«Մանուէլ Շաշիեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ լեզվի կաղապար
Տող 4.
Պօղոս Անտոնեան-Շաշիեան՝ անուանի բժիչկին, անդրանիկ զաւակը։ Մանուէլ բժշկ. ծնած է [[Պոլիս]]՝ [[25 Դեկտեմբեր]] [[1775]]–ին։
 
Մանուկ հասակէն իտալիա գացած եւ իր նախապատրաստական ուսմունքը ստացած է [[Մխիթարեան վարժարան (Սիրիա)|Մխիթարեան վարժարան]]էն ներս, ուր մայրենի ու օտար լեզուներու հմտանալէ զատ գիտութեանց մէջ ալ կը հմտանայ ու [[1795]]–ին կ՛արձանագրուի Բատուայի բժշկական համալսարանը։ Հինգ տարիներ աշակերտելով սոյն համալսարանին կ՛աւարտէ իր ուսմանց ընթացքը․ 25 տարեկանին արդէն վկայեալ բժիշկ էր։ Քիչ մը ատեն եւս մնալով [[Իտալիա]] [[1801]]–ին կը վերադառնայ [[Պոլիս]]։
 
Իր հայրը այն ատեն բժշկական ասպարէզին փառքի գագաթնակէտին հասած էր, Մանուէլ իր հօր ձեռքին տակ մեծ համբաւ կը շահի եւ անոր մահուընէ ետք ա՛լ աւելի հռչակաւոր կը դառնայ։ Բնակած է Օրթագիւղ ու երբեմն ալ [[Ղալաթիա]], հայ ու օտար բազմաթիւ երեւելիներու անձնական բժիշկը եղած է։ Իր հօրը մահէն ետք, անոր կատարած բժշկական մեծ ծառայութեանց փոխարէն, Մանուէլ բժիշկ պատիւ ունեցաւ Սուլթան Մահմուտ Բ․ կայսեր «Արքունի Բժիշկ» անուանուելու, պաշտօն մը, զոր վարեց երկար տարիներ մեծ յաջողութեամբ։ Երջանկայիշատակ Սուլթան Մահմուտի մահէն վերջ Սուլթան մէճիտ կայսեր անձնական բաժիշկը անուանեցաւ։