«Շիրվանզադէ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
նոր թարգմանություն oգտվելով ԱՎԲ
Չ մանր-մունր, փոխարինվեց: → (129)
Տող 3.
[[Պատկեր:Stamps of Armenia, 2008-05.jpg|մինի|Շիրվանզադէ]]
 
'''Շիրվանզադէ (Ալեքսանդր Մովսիսեան)''' ([[1858]]–[[1935]] թթ․), հայ թատերագիր։
 
Ծնած է [[Շամախի]], [[Բաքու|Պաքուի]] մօտերը։ Կ՛ունենայ դժուար պատանեկութիւն մը, ցնցուած՝ յատկապէս, ծննդավայր քաղաքը քանդող երկրաշարժներէն եւ հօրը սնանկութենէն։
 
== Կենսագրութիւն ==
 
Նախնական դպրատունէ մը ետք ռուսական վարժարան մտած, ուստի պատանի՝ կը լքէ ուսումը, կ’երթայ [[Բաքու|Պաքու]]՝ ազգականներու մօտ ու կը դառնայ պաշտօնեայ։ Մէկ կողմէն ան առաջ կը տանի իր զարգացումը՝ ինքնաշխատութեամբ եւ ընթերցումներով։ Շուտով մամուլի մէջ կը սկսին երեւիլ իր առաջին թղթակցութիւններն ու պատմուածքները։ [[1883]]–ին Շիրվանզադէն կը հրաժարի պաշտօնեայի կեանքէն ու կը փոխադրուի [[Թիֆլիս]]՝ զբաղելու համար առաւելաբար գրականուեամբ։ Կը ծանօթանայ [[Րաֆֆի (արեւմտահայերէն)|Րաֆֆի]]ի եւ ուրիշ երէց գրագէտներու։ Հոն կը մնայ աւելի քան քսան տարի,կը գրէ իր գլխաւոր վէպերը, նաեւ բազմաթիւ պատմուածքներ, իբր գլխաւոր նիւթ ունենալով քաղաքաբնակ (առաւելաբար՝ քաղքենի խաւի) հայութիւնը եւ զայն շրջապատող ուրիշ ազգի տիպարներ, նկարագիրներ ու կենցաղ։
 
[[1898]]–ին՝ իբր յեղափոխական, [[ցար]]ական ոստիկանութեան կողմէ ձերբակալուած՝ տարի մը կ՛աքսորուի [[Օդեսա|Օտեսա]]՝ [[Սև ծով|Սեւ Ծով]]ու վրայ․ ապա կը դառնայ [[Կովկաս]]։
 
[[1905]]–ին կ՛անցնի [[Փարիզ]], ուր հնգամեակ մը կը հետեւի [[Սորբոն|Սորպոնի]] գրականութեան դասընթացքներուն։
 
[[1911]]–ին, արեւելահայ եւ արեւմտահայ շրջաններու մէջ կը նշուի Շիրվանզադէի գրական գործունէութեան 30 ամեակը, իբր արտայայտութիւնը իր վայելած համահայկական ճանաչման։ Նոյն տարին, ան վերադարձած է [[Կովկաս]] (նախ՝ [[Թիֆլիս]], ապա [[1917]]–էն [[1919]]՝ [[Երեւան]])։
 
Այս տասնամեակին, Շիրվանզադէ յատկապէս պիտի գրէ եւ բեմադրել տայ իր գլխաւոր թատերգութիւնները։
 
Քանի մը տարի կրկին արտասահման ([[Եվրոպա|Եւրոպա]] ու [[Ամերիկա]]) ապրելէ ետք, Շիրվանզադէ [[1926]]–ին վերջնականապէս կը հաստատուի [[Հայաստան]], ուր խորհրդային վարչակարգը՝ իր կարգին, անոր կը շնորհէ անհրաժեշտ ճանաչումը։ [[1930]]–ին, յոբելեանին առթիւ, [[Երևան|Երեւանի]] մէջ պիտի հրատարակուին իր ամբողջական երկերը։
== Գործեր ==