«Մատթէոս Ուռհայեցի» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Հետ է շրջվում 159559 խմբագրումը, որի հեղինակն է՝ Beko (քննարկում)
Տող 18.
(----)
 
ՀԱՅՈՑ ՀԻՆ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻԱՆ
 
Խոսելով Հայոց Հին Գրականութեան մասին, կարելի չէ երկու խօսքով չ'անդրադառնալ հայ ժողովուրդի ծագման մասին: Սխալ են յոյն մատենագիրներու եւ եւրոպական գիտնականներու տեսութիւնները՝ թէ հայ ժողովուրդը եկւոր է իր հողին վրայ: Արդի ուսումնասիրութիւնները կը փաստեն թէ հայ ժողովուրդը հայկական բարձրավանդակի տեղացի բնակիչներն են նախնական մարդու շրջանէն:
 
Ուրեմն հազարամեակներու կեանք ունեցող՝ Հայ, Հայասա, Ուրարտու, Արամ, Արիմ, Արմէն անուններու տակ, Նայիրեան այս երկրին մէջ ծագում առած հայ ժողովուրդը անշուշտ թէ ունի մշակոյթ, ունի մշակոյթի պատմութիւն:
Երբ հայ ժողովուրդը ունի մշակոյթի պատմութիւն, ունի նաեւ գրականութեան պատմութիւն՝ որպէս մէկ ճիւղը մշակոյթի պատմութեան:
 
Հայոց հին գրականութեան պատմութիւնը սովորաբար բաժնուած է երկու շրջաններու:
 
1. Անգիր կամ բերանացի ստեղծագործութեան շրջան որ տեւած է սկիզբէն մինչեւ Ե. դարու սկիզբը՝ գիրերու գիւտը:
 
2. Գրաւոր ստեղծագործութեան շրջան, որ սկսած է գիրերու գիւտով եւ շարունակուած Ժ. դարէն մինչեւ ԺԱ. դար՝ եւ կոչուած է ԳՐԱՒՈՐ ԴՊՐՈՒԹԵԱՆ ՇՐՋԱՆ:
 
Առաջին շրջանի բերանացի ստեղծագործութիւնները կոչուած են ԲԱՆԱՀԻՒՍՈՒԹԻՒՆ:
 
ԲԵՐԱՆԱՑԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԲԱՆԱՀԻՒՍՈՒԹԻՒՆԸ եղած է մաքուր եւ գեղարուեստական այն աստիճան որ կարծել տուած է շատ մը բանասէրներու թէ մարդիկ հայերէն գրած են օգտագործելով ուրիշ այբուբեն, թերեւս յունարէն կամ ասորերէն:
 
Սակայն տրուած ըլլալով որ ոչ մէկ գրութիւն հասած է մեր ձեռքը օտարատառ հայերէնով եկած ենք այն համոզումին որ մեր նախնիները հայերէն գրած են առաջին անգամ Մեսրոպեան գիրերով: Մանաւանդ փաստ է որ մեր թագաւորները՝ Տիգրան, Արտաշէս, Արտաւազդ, իրենց պատկերով հանած դրամներուն վրայ յունարէն մակագրութիւններ ընել տուած են (Այլապէս կրնային յունատառ հայերէնով գրել տալ):
 
Բանահիւսութեան շրջանի մաս կը կազմեն հինաւուրց զրոյցները, աւանդութիւնները, դիւցազնավէպերը, գուսանական տաղերը, հարսանեկան եւ սգոյ երգերը, եւայլն, ամէնքն ալ հեթանոսական շրջանէն: Քրիստոնէութեան մուտքով Հեթանոսական բովանդակութիւն ունեցող այս ստեղծագործութիւնները պաշտօնապէս մերժուած են, բայց պահպանուած են դարերով ժողովուրդին մէջ: Ժողովուրդը դժուար թէ հեռանար հեթանոսական իր սովորութիւններէն եւ բարքերէն որոնց վարժ էր դարերէ ի վեր:
 
