«Շարահիւսութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն
Content deleted Content added
Չ Բոտ: կոսմետիկ փոփոխություններ |
|||
Տող 1.
{{ԱՀ}}
{{Արևելահայերեն|Շարահյուսություն}}
'''Շարահիւսութիւն''', [[Քերականութիւն|քերականութեան]] երկու հիմնական բաժիններէն մէկը, որ կ'ուսումնասիրէ [[բառ (արեւմտահայերէն)|բառերու]] գործառական կիրառութիւնները, անոնց կապակցութիւնները, նախադասութիւնները, ասոնց կառուցուածային տիպերը եւ կապը
Քերականագիտութեան մէջ ժամանակ մը շարահիւսութեան հանգեցուած է բառակապակցութիւններու ուսմունքի, ըստ որուն նախադասութիւնները նոյնպես դիտուած են որպէս բառակապակցութիւններու առանձին տեսակ։ Սակայն հետագային նախադասութիւններն ու բառակապակցութիւնները առանձնացած են։ Այս պարագային եւս մասնագէտներու զգալի մասը շարահիւսության համարած է [[բառակապակցութիւն]]ներու ու [[նախադասութիւն]]ներու ուսմունք։ Բայց, այդուհանդերձ, անոր ուսումնասիրութեան ոլորտում չեն անտեսուած նաեւ նախադասութեան անդամները։ [[Աշխարհաբար (արեւմտահայերէն)|Աշխարհաբառի]] քերականագիտութեան մէջ մինչեւ․ [[20-րդ դար]]ու [[1960|60-ականներուն]] շարահիւսութեան բաժնին մէջ շեշտը դրուած է նախադասութիւններու ու անոնց անդամներուն վրայ, [[բառակապակցութիւն]]ները քննութեան առարկայ գրեթէ չեն դարձուած։ Ժամանակակից հայագիտութիւնը շարահիւսութեան ուսումնասիրութեան ոլորտին մէջ կ'ընդգրկէ թէ՛ նախադասութիւններն ու անոնց անդամները, թէ՝ բառակապակցութիւնները։ Նախադասութեան անդամները, քերականական զանազան կապերու մէջ ըլլալով, կը բաղադրեն նախադասութիւնը եւ այդպիսով կը մասնակցին համապատասխան մտքի ձեւաւորման ու հաղորդման։ Բառակապակցութիւնները աւելի մեծ միաւորներ են, քան նախադասութեան անդամները, որովհետեւ երկու կամ աւելի լիիմաստ բառերու անդամազատ զուգակցումներ են, լրացում-լրացեալ միութիւններ, ուր կա կախման յարաբերութիւն, գլխաւոր բառը գերադաս է, միւսը՝ ստորադաս, կախեալ, եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը նախադասութեան առանձին անդամ է։ Բայց որոշ պարագաներու նախադասութեան անդամները կրնան արտայայտուիլ ամբողջական բառակապակցութիւններով, ինչպէս նաեւ հիմնական ու սպասարկու բառերու զուգակցութեամբ։
Բառակապակցութիւնները դեռ նախադասութիւններ չեն, որովհետեւ չունենալով նախադասութեան անհրաժեշտ յատկանիշները 4 միտք չեն հաղորդեր, այլ նախադասութեան կազմին մէջ կը ծառայեն ատոր։ Նախադասութիւնը հաղորդակցման միաւոր է, քանի որ, օժտուած ըլլալով ստորոգումով ու հնչերանգային աւարտուածութեամբ, որեւէ միտք կ'արտայայտէ։ Բայց անիկա կարող է կազմուած ըլլալ թէ՛ մէկ բառանդամէ, թէ՛ բազմաթիւ անդամներէ, ինչպէս նաեւ իր կազմին մէջ կրնայ ունենալ բաղադրիչ նախադասութիւններ։ Շարահիւսական յարաբերութիւնները բազմազան են։ Ենթական ու [[ստորոգեալ]]ը
== Գրականութիւն ==
|