«Ստեփան Ոսկանեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ oգտվելով ԱՎԲ
Չ Բոտ: կոսմետիկ փոփոխություններ
Տող 32.
 
== Կենսագրութիւն ==
Ստեփան Ոսկանեան ծնած է 1825-ին Իզմիր, ուր ստացած է իր նախակրթութիւնը։ Ընթացաւարտ «[[Մեսրոպեան]]» վարժարանի, ուսուցչական պաշտօնի կոչուած է նոյն յարկին մէջ։ Հայերէնի ուսուցիչ եղած է [[Նուպար Նուպարեան]]ի եւ եղբօր՝ Առաքելի, որ, փոխադարձաբար, ֆրանսերէն աւանդած է իրեն։ 1846-ին կ'անցնի [[Ֆրանսա]], ուր պաշտօնի կը կոչուի Սէն-Պարպ ֆրանսական երկրորդական վարժարանին մէջ, միջամտութեամբ Իզմիրի «[[Արշալոյս Արարատեան]]» թերթի խմբագիր՝ [[Ղուկաս Պալթազարեան]]: Ուսուցիչ եւ ուսանող միաժամանակ, [[Ոսկան]] կը հետեւի Գոլեժ տը Ֆրանսի եւ Սորպոն համալսարանի դասընթացքներուն, կը մասնակցի քննութեանց ու կը ստանայ գիտութեան ու գրականութեան պսակաւորի վկայական։
 
1846-1852՝ Ոսկան կ'ապրի՝ Ֆրանսայի մայրաքաղաքին մէջ։
 
1853-ին, կը վերադառնայ Պոլիս, ուր կը հրատակէ «Ներքին Համոզում» գրքոյկը։ 1854-ին։ Իզմիրէ, ուր կը հրատակէ երկրորդ գրքոյկը՝ «Հռոմէական Պարգեւ»:
 
Պոլսոյ եւ Իզմիրի մէջ, համոզումներուն հետ հաշտ ու տեւական գործ մը գտնելու անկարելիութեան առջեւ՝ կ'անցնի կրկին Ֆրանսա։ 1855-ին [[Փարիզ]] մէջ, կը ձեռնարկէ «[[Արեւելք]]» կիսապեայ հանդէսին հրատարակութեան, նիւթական աջակցութեամբ ջոջ Հայերու։