«Մատթէոս Ուռհայեցի» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
ՄԱԹԷՈՍ ՈՒՐՀԱՅԵՑԻ
No edit summary
Տող 16.
(----)
 
ՀԱՅՈՑ ՀԻՆ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
 
Խօսելով Հայոց Հին Գրականութեան մասին, կարելի չէ երկու խօսքով չ'անդրադառնալ հայ ժողովուրդի ծագման մասին: Սխալ են յոյն մատենագիրներու եւ եւրոպական գիտնականներու տեսութիւնները՝ թէ հայ ժողովուրդը եկւոր է իր հողին վրայ: Արդի ուսումնասիրութիւնները կը փաստեն թէ հայ ժողովուրդը հայկական բարձրավանդակի տեղացի բնակիչներն են նախնական մարդու շրջանէն: Ուրեմն հազարամեակներու կեանք ունեցող՝ Հայ, Հայասա, Ուրարտու, Արամ, Արիմ, Արմէն անուններու տակ, Նայիրեան այս երկրին մէջ ծագում առած հայ ժողովուրդը անշուշտ թէ ունի մշակոյթ, ունի մշակոյթի պատմութիւն: Երբ հայ ժողովուրդը ունի մշակոյթի պատմութիւն, ունի նաեւ գրականութեան պատմութիւն՝ որպէս մէկ ճիւղը մշակոյթի պատմութեան:
Հայոց հին գրականութեան պատմութիւնը սովորաբար բաժնուած է երկու շրջաններու:
 
1.-Անգիր կամ բերանացի ստեղծագործութեան շրջան որ տեւած է սկիզբէն մինչեւ Ե. դարու սկիզբը՝ գիրերու գիւտը:
2.-Գրաւոր ստեղծագործութեան շրջան, որ սկսած է գիրերու գիւտով եւ շարունակուած Ժ. դարէն մինչեւ ԺԱ. դար՝ եւ կոչուած է ԳՐԱՒՈՐ ԴՊՐՈՒԹԵԱՆ ՇՐՋԱՆ:
Առաջին շրջանի բերանացի ստեղծագործութիւնները կոչուած են ԲԱՆԱՀԻՒՍՈՒԹԻՒՆ:
 
ԲԵՐԱՆԱՑԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԲԱՆԱՀԻՒՍՈՒԹԻՒՆԸ եղած է մաքուր եւ գեղարուեստական այն աստիճան որ կարծել տուած է շատ մը բանասէրներու թէ մարդիկ հայերէն գրած են օգտագործելով ուրիշ այբուբեն, թերեւս յունարէն կամ ասորերէն:
Սակայն տրուած ըլլալով որ ոչ մէկ գրութիւն հասած է մեր ձեռքը օտարատառ հայերէնով եկած ենք այն համոզումին որ մեր նախնիները հայերէն գրած են առաջին անգամ Մեսրոպեան գիրերով: Մանաւանդ փաստ է որ մեր թագաւորները՝ Տիգրան, Արտաշէս, Արտաւազդ, իրենց պատկերով հանած դրամներուն վրայ յունարէն մակագրութիւններ ընել տուած են (Այլապէս կրնային յունատառ հայերէնով գրել տալ):
Բանահիւսութեան շրջանի մաս կը կազմեն հինաւուրց զրոյցները, աւանդութիւնները, դիւցազնավէպերը, գուսանական տաղերը, հարսանեկան եւ սգոյ երգերը, եւայլն, ամէնքն ալ հեթանոսական շրջանէն: Քրիստոնէութեան մուտքով Հեթանոսական բովանդակութիւն ունեցող այս ստեղծագործութիւնները պաշտօնապէս մերժուած են, բայց պահպանուած են դարերով ժողովուրդին մէջ: Ժողովուրդը դժուար թէ հեռանար հեթանոսական իր սովորութիւններէն եւ բարքերէն որոնց վարժ էր դարերէ ի վեր:
Նախնական Առասպելա-պատմական Բանահիւսութեան շրջանին ստեղծագործու- թիւններու նիւթը կը ներկայացնէր ժողովուրդին կենցաղը, սովորութիւնները, անոր հաւատալիքները, աստուածները, նախնիներու պաշտամունքը, ոգեպաշտութիւնը, գերապրուկները, հոգու հաւատքը, հմայական աղօթքներու եւ սնահաւատական զրոյցներու ձեւով:
Բանաւոր ստեղծագործութեան առաջին եւ մեծ արդիւնքը լեզուն ինքն է որ կը կրէ որոշ ժամանակի մը մտայնութեան կնիքը: Մարդկային մտաւորական զարգացման ամենահին աստիճանը այն վիճակն է, որ ՈԳԵՊԱՇՏՈՒԹԵԱՆ շրջան կը կոչուի: Ամէն իր եւ ամէն երեւոյթ այդ մտայնութեան մէջ կը համարուի կենդանի ոգի ունեցող: Ամէն ժողովուրդ այդ աստիճանէն անցած է: Այդ առանձնայատկութիւններէն մէկն ալ այդ է, որ խօսքը կը համարեն ոյժ մը, որ կարելի էր երեւոյթները յեղաշրջել, փոխել: Ասոր համար կ'ընէին մաղթանքներ, աղօթքներ՝ գայլը, կարիճը կապելու խօսքեր, գլխացաւը եւ վախը փարատելու համար աղօթքներ, որոնք կը կոչուէին Հմայէկ, Թիւթանք կամ Բժժանք: Յիշենք անոնցմէ ԳՈՐՏՆՈՒԿԻ աղօթք մը: (Գորտնուկը գորտի կերպարանք ունեցող չար ոգիի մը բերած մէկ հիւանդութիւն մըն է հին մտայնութեամբ»: Աղօթողը կը դիմէ ՆՈՐԻՆ այսինքն նորած կամ նոր ելած լուսինին որ ժամանակ մը կը պաշտուէր հայերուն մէջ իբրեւ բարի ոգի եւ անկէ կը խնդրէ:
 
