«Արմենակ Շահմուրատեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
ՉNo edit summary
Տող 31.
 
== Կենսագրութիւն ==
Ծնած է 1878 -ին, Արեւմտեան Հայաստանի Մուշ քաղաքին մէջ, դարբին Սարգիսի ընտանիքին մէջ։ 8 տարեկանէն, անդամ էր եկեղեցւոյ երգչախումբին: Հօր մահէն ետք, մայրը անհրաժեշտ միջոցներ չի գտներ Արմենակի ուսման համար, սակայն Արմենակի բնատուր արտակարգ ձայնային շնորհները նկատի առնելով՝ Մշոյ հոգեւոր թեմի առաջնորդ [[Ներսէս եպիսկոպոս]] Խարախանեան՝ զայն կ'որդեգրէ եւ կ'ուղարկէ Մշոյ նշանաւոր [[Ս. Կարապետ վանք]]<nowiki/>ի Ժառանգաւորաց դպրոցը, ուսում ստանալու համար։ Արմենակ չի հաշտուիր եկեղեցւոյ անձուկ միջավայրին, եւ շատ չանցած, կը վերադառնայ Մուշ։ Այս անգամ Խարախանեանի մեկենասութեամբ ու յանձնարարական նամակով ան կը մեկնի Էջմիածին եւ կ'ընդունուի Գէորգեան ճեմարան։ Էջմիածնի մէջ՝ պատանի Արմենակ երաժշտութեան ուսուցիչ եւ համբաւաւոր երգահան՝ [[Կարա-Մուրզա]]յի երգչախմուբին մեներգիչը կը դառնայ ։ Արմենակի արտակարգ ձայնը եւ բարձրորակ կատարումը կը գրաւեն Կարա-Մուրզան փոխարինող՝ երիտասարդ Կոմիտասին ուշադրութիւնը, եւ ան առանձնայատուկ հոգատարութիւն կը ցուցաբերէ պատանիին հանդէպ (ողջ կեանքի ընթացքին)։ Շուրջ մէկուկէս տարի Արմենակ՝ որպէս երգիչ-երաժիշտ Կոմիտասի անմիջական հսկողութեամբ եւ մասնագիտական խորհուրդներով կը կատարելագործէ իր կարողութիւնները։ Ճեմարանին մէջ, Շահմուրատեանի դասընկերներն էին՝ Աւետիք Իսահակեանը, [[Գրիգոր Սիւնի]]ն, [[Դերենիկ Դեմիրճեան]]ը եւ ուրիշներ։ Շուտով զինք կը հեռացնեն ճեմարանէն՝ այդ օրերու պահպանողական-յետադիմական գործելակերպին դէմ ուղղուած ուսանողական խռովութեան մասնակցելուն համար։ Սակայն, Խրիմեան Հայրիկի միջնորդութեամբ, կ'ընդունուի [[Թիֆլիս]]ի [[Ներսիսեան]] դպրոցը՝ ուսումը շարունակելու համար։ Շուտով կը ծանօթանայ [[Ղազարոս Աղաեան|Ղազարոս Աղայեան]]ի, [[Գէորգ Բաշինջաղեան]]ի եւ [[Յովհաննէս Թումանեան]]ի։ Անոր երգելու արտակարգ ընդունակութիւնները կը գրաւեն նաեւ՝ դպրոցի երաժշտութեան ուսուցիչ [[Մակար Եկմալեան|Մակար Եկմալեանը]]։ 1896-ին, Շահմուրատեան կ'աւարտէ Ներսիսեան դպրոցը։
 
Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, սկսած էին համիտեան ջարդերը, եւ սուլթանական վայրագութիւններու դէմ թիֆլիսահայութեան մէջ բողոքի ալիք կը բարձրանար, որու եռանդուն մասնակիցներէն մէկը կը դառնայ Արմենակը։ Ցարական ոստիկանութիւնը կը ձերբակալէ զայն եւ կը բանտարկէ Մետեխի բանտը, ապա՝ իբրեւ թուրքահպատակի՝ կը յանձնէ թրքական կառավարութեան։ Բանտէ բանտ փոխադրուելով ան կը հասնի մինչեւ Կարս, ուր կը մնայ ութ ամիս։ Այդ օրերուն Արմենակի միակ սփոփանքը երգն էր, որմով կը նուաճէր հսկիչներուն բարեացակամութիւնը եւ բախտակիցներուն սէրը։ Անոր երգը կը թռչի բանտի պատերէն եւ կը հասնի թուրք հիւպատոս Ֆուատ պէյ-ին, որ իբրեւ «ազատ աքսորական» զայն կ'ուղարկէ հայրենի Մուշ, ուր երկու տարի Ս. Կարապետի Ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ ուսուցչութիւն ընելէ ետք, կը փոխադրուի Կարին (Էրզրում), ուր չորս տարի տեղի երկսեռ վարժարանին մէջ կը դասաւանդէ երաժշտութիւն, հայոց լեզու ու հայ ժողովուրդի պատմութիւն եւ կը ղեկավարէ իր ստեղծած երգչախումբը։
Տող 37.
Իր աշակերտին ճակատագիրով մտահոգ Կոմիտաս, այդ օրերուն Էջմիածինէն Կարին լուր կ'ուղարկէ. «Ըսէ՛ք Արմենակին՝ չնստի-մնայ Էրզրում, պէտք է անպայման Իտալիա երթայ՝ ձայնը մշակելու»։ Սակայն Արմենակ, ազատ աքսորի մէջ ըլլալով, չէր կրնար առանց թոյլտուութեան Թուրքիոյ սահմանը անցնիլ: Դպրոցին ղեկավարութեան միջնորդութեամբ, բուժման մեկնելու նպատակով ձեռք կը բերէ լիբանանեան անձնագիր մը եւ ֆրանսական նաւով Լիբանանի փոխարէն կը մեկնի Փարիզ (1904)։ Այստեղ կը մասնակցի հայ մեծահարուստ՝ Ալեքսանտր Մանթաշեանցի ծախսերով կառուցուած եկեղեցւոյ օծման արարողութեան, ուր իբրեւ լաւագոյն երգիչ կը ճանչցուի։ Փարիզի մէջ, ան կ'աշակերտէ աշխարհահռչակ երգչուհիին՝ Փոլինա Վիարդոյին, որ սիրով յանձն կ'առնէ երկու տարի անվճար զբաղիլ անոր հետ։
 
