«Որկոր» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 2.
{{Արևելահայերեն|Որկոր}}
 
'''Որկորը''', '''կերակրափողը''', մկանային, բարակ, պարապ եւ երկար խողովակ մըն է, որ ունի 12-13 սմ. երկարութիւն: Ան կ՛երկարիկ'երկարի ենթաըմբանէն (hypopharynx) մինչեւ ստոծանի եւ ստամոքսի սկզբնաւորութիւնը: Որկորը կը փոխադրէ ծամուած սննդանիւթերը եւ բերնին մէջ զետեղուած հեղուկները դէպի ստամոքս: Այս փոխադրութիւնը տեղի կ՛ունենայկ'ունենայ ակամայ որկորի մկաններու գալարակծկումներով (peristaltic movements): Որկորը կը յատկանշուի յստակ երկու կծկումներով (constricrors)՝ առաջինը կը գտնուի անոր սկզբնաւորութեան եւ կը կոչուի վերին կծկում, իսկ երկրորդը կը գտնուի անոր վերջաւորութեան եւ կը կոչուի վարի կծկում: Որկորը կազմուած է բարակ մկաններէ եւ անոր ներքին մակերեսը ծածկուած է յատուկ խլնաթաղանթով մը:
 
== Յաւելեալ ==
Տող 16.
==== Որկորի մասնակի կամ ամբողջական խցում ====
* Օտար մարմիններու գոյութեան հետեւանքով խցում.
Օտար մարմին ըսելով կը հասկնանք այն ինչ որ սննդանիւթ չէ: Ան կրնայ ըլլալ որեւէ մէկ կարծր խոշոր մարմին մը, նիւթ մը, որ անկարող կ՛ըլլայկ'ըլլայ անցնիլ որկորին մէջէն եւ կը խցէ զայն: Ընդհանրապէս տեսնուած օտար մարմիներէն կարելի է յիշել մետաղային դրամներ եւ ոսկորի կտորներ: Օտար մարմիններու 95 առ հարիւրը կը տեսնուին որկորի վերին կծկումին մէջ, իսկ 5 առ հարիւրը վարի կծկումին մէջ:
 
*Սննդանիւթերու խոշոր պատարիկներու հետեւանքով խցում.
* Որկորի ընդոծին թաղանթ-մաշկ (web): Ան բարակ մաշկ մըն է, որ կը պատահի որկորի որեւէ մէկ բաժինին մէջ: Ան կրնայ ըլլալ պզտիկ, մեծ եւ մէկէ աւելի: Այս ընդոծին անբնական կացութեան պատճառով նորածինը չի կրնար կլլել խմած կաթը եւ շարունակ կը փսխէ: Շտապ վիրաբուժական գործողութիւն մը կը դառնայ պարտաւորիչ:
* Որկորի լաւորակ-ոչ վտանգաւոր եւ վատորակ-խլիրդ ուռերով խցում: Այս ուռերու դարմանումը կ՛ըլլայկ'ըլլայ ընդհանրապէս վիրաբուժական գործողութեամբ:
* Սրտի մայր զարկերակի (aorta) աղեղի (arch) ճնշումով մասնակի խցում:
* Թոքային մեծ խլիրդային ուռերու ճնշումով մասնակի խցում.
Տող 26.
 
==== Որկորի ծոցիկներ (diverticulum) ====
Ասոնք որկորի պատերուն վրայ տեսնուած մեծ ու պզտիկ բոսիկներ են, որոնք կրնան յայտնուիլ որկորի որեւէ մէկ բաժինին մէջ, բայց մասնաւորաբար անոր վերի մէկ երրորդ բաժինին մէջ: Անոնք կը յառաջացնեն կլլելու դժուարութիւն, չմարսուած սննդանիւթերու յետադարձութիւն (reflux) դէպի ենթաըմբան եւ բերան, ինչպէս նաեւ անախորժ հոտի եւ համի զգացում: Մեծ ծոցիկները նշմարելի կ՛ըլլանկ'ըլլան բժշկական քննութեան ընթացքին պարզապէս՝ շօշափելով հիւանդին վիզը: Որկորի ծոցիկները կը վերանան վիրաբուժական գործողութեամբ:
 
