«Յարութիւն Շահրիկեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 35.
Օտար միջամտութեամբ ներման արժանանալով, տասներեք ամսուան բանտարկութենէ վերջ ազատ կ'արձակուի։ Անգլերէն լեզուն սորվիլ՝ արգելափակ կեանքին միակ մխիթարութիւնը կ'ըլլայ։ Այլ եւս նոյն քաղաքը մնալը վտանգաւոր նկատելով՝ 97-ի վերջերը կը փախչի Պաթում, ապա [[Թիֆլիս]], ուր ռուսերէն կ'ուսանի, քանի մը տարիէն լեզուին հմտանալով՝ քննութիւն կ'անցընէ եւ փաստաբանութեան վկայական կը ստանայ։ Բաւական ատեն կիրարկելէ ետք իր ասպարէզը՝ կը դադարի անկէ, Մանթաշէֆի գործերուն իբրեւ վարիչ կը պաշտօնավարէ։ Դաշնակցութեան կարկառուն դէմքերէն մին, անխոնջ աշխատանքով ձեռք բերած օրէնսգիտական իր հմտութեամբ եւ իր երկաթէ տրամադրութեամբ, կանուխէն նուիրուած է հանրային գործունէութեան եւ ապրած է միշտ իբրեւ անհաշտ ազատական։
 
Սահմանադրութեան հռչակումին կու գայ Պոլիս, եւ հակառակ իր յառաջացած տարիքին՝ կը ներկայանայ կրկին պայքարի նո՛յն մարդը, թէ՛ ազգին, թէ՛ երեսփոխանական պլոքին եւ թէ՛ մամուլին մէջ, բոլորին ակնածանքին առարկայ դառնալով։ Հրատարակած է ուշագրաւ յօդուածներու շարք մը «Ազատամարտ»ի մէջ<ref name="Շապին">{{cite web | url=http://www.digilib.am/am/%D5%87%D4%B1%D5%80%D5%90%D4%BB%D4%BF%D4%B5%D4%B1%D5%86%20%D5%85%D4%B1%D5%90%D5%88%D5%92%D4%B9%D4%BB%D5%92%D5%86%20(%D4%B1%D5%8F%D5%88%D5%84,%201860-1915)/library/1102 | title=ՇԱՀՐԻԿԵԱՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ (ԱՏՈՄ, 1860-1915)}}</ref>, որուն անստորագիր խմբագրականներէն ոմանք իր գրիչէն ելած են։ Դաշնակցութեան բազմաթիւ թերթերու մէջ ունէր աշխատակցութեան իր բաժինը՝ Նինի, Վաղինակ եւ Ատոմ ծածկանուններով (այս վերջինը՝ իր զաւակին անունով): Ազգային երեսփոխան ընտրուած է Սկիւտարէն։
 
Անգամ մը Իթթիհատէն հրաւիրուած է անդամակցելու պետական խորհուրդի, բայց մերժած է։Երկերը. «Պետական նորոգութիւնն ու հողային հարցը», «Մեր հաւատքը», «Ազգային սահմանադրութիւնը», «Բարենորոգումներու հարցը», «Օսմանեան կայսրութեան անկման պատմութիւնը», «Ամուսնական խնդիրը»։ Ասոնցմէ զատ կայ «Ապազգայնացում» գիրքն ալ՝ իսկոյն փճացուած։