Նախնական Առասպելա-պատմական Բանահիւսութեան շրջանին ստեղծագործու- թիւններու նիւթը կը ներկայացնէր ժողովուրդին կենցաղը, սովորութիւնները, անոր հաւատալիքները, աստուածները, նախնիներու պաշտամունքը, ոգեպաշտութիւնը, գերապրուկները, հոգու հաւատքը, հմայական աղօթքներու եւ սնահաւատական զրոյցներու ձեւով:
 
Բանաւոր ստեղծագործութեան առաջին եւ մեծ արդիւնքը լեզուն ինքն է որ կը կրէ որոշ ժամանակի մը մտայնութեան կնիքը: Մարդկային մտաւորական զարգացման ամենահին աստիճանը այն վիճակն է, որ ՈԳԵՊԱՇՏՈՒԹԵԱՆ շրջան կը կոչուի:Ամէն իր եւ ամէն երեւոյթ այդ մտայնութեան մէջ կը համարուի կենդանի ոգի ունեցող: Ամէն ժողովուրդ այդ աստիճանէն անցած է: Այդ առանձնայատկութիւններէն մէկն ալ այդ է, որ խօսքը կը համարեն ոյժ մը, որ կարելի էր երեւոյթները յեղաշրջել, փոխել: Ասոր համար կ'ընէին մաղթանքներ, աղօթքներ՝ գայլը, կարիճը կապելու խօսքեր, գլխացաւը եւ վախը փարատելու համար աղօթքներ, որոնք կը կոչուէին Հմայէկ, Թիւթանք կամ Բժժանք: Յիշենք անոնցմէ ԳՈՐՏՆՈՒԿԻ աղօթք մը: (Գորտնուկը գորտի կերպարանք ունեցող չար ոգիի մը բերած մէկ հիւանդութիւն մըն է հին մտայնութեամբ»: Աղօթողը կը դիմէ ՆՈՐԻՆ այսինքն նորած կամ նոր ելած լուսինին որ ժամանակ մը կը պաշտուէր հայերուն մէջ իբրեւ բարի ոգի եւ անկէ կը խնդրէ:
 
Նո՛ր, Նո՛ր, թազա թագաւոր,
Ես ալեւոր, դու թագաւոր,
Էն աշխարհքից ի՞նչ խապար ես բերել:
Նո՛ր, Նո՛ր, տես զիս.
Գորտնուկ եկէ կուտայ զիս (կ'ուտէ)
Կե՛ր Գորտնուկին չուտայ զիս: (չուտէ):
 
Յիշենք նաեւ ծննդականի մը աղօթքը՝
 
Ելանք դարով, շրջանք ձորով,
Մեր Տէրն եկաւ, հազար բարով:
Ասինք՝ Տէ՛ր, ո՞ւր կ'երթաս:
-Կ'երթամ դուռը հիւանդին,
Ելնեմ երդիկ տղացկանին,
Զնջիլ քաշեմ բոլոր պատին,
Չվախնայ սիրտն ի փորին:
 
Կար նաեւ հետեւեալ աղօթքը որ հմայեկ կը կոչուէր:-
 
Չար ակն ի չար փուշն,
Չար փուշն ի բարկ կրակն,
Բարկ կրակն ի քար,
Քարն ի անյատակ ծովն...
 
Նախնական մտածողութեան ստեղծագործութիւնները այս մթնոլորտին մէջն է որ ծնունդ կ'առնեն, բայց հետզհետէ մտայնութիւնները կը փոխուին եւ մարդիկ ուրիշ կերպարանքով կը սկսին աշխարհը տեսնել, բայց նախնական մտածողութեան կերպերը չեն մեռնիր, այլ աստիճան մը վար կ'իջնեն, կը դառնան առասպել, հեքիաթ, աւանդութիւն, որոնք նախնական մտածման կը մնան սիրելի: Ուրեմն կը սկսի հին առասպելական բանահիւսութիւնը, որոնք են :- ԱՌԱՍՊԵԼ, ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՎԷՊ, ԱՌԱՍՊԵԼԱԽԱՌՆ ՎԷՊ: (----)
 