Նո՛ր, Նո՛ր, թազա թագաւոր,
Ես ալեւոր, դու թագաւոր,
Էն աշխարհքից ի՞նչ խապար ես բերել:
Նո՛ր, Նո՛ր, տես զիս.
Գորտնուկ եկէ կուտայ զիս (կ'ուտէ)
Կե՛ր Գորտնուկին չուտայ զիս: (չուտէ):
 
Յիշենք նաեւ ծննդականի մը աղօթքը՝
 
Ելանք դարով, շրջանք ձորով,
Մեր Տէրն եկաւ, հազար բարով:
Ասինք՝ Տէ՛ր, ո՞ւր կ'երթաս:
-Կ'երթամ դուռը հիւանդին,
Ելնեմ երդիկ տղացկանին,
Զնջիլ քաշեմ բոլոր պատին,
Չվախնայ սիրտն ի փորին:
 
Կար նաեւ հետեւեալ աղօթքը որ հմայեկ կը կոչուէր:-
 
Չար ակն ի չար փուշն,
Չար փուշն ի բարկ կրակն,
Բարկ կրակն ի քար,
Քարն ի անյատակ ծովն...
 
Նախնական մտածողութեան ստեղծագործութիւնները այս մթնոլորտին մէջն է որ ծնունդ կ'առնեն, բայց հետզհետէ մտայնութիւնները կը փոխուին եւ մարդիկ ուրիշ կերպարանքով կը սկսին աշխարհը տեսնել, բայց նախնական մտածողութեան կերպերը չեն մեռնիր, այլ աստիճան մը վար կ'իջնեն, կը դառնան առասպել, հեքիաթ, աւանդութիւն, որոնք նախնական մտածման կը մնան սիրելի: Ուրեմն կը սկսի հին առասպելական բանահիւսութիւնը, որոնք են :- ԱՌԱՍՊԵԼ, ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՎԷՊ, ԱՌԱՍՊԵԼԱԽԱՌՆ ՎԷՊ:
 
 
 
Ի՞ՆՉ ԷԱՌԱՍՊԵԼԸ:- Առասպելները հնագոյն բանաստեղծութեան մէկ տեսակն են: անոնք փոքրիկ զրուցիկներ են, որոնց մէջ ըստ նախնական աշխարհայեցողութեան ու հաւատալիքներու, բնութիւնն ու հասարակական ձեւերը անգիտակցօրէն մշակուած են ժողովուրդի երեւակայութեամբ: Անոնց մէջ՝ բնութեան ուժերն ու երեւոյթները եւ հասարակական յարաբերութիւնները, ոգիներու, դիւցազներու կամ աստուածներու պատկերով ձեւաւորուած ու դրոշմուած են նախնական ժողովուրդներու երեւակայութեան կամ հայեացքին մէջ: Հինէն ի վեր հայ ժողովուրդի մէջ պատմուած են բազմաթիւ առասպելներ, որոնք մասամբ կապուած են հայոց սկզբնական պատմութեան եւ կրօնի հետ: Այդպիսի են Մովսէս Խորենացիի ''Հայոց Պատմութեան'' մէջ բերած մի քանի առասպելները, ինչպէս՝ Հայկի Եւ Բէլի, Արամի, Տիգրանի Եւ Աժդահակի, Արտաշէսի Եւ Սաթենիկի, Վահագն Վիշապաքաղ, եւայլն առասպելները:
 
