«Մատթէոս Ուռհայեցի» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ clean up, replaced: → (14), → (6), → (5), → (2), → , է: → է։, ը: → ը։ (6), ծ: → ծ։, կ: → կ։, յ: → յ։, ն: → ն։ (3), ր: → ր։ oգտվելով [[Վիքիպեդիա:ԱվտոՎիքիԲրաո...
clean up, replaced: : → ։ oգտվելով ԱՎԲ
Տող 2.
'''Մատթեոս Ուռհայեցի''' ծնած, ապրած եւ գործած է Եդեսիոյ՝ այսինքն Ուրհայի մէջ, որմէ առած է Ուրհայեցի կոչումը։
 
Ծննդեան ճշգրիտ թուականը յայտնի չէ։ Ծնած պէտք է ըլլայ ժԱ. դարու կէսին (1050 –ական թուականներուն եւ վախճանած՝ 1136-1144 թուականներու միջեւ, վասնզի իր գործը կը հասցնէ միչեւ 1136 թուականը եւ չի յիշատակէր Ուրհայի գրաւումը, որ տեղի ունեցավ 1144-ին։ Կարծիք կայ որ ան զոհուած ըլլայ Նուր-էդ-դինի հայր Իմադ-էդ-դին Զանգիի կողմէ 1144 թուականին Ուրհայի գրաւման ժամանակ։Իր գործէն դատելով եղած է համեստ ուսման տէր հոգեւորական մը :։ Իր գործունէութեան կեդրոնը եղած է Ուրհան, որու վանքերէն մէկուն՝ Կարմիր վանքի մէջ եղած է երեց վանական։
 
Իրմէ մեզի հասած է կարեւոր գործ մը՝ իր ժամանակի համար նորագոյն ձեւի պատմագրութիւն կամ ժամանակագրութիւն մը։ Ուրհայեցիի ժամանակագրութիւնը իբր նիւթ ունի 952-1136 թուականներու միջեւ եղած ժամանակաշրջանի պատմութիւնը։ Գրուած է ժամանակագրական կամ տարեգրական ձեւով միայն թէ՝ բարեբախտաբար հեղինակը շարք մը դէպքերու եւ անձերու մասին ունի ընդլայնումներ եւ սեփական կեցուածք որոնցմով իր գործը կը ստանայ նախորդ շրջաններու պատմագիրներու գործերուն խորքը։ Իր գործին նուիրուած է 8 տարիներ։ Իր պատմագրելու եղանակը սիրուն ձեւով նմանցուցած է ծիծեռնակի բոյն շինելուն այսինքն շիւղ առ շիւղ աճող բոյնին, որ սակայն ամուր կերպով միահիւսուած։