«Շարլ Ազնաւուրի արձան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 21.
 
== Պատմութիւն ==
Արձանին տեղադրման նախաձեռնութիւնը եղած է 1996-ին, 1997-ին մեկնարկած են աշխատանքները, իսկ 2001-ին տեղի ունեցած է արձանին հանդիսաւոր բացումը: Բացման արարողութեան ժամանակ Շիրակի մարզպետ Ֆելիքս Փիրումեան բարձր գնահատած է 1988-ի երկրաշարժի հետեւանքներու վերացման համար եւ հայ ժողովուրին դժուար պահուն անոր սատարելու Ազնաւուրի ծառայութիւնը: Ապա յայտարարուած է [[Կիւմրի|Կիւմրիի]] աւագանիի որոշումը՝ Աստղի հրապարակը Շարլ Ազնաւուր վերանուանելու եւ անոր՝ Կիւմրիի պատուաւոր քաղաքացիի կոչում շնորհելու մասին:<ref>[https://armenpress.am/arm/news/374084/gyumrium-kangnecvec-sharl-aznavuri-ardzany.html Կիւմրիի մէջ կանգնեցուեցաւ Շարլ Ազնաւուրի արձանը]</ref>
 
Ազնաւուրի արձանը կանգնած է կրանիթէ պատուանդանի վրայ: Անոր թիկունքին կառուցուած է կամար մը, որուն ճարտարապետը [[Արթիւր Թարխանեան|Արթիւր Թարխանեանն]] է, որ նոյնպէս ներկայ գտնուած է արձանին բացման հանդիսութեան: