«Ուիքիփետիա» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} {{Արևելահայերեն|Վիքիպեդիա}} {{Տեղեկաքարտ Կայք (արեւմտահայերէն) | անուանում = Ուիքիփետիա | բնօրի...»:
 
Չ Bot: Migrating 1 interwiki links, now provided by Wikidata on d:Q15490293
Տող 27.
Ուիքիփետիան կը պարունակէ մօտաւորապէս 30 միլիոն յօդուած, որոնցմէ աւելի քան 4.300.000-ը կը պատկանին [[անգլերէն]] տարբերակին։ Հանրագիտարանը սկսաւ գործել որպէս փորձագէտներու կողմէն գրուող Նուփետիա հանրագիտարանի շարունակութիւնը 15 Յունուար 2001-էն։ Հանրագիտարանը կ՛աշխատի ուիքի համակարգչային ծրագրով եւ ունի բազմաթիւ քոյր նախագիծեր, ինչպիսին են օրինակ Ուիքիդարանը եւ Ուիքիգիրքերը:
 
Ուիքիփետիան կը գնահատուի անվճար ըլլալու, ազատութեան եւ մատչելիութեան, թեմաներու հսկայական բազմազանութեան եւ հիրաւի մանրամասն տեղեկութիւններու համար։ Ուիքիփետիան կը քննադատեն աւանդական հանրագիտարանի համեմատ արժանահաւատութեան պակասի համար, [[en:systemic bias]], եւ աւանդական հանրագիտարանային թեմաներու վերաբերեալ յօդուածներու թերութիւններուն համար։ Այս կայքը նաեւ հսկայածաւալ փորձարարական դաշտ է en:discourse այսպէս կոչուած ընկերային գիտութիւններու բնագաւառէն ներս ազատ քննարկումներու համար։
 
Ազատ ու մատչելի հանրութեան գաղափարը, մէկ հանրութեան, որ միաւորուած է արուեստագիտութեամբ, ուր հետզհետէ կը մեծնան հաղորդակցուող տեղեկութիւններու ծաւալները, աշխուժօրէն յօդուածներ կը գրուին եւ կը քննարկուին ու ազատօրէն կը տրամադրուին համաշխարհային հասարակութեան, այս առանձնայատկութիւնները Ուիքիփետիան կը դարձնեն բացառիկ երեւոյթ մը ոչ միայն որպէս հանրագիտարան, այլ նաեւ որպէս տեղեկատուական ռեսուրսներու աննախադէպ աղբիւր մը։ Այդուհանդերձ, շնորհիւ այն հանգամանքի, որ այն բաց է իւրաքանչիւր գրել ցանկացողի համար եւ կրնայ ազատօրէն խմբագրուիլ ընթերցողներուն կողմէն, յօդուածներու արժանահաւատութիւնը ըստ էութեան կախուած է գրողի պատասխանատուութիւնէն եւ բարեխղճութիւնէն, եւ Ուիքիփետիա համայնքը անդադար աչալուրջ պիտի ըլլայ վանդալութեան հնարաւոր դէպքերը կանխարգիլելու եւ ենթակայական տեսակէտներէն խուսափելու համար։