«Նորվեկիա» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 137.
[[Պատկեր:Norge og Sverige 1847 copy.jpg|right|thumb|272x272px|Նորվեկիայի եւ Շուետիայի քարտէսը՝ [[1847]] (քարտէսը՝ Պետեր Անդրէաս Մանչի կողմէն)]]
Նորվեկիայի տարածքին մարդիկ բնակութիւն հաստատած են հաւանաբար մ․թ․ա․ VI հազարամեակէն սկսեալ։ Հետագային, բնիկները խառնուած են գերմանական ցեղերուն, որոնք եկած են Սքանտինաւիոյ հարաւէն մօտ մ․ թ․ ա․ XVII դարուն։ Բնակիչները զբաղվել են որսորդութեամբ ու ձկնորսութեամբ, մ․ թ․ սկզպը ապրած են նահապետական-տոհմատիրական կարգով, որ քայքայուած է [[VIII դար|VIII]]-[[IX դար]]երուն: Հիմնական սոցիալական խաւը կազմած են ազատ համայնականները եւ տոհմացեղային աւագանին, ռազմական առաջնորդները՝ [[կոնաձեւ]]ները, իրենց նշանակութիւնը մեծապէս պահպանած են ժողովրդական ժողովները (թինգի)։ [[IX դար|IX]]-[[XI դար]]երու մեծ չափերու հասած են նորմաններու ([[վիքինկ]]ներու) առեւտրակողոպտչական արշաւանքները դէպի [[Իրլանտա]] եւ այլ երկիրներ։ [[IX դար|IX]]-[[X դար]]երու սահմանագիծին մէջ սկսած է Նորվեկիայի քաղաքական միաւորումը (կոնունգ Հարալդ Գեղեցկածամը իր իշխանութեան ենթարկած է շարք մմը մարզեր եւ ստեղծած է թագաւորութիւն), որ աւարտած է [[XI դար]]ուն Օլաֆ II ([[1016]]-[[1028]]) թագաւորի օրով։ [[X դար]]ու վերջէն սկսած է Նորվեկիայի քրիստոնէացումը։ Ստեղծուած վաղ աւատական պետութեան պայմաններուն մէջ ուժեղացած է շահագործումը, որուն հետեւանքներն էին գիւղացիական ապստամբութիւններն ու ժողովրդական շարժումները, [[XII դար]]ու [[2]]-րդ կեսին, եւ [[XIII դար]]ուն: Նորվեկիայի գիւղացիները յաջողած են անձնապէս ազատ մնալ։ [[1262]]-ին Նորվեկիան իր իշխանութեան տակ առած է Իրլանտան։ [[1319]]-ին կնքուած է Նորվեկիայի անձնական ունիան [[Շուետիա]]յի հետ, [[1380]]-ին՝ Դանիայի, որուն հետեւանքով Նորվեկիան տնտեսապէս եւ քաղաքականապէս ենթարկուած է Դանիային, իսկ [[1397]]-ին կնքուած է [[Կալմարեան ունիա]]ն Դանիայի, Շուետիայի եւ Նորվեկիայի (Իրլանտայի հետ) միջեւ։ [[1536]]-ին Նորվեկիայի մէջ բռնի [[Բարեկարգութիւն|բարեկարգութիւն]] եղած է՝ Լիւթերականութեան ձեւով, որ նպաստած է դանիական տիրապետութեան ամրապնդմանը։ Ուժեղացած է դանիական լուծը եւ նորվեկացիներու բարեկարգութեան շահագործումը, որուն իպրեւ հետեւանք գիւղացիական մեծ ապստամբութիւններ տեղի ունեցած են ([[XV դար]] կէս-[[XVI դար]]ու սկիզբ)։ [[XVII դար|XVII]]-[[XVIII դար]]երուն Նորվեկիան Դանիայի մղած աւերիչ պատերազմներու ներքաշուեցաւ։ Նորվեկական քաղքենիքը, որ սկսած էր ձեւաւորուիլ [[XVII դար]]ու վերջը, կը պայքարէր Դանիայէն Նորվեկիան անջատելու համար։ Դանիան պարտութիւն կրելով Շուետիայէն, [[1814]]-ին անոր հանձնեց Նորվեկիան։ Շուետիան հզօրութեամպ Նորվեկիային պարտադրեց [[շուետա-նորվեկական ունիա]] ([[1814]]-[[1905]])։ Նորվեկական ժողովուրդը պայքար ծաւալեց հանուն անկախութեան։ [[1887]]-ին հիմնադրուեցաւ նորվեկական բանուորական կուսակցութիւնը (ՆԲԿ)։ [[1905]]-[[1907]]-ի ռուսական յեղափոխութեան ազդեցութեամբ, [[Եւրոպա]]յի մէջ բանուորական շարժման աշխուժացումը մէկ կողմէն, կայսերական հակասութիւններու աճը՝ միւս կողմէն, Նորվեկիայի հնարաւորութիւն տուին [[1905]]-ին խզել Շուետիայի հետ ունիան:
 
== Պատմագիտութիւն ==
[[Պատկեր:Historisk museum oslo.jpg|right|thumb|350x350px|
Պատմագիտութեան հիմնարկ Օսլոյի մէջ
]]
[[XII դար]]ու վերջը գրուած է, թէ «Նորվեկական թագաւորներու պատմութիւն» (վանական Թեոդրիկ), «Սագա Սուեռիրու մասին» (հին [[Իրլանտերէն|իրլանտերէն]]), [[XIII դար]]ու սկզբին «Նորվեկիայի պատմութիւն» աշխատութիւնները, աւելի ուշ՝ [[Օլաֆ Սուրբ (արեւնտահայերէն)|Օլաֆ Սուրբ]] թագաւորի մասին աոաջին սակաները, [[XIII դար]]ու վերջը՝ «Քաղուածքներ նորվեկական թագաւորներու մասին սականերէն» անանուն ժամանակագրութիւնը, որ հին նորվեկերէնով Նորվեկիայի պատմութեան առաջին երկն է։ Նորվեկիայի վաղ շրջանի պատմութեան վերաբերեալ շարք մը գործեր գրուած են Իրլանտայի կամ Նորվեկիայի մէջ՝ իրլանտացիներու կողմէն։ [[XVII դար|XVI]]-[[XVIII դար]]էն Դանիայէն Նորվեգիայի քաղաքական լառուածութեան պայմաններուն մէջ նորվեկական պատմագիտութիւնը սերտօրէն կապուած էր դանիականի պատմագիտութեան հետ։ Նոր ժամանակի նորվեկական առաջին մեծ պատմաբանը լուսաւորականութեան ներկայացուցիչ Դ․ Շենինգն էր։ Նորվեկիայի պատմագիտութիւնը զգալիօրէն զարգացած է [[XIX դար]]ուն, երբ հետաքրքրութեան առարկայ դարձած են ազգային հարցերը, երկրի ազգային-ազատագրական խնդիրները եւ այլն։ [[XIX դար]]ու [[1]]-ին կիսուն, մեծ պատմաբաններն էին ազատամիտ-ռոմանթիք ուղղութեան ներկայացուցիչներ Ռ․ Կէյսերը եւ Պ․ Ա․ Մունկը։ [[XIX դար]]ու վերջին-[[XX դար]]ու սկզբին ձեւաւորուած է նոր, դրապաշտ, ազգային-ժողովրդավարական ուղղութիւնը, որուն առաջացումը կապուած է Է․ Սարսի անուան հետ։ Սարսը իտէալական հիմքի վրայ ստեղծուած է Նորվեկիոյ պատմութեան կապուած աշխարհայացք մը, ընդգծած նորվեկիոյ ժողովուրդի պատմական ճակատագիրի բացառիկութիւնը եւ անոր բնորոշ գիւղացիական ժողովրդապետութեան, պատմական ընթացքը դիտած է իբրեւ ներդաշնակ [[Յեղափոխութիւն|յեղափոխութեան]] երեւոյթ։ Սարսի ոգիով կազմուած է «Նորվեկիայի պատմութիւն նորվեկական ժողովուրդի համար» ([[1907]]-[[1917]]) [[13]] հատորանոց աշխատութիւնը (բացի Է․ Սարսէն, հեղինակներ են Ս․ Բուգգէն, է․ Հերցբերգը եւ ուրիշներ)։ Պատմութեան խուզարկութեան ձեւերու կատարելագործումը, նոր նիւթերու կուտակումը, հասարակական-տնտեսական խնդիրներու առաջին ծրագիրի քաշուիլը ([[1905]]-ին շուետա-նորվեկական ունիայի կազմալուծումէն ետք)՝ [[XX