«Շահանդուխտ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 3.
 
Հինգ տարի ուսուցչական ասպարէզ վարելէ ետք ազգային նախակրթարանի մը մէջ,[[1960-1975]] մաս կազմած է Պէյրութի [[«Այգ» օրաթերթ]]ի խմբագրական կազմին, իսկ այդ թուականէն մինչեւ այսօր [[«Ազդակ» օրաթերթ]]ին մէջ տակաւին կը խմբագրէ բազմաթիւ յօդուածներ:
Գրական նախափորձերը կատարած է « Ակօս» պարբերականին մէջ, իսկ արձակ էջերու իր առաջին գործը հրատարակած է 1962-ին՝ « Իմ աշխարհէն» խորագրուած հատորով մը (պատմուածքներ), ուր տիպարներ, պատկերներ եւ տպաւորութիւններ կու տայ իր թաղի առօրեայէն, առաւելապէս նկարագրական, պատմողական նկարագրով: 1926 -1980՝ յաջորդաբար հրատարակուած են իր հետեւեալ գործերը,- «Հացեկացէն կու գամ» (1968,)Մեսրոպ Մաշտոցի ծննդեան 1600- ամեակին առթիւ, իբրեւ մասնակցութիւն Թէքէեան Մշակութային Միութեան կողմէ կազմակերպուած գրական մրցանքի մը),« Գարնան ձիւն տեղաց» (1969, քերթուածներ),«Սաննինէն ջուր խմեցինք» (1970, արձակ էջեր՝ որուն արաբերէնով թարգմանութիւնը հրատարակուած է 1973-ին,Գէորգ Չիլինկիրեանի թարգմանութեամբ),«Աւանդատուն» գրքոյկը (1974, բանաստեղծութիւններ՝ նուիրուած Նարեկացիի),«Քարացած լեզուներ» (1975, նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 60- ամեակին) եւ Լիբանանի քաղաքացիական ներքին կռիւներէն տպաւորութիւններու, դրուագներու, դէմքերու եւ ապրումներու երկու հատորներ՝ «Թող չարտասուեն մայրիները» (1978) եւ «Այրող կամուրջներ» (1980):
Աւելի ուշ՝ «Կոտրած Սրինգ», «Ճակատագրի Ճանապարհին Մոռցուածները», «Վկաները ոտքի ելան խօսելու»<ref>[http://www.goodreads.com/author/show/8297209._ goodreads]</ref>:
Կանացի զգայութիւններով, հանրային - քաղաքացիական կեանքի առօրեայէն թելադրուած խորհրդածութիւններով եւ ապրումներով բաբախուն գործեր՝ որոնք գրական խորացումէ եւ գեղարուեստական մշակումէ աւելի, լրագրական - հրապարակագրային իրենց նկարագրով կը յատկանշուին: