«Ուիքիփետիա» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 54.
 
== Չեզոք տեսակէտ ==
[[Պատկեր:Բջջային Ուիքիփետիա.png|մինի|Ուիքիփետիան բջջային հեռախօսի վրա]]
Ուիքիփետիան կը կառուցուի այն գաղափարի հիման վրայ, որ անոր բոլոր յօդուածները պէտք է գրուին չէզոք տեսակէտէ։ Չեզոք տեսակէտ կը նշանակէ գաղափարներն ու փաստերը արծարծել այնպէս, որ շարադրման հետ կարենան համաձայնիլ ե՛ւ համակարծիք, ե՛ւ տարակարծիք կողմերը։ Անշուշտ, բացարձակ համաձայնութիւնը անհնարին է։ Աշխարհի մէջ կան այնպիսի գաղափարախօսներ, որոնք երբեք չեն համաձայնիր որեւէ մէկուն կարծիքի հետ՝ շարունակելով անգամ ուժով պնդել սեփական կարծիքի բացարձակ եւ անվերապահ ճշտութիւնը։ Սակայն Ուիքիփետիան կոչ կ՛ընէ որդեգրել գրելու այնպիսի ոճ, որ ընդունելի ըլլայ ըստ էութեան բանական մտածելակերպ ունեցող բոլոր մարդոց համար։
Չեզոք տեսակէտի քաղաքականութիւնը կը պնդէ, որ յօդուածները պէտք է գրուին առանց կողմնակալութեան, արդարացիօրէն արտայայտելով բոլոր տեսակէտները։ Սակայն, ճիշտ այնպէս ինչպէս միւս բոլոր համատեղ իրականացուող ծրագրերուն մէջ, Ուիքիփետիան արդէն ներկառուցուած կողմնակալութիւն ունի, քանի որ ազգային լեզուներով կառուցուող յօդուածները կը գրուին որոշակի ժողովրդագրական միասնութիւն ունեցող հանրութեան կողմէ։ Ուիքիփետիայի պարագային այս արտայայտուի այն միտման մէջ, որ համակարգչային գրագիտութիւն ունեցող ամերիկացի ու բրիտանացի յօդուածագիրները աւելի շատ կը գրեն այն մասին, որ իրենց առաւելապէս կը հետաքրքրէ։ Արդիւնքով, երկու յօդուածներու համեմատութենէն կրնայ պարզուիլ, որ «Քորոնէյշըն Սթրիթ» en:Coronation Street կոչուող բրիտանական հեռուստաշարքի մասին յօդուածը, որ սկսած են գրել 2005-ին կազմուած է 6.933 բառերէ, դեռ չհաշուած այն միւս 14 յօդուածները, որոնք գրուած են այդ նոյն թեմային շուրջ (4.746 բառ)՝ նուիրուած հեռուստաֆիլմին մէջ խաղցող դերասաններուն ու կերպարներուն, մինչդեռ Ռուանտային ցեղասպանութեանը նուիրուած (en:Rwandan Genocide) յօդուածը կը պարունակէ ընդամէնը 2.840 բառ այն մասին թէ ինչպէս 800.000 մարդ բնաջնջուած է 100 օրուան ընթացքին։ (Ընթերցեցէք բոլոր այն յօդուածները, որոնք կը վերաբերին [[Հայաստան (արեւմտահայերէն)|Հայաստանին]] կամ [[Հայոց Ցեղասպանութիւն|հայկական ցեղասպանութեան]], եթէ այդպիսին գտնեք եւ աւելցնէք ձեր կողմէն)։ [[Անգլերէն]] հանրագիտարանին մէջ նմանատեսակ երկար յօդուածներ կան այնպիսի անկարեւոր թեմաներու շուրջ, ինչպիսին են հեռուստատեսային ծրագիրները, ֆիլմերու կերպարները, փոփ երաժշտութիւնը, երաժշտական ալպոմներն ու վիտիօ խաղերը։