Կ'ընդունուի մասնակցելու Փարիզի ելոյթին։ 27 Յունուար , 1911-ին, տեղի կ'ունենայ Շահմուրատեանի առաջին ելոյթը Գունոյի «Ֆաուստ» օփերային մէջ, Ֆաուստի դերակատարումով։ Ներկայացումը Փարիզի մամուլի եւ երաժշտասէր հասարակութեան խնդրանքով, հայ երգիչին մասնակցութեամբ կը կրկնուի շուրջ մէկ ամիս։ Շահմուրատեան միաբերան կը համարուի այդ օրերու Ֆրանսայի «ամենաթովիչ թենորը»։ 1912-1913 թուականներուն, Փարիզի Մեծ Օփերայի երգիչ Արմենակ Շահմուրատեան համերգներով հանդէս կու գայ [[Գահիրէ]]<nowiki/>ի, [[Թիֆլիս (արեւմտահայերէն)|Թիֆլիս]]<nowiki/>ի, [[Կ. Պոլիս|Կ. Պոլսոյ]] եւ Պաքուի մէջ։
 
Շահմուրատեանին նիւթական աջակցութիւն կը ցուցաբերէ հայ գործարար եւ բարերար Ալեքսանտր Մանթաշեանցը։ 1914-ին, Շահմուրատեան կը տեղափոխուի [[ԱՄՆ (արեւմտահայերէն)|ԱՄՆ]], համերգներ ունենալով ամերիկեան մեծ քաղաքներու մէջ՝ ([[Նիւ Եորք]], [[Սան Ֆրանցիսքօ|Սան Ֆրանսիսքօ]], [[Պոսդոն|Պոսթըն]], [[Դետրոյթ|Տիթրոյտ]], [[Ֆրեզնօ]]), նաեւ [[Եւրոպա]]յի՝ ([[Լոնտոն]], [[Մանչեսթըր]], [[Պրիւսել|Պրիւքսել]], [[Անտվերպեն]], [[Ժընեւ]], [[Զյուրիխ]]) ու [[Ասիա|Ասիոյ]] ([[Թեհրան]], [[Պաղտատ]], [[Կալկաթա]]<nowiki/>յի) մէջ։ Աշխարհով մէկ թափառելէ յոգնած, արդէն վատառողջ, նիւթապէս խիստ անապահով, Շահմուրատեան 1930-ին կը վերադառնայ Եւրոպա, կը հասնի Փարիզ եւ ամէնէն առաջ կը շտապէ հիւանդանոցին մէջ տառապող իր մեծ ուսուցիչին՝ Կոմիտասին քով։ Սենեակին մէջ, ուր Կոմիտաս պառկած էր, բժշիկին խորհուրդով Շահմուրատեան կ'երգէ «Հայաստան, երկիր դրախտավայր» երգը, որու առաջին քառատողն իսկ մոգական ազդեցութիւն կ'ունենայ Կոմիտասին վրայ։ Ան կը ճանչնայ իր սիրելի աշակերտը, կը նստի անկողինին մէջ, ձեռքերը կը տարածէ զինք գրկելու համար եւ կը բացագանչէ մէկ բառ՝ Արմենա՜կս… Այդքանը միայն։ Կոմիտասը այլեւս ո՛չ կը ճանչնայ, ո՛չ կը յիշէ եւ ո՛չ ալ կը պատասխանէ Շահմուրատեանի հարցումներուն։ Կ'երթայ պատուհանին քով, դէմքը կը դնէ ապակիին եւ խռովեալի տեսք կը ստանայ։ Շահմուրատեան երկար ժամանակ չի կրնար ձգել սենեակը:
 
1939-ին կը մահանայ Փարիզ՝ նոյն հոգեբուժարանին մէջ<ref>[http://www.encyclopedia.am/pages.php?bId=2&hId=1520 Հայկական հանրագիտարան, Շահմուրատեան Արմենակ]</ref><ref>[http://www.haymard.am/index.php/persons/p1389015187#sthash.UN69n4bp.dpbs Մեծանուն հայեր, Արմենակ Շահմուրատեան]</ref>։