«Շնչարգելք» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ մանր-մունր oգտվելով ԱՎԲ
Չ ջնջվեց: <nowiki/> (4) oգտվելով ԱՎԲ
Տող 3.
'''Շնչարգելքը''' (asthma) զանազան պատճառներով յառաջացած եւ պարբերաբար կրկնուող շնչահեղձութիւն (dyspnea) է: Յաճախ անիկա կը կոչուի ծանրաշունչ եւ ազմ:
 
Շնչարգելքը երկարատեւ եւ անհակաշռելի (irriversible) [[Թոքեր (արեւմտահայերէն)|թոք]]<nowiki/>ային հիւանդութիւն մըն է, որ կը յատկանշուի շնչահեղձութեամբ եւ շնչասլոցով (wheeze):
 
Ամբողջ երկու թոքերն են որ կախտահարուին եւ անոնց ցնցուղներու (bronchi) եւ ցնցղիկներու (bronchioles) կծկումով կը յառաջանայ շնչարգելքը: Անիկա կը պատահի ընդհանրապէս որեւէ մէկ տարիքի, բայց եւ այնպէս ան հազուադէպ է մանուկներու մօտ: Անիկա առաւելաբար կը տեսնուի քաղաքներու մէջ ապրող հաւաքականութիւններու մէջ:
Տող 50.
Այս ախտանշանները՝ բոլորը նոյն ձեւով եւ նոյն ուժգնութեամբ չեն պատահիր շնչարգելքէ տառապող անհատներուն: Շատ մը հիւանդներ կ'ապրին որոշ ժամանակաշրջան մը առանց որեւէ մէկ ախտանշանի եւ յանկարծ որոշ գրգռիչ պատճառով մը կը սկսին մնայուն շնչարգելքի ուժգին ախտանշանները: Ուրիշներ ամէնօրեայ ախտանշաններով կ'ապրին, բայց մնայուն տառապանքով: Յաճախ ախտանշանները երեւան կու գան մարմնամարզանքի ընթացքին եւ կամ ժահրային [[Շնչառութիւն|շնչառական]] պարզ հիւանդութեամբ մը եւ նոյնիսկ պարզ հարբուխի հետ միասին:
 
Շնչարգելքէ ախտահարուած անհատներուն մեծամասնութիւնը դեղադարմանումներով կ'ապրին եւ կը գործեն գրեթէ բնական պայմաններու մէջ: Սակայն անակնկալ որոշ գրգռիչ ազդակներու յայտնաբերումով անոնցմէ շատերը կ'ունենան շնչարգելքի ուժգին նոպա-ախտաժամ (asthmatic attack) եւ կը մատնուին ամբողջական անգործութեան: Շնչարգելքի ուժգին նոպայի ախտաբանական պատճառները հետեւեալներն են՝ անակնկալ եւ արտառոց զօրութեամբ ցնցուղներու կծկում-նեղացում, ցնցուղներու ներքին մակերեսի ջրուռեցք, եւ առատ թանձր խուխի արտադրութիւն: Այս բոլորը կը յառաջացնեն ուժգին նոպայական շնչարգելքը իր ախտանշաններով՝ ներշնչումի եւ արտաշնչումի բարձր շնչասլոց, թանձր խուխով հազ, կրծքավանդակի սուր ճնշումաւոր ցաւ, վիզի մկաններու պրկում, խօսելու դժուարութիւն, առատ քրտինք, անհանդարտութիւն, կապտախտ (cyanosis)՝ կապոյտ շրթունքներ եւ մատներու եղունքներ, եւ մթագնութիւն: Այս ուժգին նոպայական շնչարգելքը երբեմն վատ զարգացումներով, ան<nowiki/>[[Գիտակցութիւն|գիտակցութեամբ]] եւ մահաքուն (coma) վիճակով, կը վերածուի լուրջ եւ մտահոգիչ կացութեան մը, որ կը կարօտի շտապ բժշկական հիւանդանոցային խնամքի եւ շտապ միջոցառումներու: Այս հանգրուանին հիւանդին կը կիրարկուի [[Թթուածին|թթուածին՝]] արուեստական շնչառական սարքի (artificial respirator) միջոցաւ:
 
== Զատորոշում ==
Տող 57.
=== Անչափահասներու եւ մանուկներու պարագայ ===
 
*[[Քիթ (արեւմտահայերէն)|Քիթ]]<nowiki/>ի եւ խոռոչային (sinus) գերզգայնութենէ.
*Օտար մարմիններու թոքային ներշնչումէ.
*Խռչափողային (larynx) ընդոծին թաղանթէ (congenital web).
*Խռչափողի աճառային թուլացումէ (laryngomalacia).
*[[Շնչափող (արեւմտահայերէն)|Շնչափող]]<nowiki/>ային (tracheal) եւ ցնցուղներու ուռերէ,
*Ժահրային ցնցղատապէ (bronchitis),
 
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Շնչարգելք» էջէն