«Շարահիւսութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} {{Արևելահայերեն|Շարահյուսություն}} '''Շարահիւսութիւն''', քերականութեան երկու...»:
 
Չ Բոտ: կոսմետիկ փոփոխություններ
Տող 1.
{{ԱՀ}}
{{Արևելահայերեն|Շարահյուսություն}}
'''Շարահիւսութիւն''', [[Քերականութիւն|քերականութեան]] երկու հիմնական բաժիններէն մէկը, որ կ'ուսումնասիրէ [[բառ (արեւմտահայերէն)|բառբառերու]]երու գործառական կիրառութիւնները, անոնց կապակցութիւնները, նախադասութիւնները, ասոնց կառուցուածային տիպերը եւ կապը միմիանց հետ։ Շարահիւսութեան հիմնական խնդիրը, այդպիսով, լեզուի շարահիւսական միաւորներու եւ ատոնք պայմանաւորող քերականական յարաբերութիւններու քննութիւնն է։ Այդ միաւորներն են՝ նախադասութեան անդամներն են բառակապակցութիւնները եւ նախադասութիւնները։
 
Քերականագիտութեան մէջ ժամանակ մը շարահիւսութեան հանգեցուած է բառակապակցութիւններու ուսմունքի, ըստ որուն նախադասութիւնները նոյնպես դիտուած են որպէս բառակապակցութիւններու առանձին տեսակ։ Սակայն հետագային նախադասութիւններն ու բառակապակցութիւնները առանձնացած են։ Այս պարագային եւս մասնագէտներու զգալի մասը շարահիւսության համարած է [[բառակապակցութիւն]]ներու ու [[նախադասութիւն]]ներու ուսմունք։ Բայց, այդուհանդերձ, անոր ուսումնասիրութեան ոլորտում չեն անտեսուած նաեւ նախադասութեան անդամները։ [[Աշխարհաբար (արեւմտահայերէն)|ԱշխարհաբառԱշխարհաբառի]]ի քերականագիտութեան մէջ մինչեւ․ [[20-րդ դար]]ու [[1960|60-ականականներուն]]ներուն շարահիւսութեան բաժնին մէջ շեշտը դրուած է նախադասութիւններու ու անոնց անդամներուն վրայ, [[բառակապակցութիւն]]ները քննութեան առարկայ գրեթէ չեն դարձուած։ Ժամանակակից հայագիտութիւնը շարահիւսութեան ուսումնասիրութեան ոլորտին մէջ կ'ընդգրկէ թէ՛ նախադասութիւններն ու անոնց անդամները, թէ՝ բառակապակցութիւնները։ Նախադասութեան անդամները, քերականական զանազան կապերու մէջ ըլլալով, կը բաղադրեն նախադասութիւնը եւ այդպիսով կը մասնակցին համապատասխան մտքի ձեւաւորման ու հաղորդման։ Բառակապակցութիւնները աւելի մեծ միաւորներ են, քան նախադասութեան անդամները, որովհետեւ երկու կամ աւելի լիիմաստ բառերու անդամազատ զուգակցումներ են, լրացում-լրացեալ միութիւններ, ուր կա կախման յարաբերութիւն, գլխաւոր բառը գերադաս է, միւսը՝ ստորադաս, կախեալ, եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը նախադասութեան առանձին անդամ է։ Բայց որոշ պարագաներու նախադասութեան անդամները կրնան արտայայտուիլ ամբողջական բառակապակցութիւններով, ինչպէս նաեւ հիմնական ու սպասարկու բառերու զուգակցութեամբ։
 