ՀԱՅԿԻ ԵՒ ԲԷԼԻ ԱՌԱՍՊԵԼԸ:- Հայկ չուզելով ենթարկուիլ բռնակալ Բէլի, իր զաւակներով կ'երթայ դէպի հիւսիս: Բէլ հսկաներու բազմութեամբ կու գայ, կը յարձակի Հայկի վրայ որպէս զի զինք հպատակեցնէ: բայց Հայկը իր սակաւաթիւ մարդերով կ'ելլէ անոր դէմ, կը կռուի եւ նետահար կը սպաննէ զայն: Բէլի ամբոխը կը ցրուի: Հայոց երկիրը կ'ազատի եւ Հայկի անունով կը կոչուի Հայք: Այս պատմուածքը իր էական գիծերով շատ տարածուած պատմուածք մըն է: Ասոր նմանները շատ կան ազգերու մէջ, օրինակ՝ յոյներու Օրիոնը, որ Հայկն է, հրէական Դաւիթի եւ Գողիաթի կռիւը, շուետեցերական Տէլի զրոյցը, եւայլն:
Հայկի առասպելը որ ընդհանուր աշխարհայեցութիւն ունի, կապուած է հայոց նախնական պատմութեան հետ: Առասպելը իր պատմական գիծերով կը նմանի ուրարտական պատմութեան որ երկարատեւ պայքար մըն էր Ասորեստանի հետ: Ուրարտացիներն ալ Ասորեստանի յարատեւ արշաւանքներէն քշուելով յառաջացան դէպի հիւսիս, ուր բնակութիւն հաստատեցին եւ պետականութիւն ունեցան: Ճիշդ այնպէս ինչպէս Հայկ չհպատակելով Բէլի քաշուեցաւ դէպի հիւսիս: Հայկ դարձած հայոց նախնին՝ հաւանաբար ան եղած ըլլայ ուրարտացիներու նախահայրը: Առասպելին մէջ յիշուած տեղանուններն ալ՝ Հարք, Հայկաշէն, Հայոց Ձոր, կը գտնուին Վանայ լիճին շուրջ, ուր սկիզբէն տեղաւորուած է հայութիւնը: Այս զրոյցին հիմնական գաղափարներն են:-
Ա.- Նախ ըմբոստութեան՝ բռնութեան չհանդուրժելու գաղափարը:
Բ.- Անկախութեան բուռն սէրն ու ոգին:
Գ.- Շինարարութեան պաշտամունք. (Հայկաշէնի եւ Արմաւիրի շինութիւնները) առասպելի հերոսներուն շինարարութիւնները յաղթանակներով:
Դ.- Ընտանեկան պատուի սրբութիւնը եւ հաւատարմութեան նախանձախնդրութիւնը:
Ե.- Ուրիշ ցեղերու խառնուելու պժգանք մը (Արայի եւ Շամիրամի առասպելը): Այս առասպելը հայկական բայց ծագումով ուրարտական է:
 
ՎԱՀԱԳՆԻ ԶՐՈՅՑԸ:- Վահագնի զրոյցը կը ներկայացնէ հնդեւրոպական աստուածութիւնը եւ կապուած է արդէն Տիգրանի հետ, որուն (Բոյս եւ Կրակ)-է ծնունդը նման է հնդկական (Ակն Ի Բոյս)-է ծնունդին: Բայց Խորենացին կը մարդացնէ Վահագնը եւ կը դարձնէ Տիգրանի որդին: Ինքն ալ կը յիշատակէ որ Վահագնի զրոյցը շատ երկար է եղած բայց մէկ փոքրիկ մասն է մնացած միայն:
Երկնէր երկին ու երկիր
Երկնէր եւ ծիրանի ծով.
Երկն ի ծովուն ունէր զկարմրիկ եղեգնիկն.
Ընդ եղեգան փող՝ ծուխ ելանէր.
Ընդ եղեգան փող՝ բոց ելանէր.
Եւ ի բոցոյն պատանեկիկ վազէր.
Նա հուր հեր ունէր.
Ապա թէ բոց ունէր մօրուս
Եւ աչկունքն էին արեգակունք:
 