դար]]ու [[10]]-[[20]]-ական թուականներուն նպաստեցին Նորվեկիայի պատմութեան շարք մը կարեւոր հարցերու վերաբերեալ հին տեսակէտներու վերանայմանը։ Այդ գործին մէջ էական դեր խաղցան սոցիալ-դեմոկրատ պատմաբաններ Հ․ Կուտը եւ Է․ Բուլը, որոնք զգալիօրէն մարքսիզմի ազդեցութիւնը կը կրէին։ Անոնք հանդէս եկան Նորվեկիայի բացառիկութեան տեսակէտի դէմ եւ ցոյց տուին անոր պատմական զարգացման նմանութիւնը համաեւրոպականին, փորձելով դասակարգային պայքարի սկզբունքէն նոր հարցեր մեկնաբանել։ Նոր տեսակէտներու ազդեցութեամբ «Նորվեկական ժողովուրդի կեանքը եւ պատմութիւնը դարերու ընթացքին» ([[1930]]-[[1938]]) ընդարձակ աշխատութիւնը (Է․ Բուլ, Ս․ Ստեն եւ ուրիշներ) կազմուեցաւ։ [[Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմ|Երկրորդ համաշխարհային պատերազմ]]ի եւ ետպատերազմեան տարիներուն ազգայնական միտումնեուի աշխուժացում նկատուեցաւ, հետաքրքրութիւնը թուլացաւ հասարակական-տնտեսական պատմութեան եւ դասակարգային պայքարի նկատմամբ։ Մեծ տեղ գրաւեց երկրորդ համաշխարհային պատերազմի պատմութեան եւ ժամանակակից արտաքին քաղաքականութեան ակունքներու ուսումնասիրութիւնը (Մ․ Սկոդվին, Ն․ Էրվիկ եւ ուրիշներ)։ [[1962]]-էն սկսած է լոյս տեսնել նորվեկական պատմաբաններու նոր հաւաքական աշխատանքը «Մեր ժողովուրդի պատմութիւնը»: [[XX դար]]ու նորվեկիոյ պատմաբանները զգալի աւանդ ներդրած են նաեւ համաշխարհային պատմութեան մշակման մէջ, մասնաւորապէս՝ տարբեր ժողովուրդներու մշակութային զարգացման համեմատական ուսումնասիրութեան եւ ազգագրութեան, երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք [[Միջազգային Յարաբրեութիւններ|միջազգային յարաբերութիւններ]]ի պատմութեան, [[Ֆրանսական Մեծ Յեղափոխութիւն|Ֆրանսական մեծ յեղափոխութեան]] շրջանին զանգուածային շարժումներու ուսումնասիրութեան մէջ։ Պատմութեան հարցերը լուսաբանող հիմնական հրատարակութիւնն է «Historisk Tidsskrift-ը ([[1870]]-էն)։
 
== Աշխարհագրութիւն ==
[[Կաղապար:Նորվեկիոյ Աշխարհագրութիւն]]
[[Պատկեր:Norgeskart.png|մինի|ձախից|Նորվեկիան քարտէսի վրայ]]
Տարածքը 385,2 հզ. քմ² է, հարաւ-արեւմուտքէն հիւսիս-արեւելք 1750 քմ երկարութեամբ եւ 7–430 քմ լայնութեամբ։
 
Նորվեկիոյ ափերը կը ողողեն [[Պարենցեան ծով]]ը՝ հիւսիս-արեւելքէն, [[Նորվեկեան Ծով|Նորվեկեան ծով]]ը արեւմուտքէն եւ [[Հիւսիսային Ծով|Հիւսիսային ծով]]ը հարաւ-արեւմուտքէն<ref>"factbook"</ref>: Անոր մաս կը համարուի նաեւ Արքիպելագ Շպիցբերգենը (Սուալբարտ) եւ Յան-Մայէն կղզին, որ կը գտնուի [[Հիւսիսային Սառուցեալ Ովկեանոս|Հիւսիսային Սառուցեալ ովկիանոս]]ին մէջ: Նորվեկիային մաս կը համարուի նաեւ [[Աթլանթեան ովկիանոս]]ի հարաւը գտնուող [[Բուվէ կղզին]]:
 
== Արտաքին Յղումներ ==
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Նորվեկիա» էջէն