 
==Արտաքին հղումներ==
ՀԱՅՈՑ ՀԻՆ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻԱՆ
 
Խոսելով Հայոց Հին Գրականութեան մասին, կարելի չէ երկու խօսքով չ'անդրադառնալ հայ ժողովուրդի ծագման մասին: Սխալ են յոյն մատենագիրներու եւ եւրոպական գիտնականներու տեսութիւնները՝ թէ հայ ժողովուրդը եկւոր է իր հողին վրայ: Արդի ուսումնասիրութիւնները կը փաստեն թէ հայ ժողովուրդը հայկական բարձրավանդակի տեղացի բնակիչներն են նախնական մարդու շրջանէն:
Ուրեմն հազարամեակներու կեանք ունեցող՝ Հայ, Հայասա, Ուրարտու, Արամ, Արիմ, Արմէն անուններու տակ, Նայիրեան այս երկրին մէջ ծագում առած հայ ժողովուրդը անշուշտ թէ ունի մշակոյթ, ունի մշակոյթի պատմութիւն:
Երբ հայ ժողովուրդը ունի մշակոյթի պատմութիւն, ունի նաեւ գրականութեան պատմութիւն՝ որպէս մէկ ճիւղը մշակոյթի պատմութեան:
Հայոց հին գրականութեան պատմութիւնը սովորաբար բաժնուած է երկու շրջաններու:
1. Անգիր կամ բերանացի ստեղծագործութեան շրջան որ տեւած է սկիզբէն մինչեւ Ե. դարու սկիզբը՝ գիրերու գիւտը:
2. Գրաւոր ստեղծագործութեան շրջան, որ սկսած է գիրերու գիւտով եւ շարունակուած Ժ. դարէն մինչեւ ԺԱ. դար՝ եւ կոչուած է ԳՐԱՒՈՐ ԴՊՐՈՒԹԵԱՆ ՇՐՋԱՆ:
Առաջին շրջանի բերանացի ստեղծագործութիւնները կոչուած են ԲԱՆԱՀԻՒՍՈՒԹԻՒՆ:
 
ԲԵՐԱՆԱՑԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԲԱՆԱՀԻՒՍՈՒԹԻՒՆԸ եղած է մաքուր եւ գեղարուեստական այն աստիճան որ կարծել տուած է շատ մը բանասէրներու թէ մարդիկ հայերէն գրած են օգտագործելով ուրիշ այբուբեն, թերեւս յունարէն կամ ասորերէն:
Սակայն տրուած ըլլալով որ ոչ մէկ գրութիւն հասած է մեր ձեռքը օտարատառ հայերէնով եկած ենք այն համոզումին որ մեր նախնիները հայերէն գրած են առաջին անգամ Մեսրոպեան գիրերով: Մանաւանդ փաստ է որ մեր թագաւորները՝ Տիգրան, Արտաշէս, Արտաւազդ, իրենց պատկերով հանած դրամներուն վրայ յունարէն մակագրութիւններ ընել տուած են (Այլապէս կրնային յունատառ հայերէնով գրել տալ):
Բանահիւսութեան շրջանի մաս կը կազմեն հինաւուրց զրոյցները, աւանդութիւնները, դիւցազնավէպերը, գուսանական տաղերը, հարսանեկան եւ սգոյ երգերը, եւայլն, ամէնքն ալ հեթանոսական շրջանէն: Քրիստոնէութեան մուտքով Հեթանոսական բովանդակութիւն ունեցող այս ստեղծագործութիւնները պաշտօնապէս մերժուած են, բայց պահպանուած են դարերով ժողովուրդին մէջ: Ժողովուրդը դժուար թէ հեռանար հեթանոսական իր սովորութիւններէն եւ բարքերէն որոնց վարժ էր դարերէ ի վեր:
Նախնական Առասպելա-պատմական Բանահիւսութեան շրջանին ստեղծագործու- թիւններու նիւթը կը ներկայացնէր ժողովուրդին կենցաղը, սովորութիւնները, անոր հաւատալիքները, աստուածները, նախնիներու պաշտամունքը, ոգեպաշտութիւնը, գերապրուկները, հոգու հաւատքը, հմայական աղօթքներու եւ սնահաւատական զրոյցներու ձեւով:
 