ՏԻԳՐԱՆԻ ԵՒ ԱԺԴԱՀԱԿԻ ԱՌԱՍՊԵԼԸ:- Զրոյցներու երկրորդ խաւը կարելի է հայկական անուանել: Այս շարքին կը պատկանի ''ՏԻԳՐԱՆԻ ԵՒ ԱԺԴԱՀԱԿԻ'' առասպելը: Այս զրոյցին իբրեւ ճիւղ կ'ընկերանայ Տիգրանուհիին զրոյցը որ Աժդահակի հետ ամուսնանալէ յետոյ ալ կը պահէ մօտիկ կապ մը իր ցեղակիցներուն հետ եւ երբ Աժդահակ կ'ուզէ վնասել Տիգրանին, Տիգրանուհին լուր կու տայ եղբօրը, որ պատերազմի մէջ կը յաջողի սպաննել Աժդահակը եւ ազատել իր քոյրը: Այս զրոյցը ցոյց կու տայ ազգային զօրաւոր զգացում:
 
ԱՐՏԱՇԻՍԵԱՆ ԶՐՈՅՑՆԵՐ:- Զրոյցներու երրորդ խաւը եւ ամենէն ընդարձակը՝ կը կազմեն «ԱՐՏԱՇԻՍԵԱՆ ԶՐՈՅՑՆԵՐԸ», որոնք պարթեւական են բայց հայ ժողովուրդին բերնով ստեղծուած: Այս զրոյցներուն առաջինը Սանատրուկի զրոյցն է եւ Երուանդի զրոյցը:
Արտաշէսի զրոյցը շատ ընդարձակ է: Զրոյցին առաջին հատուածը կը վերաբերի Արտաշէսի երիտասարդութեան եւ Ալանաց արշաւանքին որոնց մէջ կը յաղթէ Արտաշէս եւ թագաւորին աղջիկն ալ կնութեան կ'առնէ յափշտակելով զայն. օրինակ՝
 
Հեծաւ արի արքայն Արտաշէս ի սեաւն գեղեցիկ
Հանեալ զոսկէօղ շիկափոկ պարանն
Եւ անցեալ որպէս զարծուի սրաթեւ ընդ գետն
Եւ ձգեալ զոսկէօղ շիկափոկ պարանն
Ընկեց ի մէջք օրիորդին Ալանաց
Եւ շատ ցաւեցոյց զմէջք փափուկ օրիորդին
Արագ հասուսեալ ի բանակն իւր:
 
Երկրորդ հատուածը կը վերաբերի Արտաշէսի հարսանիքին:
Տեղ ոսկի տեղայր ի փեսայութեան Արտաշէսի
Տեղայր մարգրիտ ի հարսնութեան Սաթինկան:
 
Երրորդ հատուածը կը վերաբերի Արտաշէսի ընտանեկան դժբախտութեան: Վիշապազուն Մուրացան Արգամ իշխանը կը գողնայ Սաթենիկին սէրը, որ զրոյցը մինչեւ այժմ մեզի անհասկնալի բառերով կը բացատրէ:
 
Տենչայ Սաթենիկ տիկին տենչանս
Զարտախուր խաւարտ եւ զտից խաւարծի
Ի բարձիցս Արգաւանայ:
 
Չորրորդ հատուածը կը վերաբերի այս առիթով պատահած վէճերուն, թէ ինչպէս Արտաշատը շինելու ժամանակ Արտաւազդ՝ թէ պալատին տեղ չեն թողած կը խռովի եւ կ'երթայ մարակերտ, ուր կը շինէ իր պալատը:
Արտաւազդ ոչ գտեալ
Քաջի որդւոյն Արտաշիսի
Տեղի Ապարանից ի հիմնանալն Արտաշատ
Նա անց գնաց եւ շինեաց
Ի մէջ Մարաց զՄարակերտ:
 
Ուրիշ հատուած մը կը վերաբերի Արդաշէսի հոգեվարքին ուր օտարութեան մէջ մեռնող թագաւորը կ'ըսէ.-
 
