«Անանիա Շիրակացի» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
(Տարբերութիւն չկայ)

08:28, 21 Օգոստոս 2015-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ

Անանիա Շիրակացիյի արձանը Մատենադարանի առջև
Պատկեր:Anania-Shirakatsi-coin.gif
Անանիա Շիրակացու պատվին մետաղադրամ

Անանիա Շիրակացի (ծն. եւ մահուան թթ. անհայտ), 7-րդ դարի հայ գիտնական։ Առաջինը կայուն հիմքերու վրայ դրաւ ճշգրիտ գիտութիւններու ուսումնասիրութիւնը Հայաստանի մէջ։ [1]

Ծննդավայրը եւ ուսումը

Անանիա Շիրակացին եղած է Անանիա գիւղէն։ Նախնական կրթութիւնը հաւանաբար ստացած է Դպրեվանքի դպրոցին մէջ։[2] Այն ատէն ան սորուած է Աստուածաշունչը եւ Սողոմոնի Սաղմոսարան գիրքը, որուն իմաստութեան խորհուրդէն ներշնչում քաղելով, եւ համարողութիւն (թուաբանութիւն) սիրելով, կը շարունակէ իր ուսումը։ Սակայն Հայաստանի մէջ գիտական գիրքեր չգտնելով, կը մեկնի Բիւզանդիա։ Թեուդոպոլիս քաղաքին մէջ Եղիազարոս անունով անձի մը կը լսէ Քրիստոսատուր անունով մաթեմատիկոսի մը մասին, որ կ՛ապրէր Չորրորդ Հայքի մէջ։

Վեց ամիս Քրիստոսատուրի հէտ մնալէ ետք ան ուզած է մեկնիլ Կոստանդնուպոլիս, երբ կը հանդիպի այնտեղ եկող ծանոթներու եւ կը լսէ թէ Տիւքիկոս Բիւզանդացի կ՛ապրի Տրապիզոնի մէջ, որ կը գտնուէր Պոնտոսի ծովեզերքին։ Շիրակացին ութ տարի կը սորուի Տիւքիկոսի մոտ, եւ այդ ատէն կը տիրապետէ համարողական գիտութեանը, ինչպէս նաեւ կը ծանոթանայ այլ գիտութիւններու եւ բազմաթիւ գիրքերու հետ։ Ապա ան կը վերադառնայ Հայաստան, եւ կը փորձէ սորուեցնել իր գիտութիւնը։ Ան նաեւ կը բանայ դպրոց եւ գրում դասագրքեր։ [3]

Գիտական գործունեութեան ոլորտը

Մեծ է Անանիա Շիրակացու գիտական գործունեութեան ոլորտը։ Զբաղած է փիլիսոփայութեամբ, աստղագիտութեամբ, աշխարհագրութեամբ, թուաբանութեամբ, տոմարագիտութեամբ, ալքիմիկոսութեամբ։ Նա երկրակեդրոն համակարգի կողմնակից էր եւ ըստ այդմ էլ բացատրում էր տարուայ եղանակներու, գիշերուայ ու ցերեկուայ առաջացումը։ Որոշ համեմատութիւններու ու դատողութիւններու միջոցով կ՛եզրակացնէր, որ Արեգակը մեծ է թէ՛ Լուսնից, թէ՛ Երկրից եւ կը գտնուի շատ մեծ հեռավորութեան վրայ։ Իր աշխատութիւններուն մէջ Անանիա Շիրակացին նշած է աստղագիտութեան մի շարք գործնական կիրառութիւններ։ Տուած է Հայաստանի միջին լայնութեան համար ստվերաչափ կազմելու կանոնը։ Կազմած է լուսնային խավարումներու 19-ամեայ պարբերաշրջանի աղիւսակները։ Մեծ արժեք կը ներկայացնեն Անանիա Շիրակացիյի աշխատութիւններուն հանդիպող աստղագիտական հայկական տերմիններու մեկնութիւնները։ Մաթեմատիկական բովանդակութիւն ունեցող աշխատութիւններէն ամէնաարժեքաւորը թուաբանութեան դասագիրքն է՝ գումարման, հանման, բազմապատկման եւ բաժանման գործողութիւններն ամփոփող աղիւսակներով։ Գիրքերը զետեղուած են նաեւ թուաբանական եւ երկրաչափական յարաջացումներ հիշեցնող աղիւսակներ։ Անանիա Շիրակացու մեզ հասած աշխատութիւներուն գիտական հետաքրքրութիւն են ներկայացնել նաեւ թանկարժեք քարերին, չափ ու կշիռքներուն, ֆիզիկայի և օդերեւութաբանութեան զանազան հարցերուն վերաբերող ուսումնասիրութիւնները։

Ազդուելով ժամանակի առաջավոր ընկերային–քաղաքական ու մշակութային շարժումներուն եւ անմիջականօրէն ուսումնասիրելով բնութիւնը՝ ան կարողացած է տեսնել միջնադարեան բնագիտական տեսութիւնների կրոնական ուղղուածութիւնը եւ փորձած է անոնք փոխարինել գիտական տեսակետներով։ Անանիա Շիրակացու գիտա–մանկավարժական գործունեութեան եւ աշխարհայացքի վերլուծութիւնը վկայած է ինչպէս նրայ հայացքներու բացառիկ խորութեան ու ինքնուրոյնութեան, այնպէս էր միջնադարյան հայ առաջավոր բնագիտական, փիլիսոփայական ու մանկավարժական մտքի զարգացման գործին մատուցած մեծ ծառայութիւններու մասին։ Անանիա Շիրակացին փաստօրէն բնական գիտութիւններու հիմնադիրն է Հայաստանի մէջ Կաղապար:Fact։

Շիրակացիի ձեռագիրերը՝ նուիրուած ճշգրիտ գիտութիւններուն

Պահպանվել են նաեւ Շիրակացու «Տիեզերագիտութիւնը», «Կենդանակերպի համաստեղութիւնների մասին», «Ամպերի եւ մթնոլորտային նշանների մասին», «Արեգակի ընթացքի (շարժման) մասին», «Երկնքի շրջագայութիւններու (օդերեւութաբանական երևոյթներու) մասին», «Ծիր կաթինի մասին» եւ այլ աշխատութիւններ։ Շիրակացին իր աշխատություններուն բերոած է եգիպտացիներու, հրեաներու, ասորիներու, հոյներու, հռոմեացիներու եւ հաբեշներու մոտ ընդունուած թուագրութեան սկզբունքները, խոսած է մոլորակներու շարժման, Արեւի եւ Լուսինի խաւարումներու եւ անոնց պարբերականութեան մասին եւ այլն։ Ընդունելով երկրի գնդաձևութիւնը Շիրակացին գտած է, որ արեւը կրնայ լուսաւորել երկրի երկու կողմերը օրուայ տարբեր ժամերուն եւ երբ երկրի մէկ կողմին ցերեկ է՝ միւսը գիշեր։ Ան Ծիր Կաթինը համարած է խիտ եւ աղոտ աստղերու կուտակում”։ Կը պաշտպանէ այն գիտնականներու կարծիքը, որոնք գտնեն որ Լուսինը սեփական լոյս չունի եւ լոյս ստացած է Արեւի միջոցով։ Արեւի խաւարումը բացատրած է Լուսինի՝ Արեւի եւ Երկրի միջեւ գտնուելով։ Շիրակացին ուշագրավ բացատրութիւններ կոա տայ անձրեւի, ձյան, կարկուտի, ամպրոպի, հողմերի, երկրաշարժի եւ բնութեան զանազան այլ երեւոյթներու մասին։ Շիրակացու գրչին կը պատկանին նաեւ մի շարք աշխարհագրական, պատմական աշխատութիւններ։ [1]

Աշխատութիւններ

Հղումներ

  1. Հայկական Սովետական Հանրագիտարան հատոր 1, 1974թ
  2. «Կիւմրիի հին ու նոր եկեղեցիները»։ արտագրուած է՝ 2014 Հուլիսի 24 
  3. Ա.Գ. Աբրահամեան եւ Գ.Բ. Պետրոսեան, խմբգր․ (1979)։ «Խոսք Երիցս Երանելի Ուսուցիչ Անանիա Շիրակացու՝ Իր Կեանքի Որպիսութեան Մասին -- Ինքնակենսագրութիւն»։ Անանիա Շիրակացի Մատենագրութիւն։ Երեւան: «Սովետական Գրող» հրատարակչութիւն։ էջ 25-29 

Արտաքին հղումներ

Կաղապար:Արտաքին հղումներ

Գրականութիւն

Տես նաեւ

Կաղապար:Վիքիքաղվածք


Կատեգորիա:Կամսարականներ Կատեգորիա:Հայ աստղագետներ Կատեգորիա:Հայ մաթեմատիկոսներ Կատեգորիա:Հայ պատմաաշխարհագետներ