Բանաւոր ստեղծագործութեան առաջին եւ մեծ արդիւնքը լեզուն ինքն է որ կը կրէ որոշ ժամանակի մը մտայնութեան կնիքը: Մարդկային մտաւորական զարգացման ամենահին աստիճանը այն վիճակն է, որ ՈԳԵՊԱՇՏՈՒԹԵԱՆ շրջան կը կոչուի:Ամէն իր եւ ամէն երեւոյթ այդ մտայնութեան մէջ կը համարուի կենդանի ոգի ունեցող: Ամէն ժողովուրդ այդ աստիճանէն անցած է: Այդ առանձնայատկութիւններէն մէկն ալ այդ է, որ խօսքը կը համարեն ոյժ մը, որ կարելի էր երեւոյթները յեղաշրջել, փոխել: Ասոր համար կ'ընէին մաղթանքներ, աղօթքներ՝ գայլը, կարիճը կապելու խօսքեր, գլխացաւը եւ վախը փարատելու համար աղօթքներ, որոնք կը կոչուէին Հմայէկ, Թիւթանք կամ Բժժանք: Յիշենք անոնցմէ ԳՈՐՏՆՈՒԿԻ աղօթք մը: (Գորտնուկը գորտի կերպարանք ունեցող չար ոգիի մը բերած մէկ հիւանդութիւն մըն է հին մտայնութեամբ»: Աղօթողը կը դիմէ ՆՈՐԻՆ այսինքն նորած կամ նոր ելած լուսինին որ ժամանակ մը կը պաշտուէր հայերուն մէջ իբրեւ բարի ոգի եւ անկէ կը խնդրէ:
 
Նո՛ր, Նո՛ր, թազա թագաւոր,
Ես ալեւոր, դու թագաւոր,
Էն աշխարհքից ի՞նչ խապար ես բերել:
Նո՛ր, Նո՛ր, տես զիս.
Գորտնուկ եկէ կուտայ զիս (կ'ուտէ)
Կե՛ր Գորտնուկին չուտայ զիս: (չուտէ):
 
Յիշենք նաեւ ծննդականի մը աղօթքը՝
 
Ելանք դարով, շրջանք ձորով,
Մեր Տէրն եկաւ, հազար բարով:
Ասինք՝ Տէ՛ր, ո՞ւր կ'երթաս:
-Կ'երթամ դուռը հիւանդին,
Ելնեմ երդիկ տղացկանին,
Զնջիլ քաշեմ բոլոր պատին,
Չվախնայ սիրտն ի փորին:
 
Կար նաեւ հետեւեալ աղօթքը որ հմայեկ կը կոչուէր:-
 
Չար ակն ի չար փուշն,
Չար փուշն ի բարկ կրակն,
Բարկ կրակն ի քար,
Քարն ի անյատակ ծովն...
 
Նախնական մտածողութեան ստեղծագործութիւնները այս մթնոլորտին մէջն է որ ծնունդ կ'առնեն, բայց հետզհետէ մտայնութիւնները կը փոխուին եւ մարդիկ ուրիշ կերպարանքով կը սկսին աշխարհը տեսնել, բայց նախնական մտածողութեան կերպերը չեն մեռնիր, այլ աստիճան մը վար կ'իջնեն, կը դառնան առասպել, հեքիաթ, աւանդութիւն, որոնք նախնական մտածման կը մնան սիրելի: Ուրեմն կը սկսի հին առասպելական բանահիւսութիւնը, որոնք են :- ԱՌԱՍՊԵԼ, ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՎԷՊ, ԱՌԱՍՊԵԼԱԽԱՌՆ ՎԷՊ:
 
{{վիքիքաղվածք}}