==== Թունաւոր հեղուկներով որկորի այրուածք ====
 
Մարդիկ գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար կուլ կու տան զանազան տեսակի թունաւոր հեղուկներ: Թթու (acidic) հեղուկներ կը յառաջացնեն մակերեսային այրուածք իսկ կալաքարային (alkaline) հեղուկներ կը յառաջացնեն խորունկ այրուածք: Այս այրուածքներուն հետեւանքով որկորը մէկէ աւելի տեղեր կը սպիանայ եւ որոշ չափով կը նեղնայ: Որկորի այրուածքին կ՛ուղեկցիկ'ուղեկցի նաեւ ընդհանրապէս խռչափողի այրուածք: Որկորի եւ խռչափողի այրուածքներուն հետեւանքով հիւանդը կը տառապի որկորի ցաւէ ու այրուածքէ, կլլելու դժուարութենէ, խռչափողի ջրուռեցքէ (edema), ձայնի խռպոտութենէ եւ շնչահեղձութենէ: Շատ քիչ պարագաներուն որկորի պատը կը ծակի դէպի շնչափող եւ կը ստեղծուի կեղանք- խլուակ (fistula) մը շնչափողի եւ որկորի միջեւ: Այս նորաստեղծ խլուակին միջոցաւ կուլ տրուած նիւթը կրնայ շատ դիւրաւ մուտք գործել շնչափող եւ հոնկէ թոքերը. Այս կացութիւնը կը յառաջացնէ թոքատապ եւ շնչահեղձութիւն:
Թունաւոր կազերով որկորի այրուածքը կը կարօտի հիւանդանոցային շտապ օգնութեան եւ երկարատեւ բժշկական դարմանումի: Յաճախ շտապ վիրաբուժական գործողութիւն մը պարտաւորիչ կը դառնայ:
 
Տող 46.
 
=== Որկորի հիւանդութիւններ այլ հիւանդութիւններու ուղեկցութեամբ ===
* Plummer-Vinson Syndrome: Այս համախտանիշը (syndrome) ընդհանրապէս կը տեսնուի իգական սեռին մօտ 20-50 տարիքի միջեւ: Անոր ախտանշաններն են՝ արեան երկաթի նուազում եւ արեան տկարութիւն, ստամոքսա-որկորային ճողուածք եւ ստամոքսաբորբ: Բարեբախտաբար այս բոլոր ախտանշանները ընդհանրապէս կ՛անյետանանկ'անյետանան երկաթի գործածութեամբ:
 
* Պնդամաշկութիւն (scleroderma): Ան մորթային հիւանդութիւն մըն է, որ կը յատկանշուի մորթի տարբեր խաւերուն կարծրացումով եւ պռկուածութեամբ: Ասոր կ՛ուղեկցիկ'ուղեկցի որկորի ներքնամաշկի կարծրացումը եւ պռկուածութիւնը, որոնց հետեւանքով որկորը կը նեղանայ եւ հիւանդը կ՛ունենայկ'ունենայ կլլելու դժուարութիւն:
 
* Մկանային որոշ հիւանդութիւններու պարագային որկորը կ՛ունենայկ'ունենայ անբնական եւ տկար շարժումներ եւ պռկումներ: Որկորի բոլոր տեսակի հիւանդութիւնները կախտաճանաչուին որկորադիտակումով (esophagos-copy): Անով կը դարմանուին նաեւ որկորի կարգ մը հիւանդութիւնները: Որկորադիտակ (esophagoscop) գործածող բժիշկը պէտք է ըլլայ պատրաստուած եւ մասնագէտ բժիշկ մը: Որկորադիտակումը դիւրին միջոցառում մըն է, սակայն անփորձութեան հետեւանքով կրնան պատահիլ կարգ մը բարդութիւններ, օրինակ՝ շրթունքի եւ ակռաներու վնաս, լեզուի պատրուածք, որկորի պատրուածք, ծակ եւ արիւնահոսում, ինչպէս նաեւ խռչափողի վնասում ու շնչափողա-որկորային խլուակի ստեղծում:
 
== Տե'ս Նաեւ ==
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Որկոր» էջէն