Բառակապակցութիւնները դեռ նախադասութիւններ չեն, որովհետեւ չունենալով նախադասութեան անհրաժեշտ յատկանիշները 4 միտք չեն հաղորդեր, այլ նախադասութեան կազմին մէջ կը ծառայեն ատոր։ Նախադասութիւնը հաղորդակցման միաւոր է, քանի որ, օժտուած ըլլալով ստորոգումով ու հնչերանգային աւարտուածութեամբ, որեւէ միտք կ'արտայայտէ։ Բայց անիկա կարող է կազմուած ըլլալ թէ՛ մէկ բառանդամէ, թէ՛ բազմաթիւ անդամներէ, ինչպէս նաեւ իր կազմին մէջ կրնայ ունենալ բաղադրիչ նախադասութիւններ։ Շարահիւսական յարաբերութիւնները բազմազան են։ Ենթական ու [[ստորոգեալ]]ը միմիանց հանդէպ ունին ստորոգումային յարաբերութիւն, ստորադաս կամ գերադաս չեն։ Ընդհանրապէս նախադասութեան անդամներու միջեւ յարաբերութիւնները կ'ըլլան կապակցական հետեւեալ տիպերով՝ համաձայնութեամբ, հոլովումով եւ առդրութեամբ։ Համաձայնութիւնը տարբեր անդամներու կապակցումն է դէմքի, թիւի եւ հոլովի համապատասխանեցումով։ Ժամանակակից հայերէնին մէջ համաձայնական կապակցութիւն ունին [[ենթակայ|ենթակաենթական]]ն եւ ստորոգեալը (կը համաձայնին դէմքով ու թիւով՝ «Ես գրեցի», «Մենք գրեցինք», «Վարդանը եւ Գրիգորը գրեցին»), բացայայտիչի որոշ տիպեր եւս կը համաձայնիեն բացահայտյալին («Ես՝ ուսանողս, ուսման գերազանցիկ եմ», «Դուք՝ ուսանողներդ, ուսման գերազանցիկ էք»)։ Հոլովումը նախադասութեան այս կամ այն անդամի (եւ միաժամանակ բառակապակցութեան անդամի) իմաստի (նաեւ որոշ բայերու սեռի) պահանջով որեւէ հոլովով արտայայտուող լրացման ընդունումն է («Կը գրեմ նամակ», «Մօտեցայ պատին», «Զգուշացէ՛ք հրդեհէն» «Կը քալեմ մայթին վրայէն», «Ան կը սորվի դպրոցը»)։ Հոլովով արտայայտուող լրացումը կրնայ նախադասութեան առանձին անդամ չըլլալ՝ մնալով բառակապակցութեան կազմին մէջ, իր գերադաս անդամի հետ հանդէս գալ որպէս նախադասութեան անդամ («Ասիկա գովասանքի արժանի գործ է», «Ատիկա մարդուն վայել բան չէ»)։ Առդրումը լրացման հարումն է լրացեալին՝ առանց Փոփոխութեան («Կարմիր վարդը բացուած է», «Մեքենան արագ ընթացաւ»)։ Կապակցման տարբեր տիպերը կ'իրագործուին զանազան միջոցներով։ Ատոնք են՝ թեքոյթները եւ բառափոխական միւս ձեւոյթները («Ես ներկեցի վրձինով», «Թռչունները չվեցին» են), կապերը («Դուք խօսեցաք աշխատանքի մասին», «Գացինք դէպի դաշտ» են), շարադասութիւնը (համապատասխան միտքի արտայայտումէն բխող՝ կապակցուող բառերու դասաւորումը), հնչերանգը։ Նախադասութիւններու [[կապակցութիւն]]ները կ'ուսումնասիրուին ըստ իրենց բարդ տիպերու մէջ մտնող պարզ նախադասութիւններու յարաբերութիւններու, որոնք ընդհանուր առմամբ կ'ըլլան համադասական եւ ստորադասական՝ կապակցման համապատասխան միջոցներով ու եղանակներով։ Արդի շարահիւսագիտութեան մրջ նոր են շարահիւսական հոմանիշներու, շարահիւսական հարացոյցներու, բնագիրի շարահիւսութեան գաղափարները։
 
== Գրականութիւն ==
* [[Մ. Աբեղեան]], Հայոց լեզուի տեսութիւն, Ե., 1965։
* [[Սերգէյ Աբրահամեան|Ս. Աբրահամեան]], Հայոց լեզու (Շարահիւսութիւն), Ե., 1984։
* [[Սերգէյ Աբրահամեան|Ս. Աբրահամեան]] եւ այլք, Հայոց լեզու, մ. II, Ե., 1975։
* [[Սերգէյ Աբրահամեան|Ս. Աբրահամեան]] եւ այլք, Ժամանակակից հայոց լեզու, հ. 3, Ե., 1976։
* [[Վարագ Առաքելեան|Վ. Առաքելեան]], Հայերէնի շարահիւսութիւն, հ. 1-2, Ե., 1959-1964։
* Վ. Առաքելեան, Ներածութիւն «Հայերէնի շարահիւսութեան», Ե., 1959։
* [[Մալխասեանց Ստեփան|Ստ. Մալխասեանց]], Գրաբարի համաձայնութիւնը, Թիֆլիս, 1892։
* Հ. Պետրոսեան, Հայագիտական բառարան, Երեւան, 1987։
* [[Գուրգէն Սեւակ|Գ. Սեւակ]], Հայոց լեզուի շարահիւսութիւն, Ե., 1937-1980։
 
[[Կատեգորիա:Լեզուաբանութեան բաժիններ]]