Ո՜ տայր ինձ զծուխս ծխանի
Եւ զառաւօտն Նաւասարդի.
Զվազելն եղանց եւ զվագելն եղջերուայ.
Մէկ փող հարուաք եւ թմբկի հարկանէաք,
Որպէս օրէն է թագաւորաց:
 
Եւ վերջապէս վերջին հատուածը կը վերաբերի Արտաշէսի մահուան, երբ շատ շատեր չուզելով իրմէ վերջ ապրիլ, անձնասպան եղան իր գերեզմանին վրայ: Արտաւազդ տեսնելով այս բոլորը կը բողոքէ.-
Մինչ դու գնացեր զերկիրս ամենայն ընդ քեզ դարար
Ես աւերակացս որպէս թագաւորեմ:
 
Աւանդութիւնը կ'ըսէ որ Արտաշէս վայրկեան մը գլուխը վեր առնելով կ'ըսէ.-
 
Դու յօրս հեծցես յազատն ի վեր ի Մասիս:
Զքեզ կալցին քաջք.
Տարցին յազատն ի վեր Մասիս.
Անդ կացցե՛ս եւ զլոյս մի տեսցես:
 
ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՎԷՊ
Բանահիւսութեան այլ տեսակ մըն է աւանդական վէպը, որ տարբեր ծագում ունի առասպելէն, (Էպոսը): Մինչ առասպելները ունին աւելի շատ դիցաբանական բնաւորութիւն, չատ քիչ պատմական ազդեցութիւն կրած են եւ յաճախ փոխառութիւն են ուրիշներէ: Վէպը ընդհակառակը իր ծագումով ընդհանուր առմամբ, բնիկ ազգային ինքնուրոյն ստեղծագործութիւն է: Վէպը պատմական բանաստեղծութիւն է: Անոր նիւթը պատմութիւնն է, իր ընդարձակ իմաստով, ըլլայ այդ իսկական կամ կեղծ պատմութիւն: Վէպը կարելի է անուանել զրոյցներու երկ: Աւանդական վէպերէն կրնանք յիշել Մեծն Տիգրանի վէպը: Վիպասանքի այս առաջին ճիւղը կը վերաբերի առաջին դարուն (քրիստոսէ առաջ) ապրող Մեծն Տիգրանին (Երուանդեան Տիգրանին), որուն մասին յիշեցինք առասպելներու շարքին Տիգրանուհիին զրոյցով: Այս վէպին մէջ ամէն ինչ կը վերաբերի յետագայ Մեծն Տիգրանին, բայց Խորենացին սխալմամբ վերագրեր է պարսից Կիւրոս թագաւորին ժամանակակից Տիգրան թագաւորին:
 
ԱՌԱՍՊԵԼԱԽԱՌՆ ՎԷՊ
Աւանդական վէպերը այսպէս ալ կոչուած են այն պատճառով որ առասպելները անոնց մէջ մեծ տեղ ունեցեր են: Եւ իսկապէս այդ վէպի հիմունքն է միայն պատմականը:
 
 
ԵԿԵՂԵՑԱ-ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՄԱՔԱՌՄԱՆՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
 
ՎԻՊԱԿԱՆ ԲԱՆԱՀԻՒՍՈՒԹԻՒՆ
Գ. դարուն վերջերը բանահիւսութիւնը կը մտնէ զարգացման նոր շրջանի մէջ: Կը ստեղծուի ՎԻՊԱԿԱՆ ԲԱՆԱՀԻՒՍՈՒԹԻՒՆԸ որ կը հանդիսանայ արտայայտութիւնը Գ. եւ Դ. դարերու պարսկական եւ յունական ձգտումներուն դէմ եղած պատմական իրականութեան:
Դ. դարուն սկիզբը 301-ին քրիստոնէութիւնը կը հռչակուի պետական կրօնք Հայաստանի մէջ: Հեթանոսութիւնը կը սկսի մարիլ հետզհետէ:
Այս դարուն մէջ է որ կը ստեղծուի պատմագրութիւնը անշուշտ օտար լեզուով եւ հայկական ոգիով: Կը ստեղծուի նաեւ հայ սրբախօսութիւնը, վկայաբանութեան ոճերով Թադէոս առաքեալի եւ Գրիգոր լուսաւորիչի կենսագրութեան եւ Հռիփսիմեանց կոյսերու նահատակութեան մասին: Բանահիւսութիւնը դեռ եւս կը շարունակուի զրոյցներու կերպարանքով: Այս անգամ զրոյցներու կեդրոնը կը դառնան պարսկական պատերազմները:
Նոյն այս դարուն մէջ տեղի կ'ունենան նաեւ կրօնական մեծ խնդիրներ եւ պայքարներ որոնք կը ցնցեն ամբողջ քրիստոնեայ աշխարհը: 325-ին տեղի կ'ունենայ Ա. տիեզերական ժողովը՝ Նիկիոյ մէջ, երրորդութեան հարցին շուրջ, 381-ին Կ. Պոլսոյ մէջ, Բ. տիեզերական ժողովը, երրորդութեան հարցին շուրջ, 431-ին Եփեսոսի Գ. տիեզերական ժողովը՝ ուր մեծ պայքար կը մղուի քրիստոսի մարդեղութեան հարցին շուրջ:
Այս շրջանին առնուազն քսան աղանդներ ի յայտ կու գան որոնց դէմ պէտք էր պայքարէր ուղղափառ քրիստոնէութիւնը: Այս աղանդներու զարգացումը հեթանոսական մտայնութեան շարունակութիւնն էր: Եկեղեցին էր որ ժողովներով կը պարտադրէր իր ըմբռնումը եւ անսաստողներուն կը պատժէր: Մինչդեռ հեթանոսական շրջանին՝ իւրաքանչիւր ոք ազատօրէն կը քննէր աշխարհի եւ իմացութեան խնդիրները եւ պարտադրանքի կարծիք գոյութիւն չունէր:
Այս բոլոր աղմուկները որ զբաղեցուցած են եկեղեցին վերջի վերջոյ ընդհանուր յաղթանակով վերջացան: Ուղղափառութիւնը յաղթանակեց քրիստոնէութեան մէջ եւ քրիստոնէութիւնը հեթանոսութեան վրայ::
Այս մեծ դարուն սկիզբը հայերս ալ ինկանք ընդհանուր շրջապատի մէջ քրիստոնեայ դառնալով: Եկեղեցական դասը կարիքը կը զգար միջոցի մը, քրիստոնէութեան արմատները աւելի խորացնելու ժողովուրդի խաւերուն մէջ: Ան կարիքը կը զգար գիրի ու գրականութեան:
Եւ ահա Ե. դարու սկիզբը՝ 406-ին, տեղի ունեցաւ հայերէն գիրերու գիւտը: Առաջ եկաւ ԳՐԱՒՈՐ ԴՊՐՈՒԹԻՒՆԸ ոչ թէ ազնուական այլ եկեղեցական դասին ձեռքով:
Ազնուականները այդ ժամանակ իրենց բարքերով ու սովորութիւններով շատ կոպիտ էին: Զիրենք կը հետաքրքրէին աւելի շատ անձնական շահամոլական խնդիրները: Անոնք անտարբեր էին ուսման հանդէպ: Ուսումը կարեւորութիւն չունէր իրենց համար: Անոնք կարիքը չէին զգար գրի ու գրականութեան: Եթէ երբեք պէտք ունենային գրաւոր պայմանի կամ կալուածագրի, զայն կը կատարէին օտար գիրերով ու լեզուներով: Անոնք կը բաւարարուէին աւանդական բանահիւսութեամբ, բերանացի վէպերով, պատմական երգերով եւ ուրախութեան ու կոծի բանաստեղծութիւններով: Ազնուականութեան այդ աւանդական բանահիւսութիւնը պիտի կազմէր հիմքը գրաւոր բանաստեղծութեան որուն մէջ պիտի փայլատակէր հայ ազգին հանճարեղ միտքը, եթէ միայն հայ գրականութիւնը շարունակէր իր ուղին գիրերու գիւտէն ետք: Սակայն հայ ազնուականութիւնը գիրի միջոցով չմշակեց իր բանաստեղծութեան տեսակները: Ուստի բանահիւսութիւնը տեղի տուաւ եկեղեցական գրականութեան առաջ, ինչ որ անխուսափելի էր:
