար մ՛ալ դրաւ Նշան աղայի տրամադրութեան տակ՝ այն օրէն որ այս վերջինը ձեռէ առաւ տիկինը իր բարեկգործութեամբ եւ ներշնչեց ուրիշներու ալ որոնք փութացին իրենց լուման տալ սոյն բարենպաստ գործին:
 
Խոր ծերութեան չը հասած [[65]] տարեկան հասկաին [[1866]] յուլիս [[20]]-ին մեռաւ եւ իր յուղարկաւորութիւնը Խասգիւղ կատարւեցաւ ուր Ներսէս Վարժապետեան եւ Նար Պէյ սրբազանները իրենց ամէնէ պերճախօս դամբանականները խօսեցան:
 
«Այս գործը միայն բաւական էր իր յիշատակը օրհնութեամբ յաւերժացնելու:» (Մասիս թիւ 754) Փնջիկ իր երրորդ թւոյն մէջ կը գրէ «Նշան աղայի մահը չէ թէ իր բոլոր ազգականաց այլ ընդհանուր ազգիս համար ցաւալի է:»
 
«Անկայ ազգին համար բաւական աշխատած է, ազգային պաշտօններու մէջ գտնուած եւ պարտականութիւնները ամենայն սիրով կատարած է...:»
 
Ժամանակ իր 94 րդ. թիւին մէջ խօսելով Նորիկեանի վրայ ի մէջ այլոց հետեւեակ տողերը կը գրէ: «Այնպիսի ժամանակի մէջ ասանկ գործ մը գլուխ հանելը պարզապէս մեծագործութիւն » համարելով: Ազգը որ ասանկ լեզուագէտ անձնարու պէտք ունի, իրաւունք ունի յիշեալ մեծագործ Նշան աղային մահուանը վրայ տրտմելու:
 
Նշան աղա գրած է փոքրիկ տետրիկ մը «Տեղակագիր Ազգ. Հիւանդանոցի նորոգութեան [[1864]]- [[1865]] տպգր. Մէհէնտիսեան Պօլիս:»
 
Այն ատեններէն ի վեր հիւանդանոցը վերաշինւած է բոլորովին, բայց պատմութիւնը չը հիննար ուզեցինք յիշել այս բարեգործ անձը մեր Յիշատակարանին մէջ՝ արժանի տեսնելով զինքը զետեղել հոս, քանի որ իր ջանքերը եւ ազդեցութիւնները զուտ հանրային եղած են: Իր արժանաւոր զաւակն է Մկտիչ Էֆ. Նորիկեան Գրագէտ եւ Պետական մարդը, նախկին հիւպատոս Ամիրակայի, եւ որ գրական յոդուածներ ալ ունի հրատարակծ 1884- 1886 թուականի Մասիսներու մէջ:
[[Կատեգորիա:Վիքիպեդիա:Արևմտահայերեն հոդվածներ]]
[[Կատեգորիա:1801 ծնունդներ]]
[[Կատեգորիա:1866 մահեր]]
[[Կատեգորիա:Յուլիս 20 մահեր]]