Եկեղեցական դասը հարուստ եւ համեմատաբար աւելի զարգացած ըլլալով ինք էր որ մտահոգուած էր Հայաստանի մէջ քրիստոնէութիւնը իրապէս հաստատելու գործով: Ուստի ան աւելի կարիքը զգաց գրի ու գրականութեան քան թէ ազնուականութիւնը որ չկրցաւ նոյնիսկ իր ազգային անկախութիւնը պահպանել: Ուրեմն հայերէն լեզուով գրականութիւնը ամենէն առաջ եկեղեցիին էր պէտք որ յաջողութեամբ պայքարէր:
Առաջին մարդը որ կատարեց հայերէն գիրերու այդ թանկարժէք գործը՝ Մեսրոպ Մաշտոցն էր: Գիրերու գիւտէն անմիջապէս ետք սկսան թարգմանական աշխատանքները:
Առաջ եկաւ ԹԱՐԳՄԱՆԱԿԱՆ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ: Մեր առաջին թարգմանիչները եղած են :- Մեսրոպ Մաշտոց, Սահակ Պարթեւ եւ անոնց աւագ աշակերտները՝ ինչպէս Յովսէփ Վայոց Ձորեցի կաթողիկոսը, Ղեւոնդ Երեցը, Յովհան Եկեղեցացի, Յովսէփ Պաղնացի, Եզնիկ Կողբացի, Կորիւն եւ ուրիշներ:
Առաջին թարգմանութիւնը որ կատարեցին Աստուածաշունչի թարգմանութիւնն էր, զոր օտարները կոչած են «ԹԱԳՈՒՀԻ ՄԱՅՐ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԵԱՆՑ»:
Աստուծաշունչի թարգմանութեան հետ թարգմանեցին նաեւ եկեղեցիին մէջ ընդունուած աղօթքներն ու երգերը, Ոսկեբերանի մեկնութիւնները եւ այլ երկերու շարքեր: Այսպիսով Ե. դարուն, հայ գրականութիւնը կը հայանայ հայ լեզուով: Մօտ յիսուն տարի տեւած է թարգմանական գրականութիւնը, որուն ՈՍԿԵԴԱՐ անունը կու տանք:
Գիրերու գիւտէն ետք գիրերու գործածութեան հետ զուգընթաց փորձեր կ'ըլլան նաեւ անգիր բանահիւսութիւնը գրի առնելու, կարելի եղած չափով կատարեալ եւ անփոփոխ, շնորհալի պատմիչներու բերնէն, շնորհիւ մեր պատմագիրներուն: Անոնց մէջ առանձնապէս յիշատակելի է քերթողահայր եւ պատմահայր Մովսէս Խորենացին, որուն «Հայոց Պատմութիւնը» կը պարունակէ բանահիւսութեան շատ մը հատուածներ, զոր կը կոչէ «ԱՆԳԻՐ ԻՍԱՑԵԱԼ ԶՐՈՅՑՍ»:
Մեր առաջին պատմագիրները եղած են:- Կորիւն վարդապետ, Ագաթանգեղոս, Փաւստոց Բիւզանդ, Եզնիկ կողբացի, Եղիշէ, Մովսէս Խորենացի:
Ուրեմն հայ գրականութիւնը սկիզբ առած է Մեսրոպեան տառերով՝ Մեսրոպով:
Իսկ ո՞վ է Մեսրոպ եւ պատմական ինչ պայմաններու մէջ ասպարէզ իջած է:
Մեսրոպ Մաշտոց եղաւ առաջին մարդը որ ստեղծեց հայերէն գիրերը: Ան հիմք դրաւ հայ գրականութեան եւ հայերէն լեզուով դպրոցի:
Բարեբախտաբար մենք ստոյգ տեղեկութիւններ ունինք անոր կեանքին եւ գործին մասին: Մեսրոպ Մաշտոցի կեանքն ու գործունէութիւնը մեզի յայտնի է իր անմիջական աշակերտ՝ Կորիւնի գրած կենսագրութենէն որ կոչուած է «ԵՐԱՆԵԼԻ ՄԱՐԴՈՒ՝ ՄԵԾ ԹԱՐԳՄԱՆԻՉ, ՍՈՒՐԲ ՄԵՍՐՈՊԻ ՎԱՐՔԻ ՈՒ ՄԱՀՈՒԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ» ԿԱՄ «ՎԱՐՔ ՄԱՇՏՈՑԻ» եւ Մեսրոպի աշակերտ Մովսէս Խորենացիի, ինչպէս նաեւ՝ Ղազար Փարպեցիի լրացումներէն:
(----)
{{վիքիքաղվածք}}