«Մատթէոս Ուռհայեցի» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն
Content deleted Content added
clean up, replaced: : → ։ oգտվելով ԱՎԲ |
Չ clean up, replaced: ։Ի → ։ Ի oգտվելով ԱՎԲ |
||
Տող 2.
'''Մատթեոս Ուռհայեցի''' ծնած, ապրած եւ գործած է Եդեսիոյ՝ այսինքն Ուրհայի մէջ, որմէ առած է Ուրհայեցի կոչումը։
Ծննդեան ճշգրիտ թուականը յայտնի չէ։ Ծնած պէտք է ըլլայ ժԱ. դարու կէսին (1050 –ական թուականներուն եւ վախճանած՝ 1136-1144 թուականներու միջեւ, վասնզի իր գործը կը հասցնէ միչեւ 1136 թուականը եւ չի յիշատակէր Ուրհայի գրաւումը, որ տեղի ունեցավ 1144-ին։ Կարծիք կայ որ ան զոհուած ըլլայ Նուր-էդ-դինի հայր Իմադ-էդ-դին Զանգիի կողմէ 1144 թուականին Ուրհայի գրաւման
Իրմէ մեզի հասած է կարեւոր գործ մը՝ իր ժամանակի համար նորագոյն ձեւի պատմագրութիւն կամ ժամանակագրութիւն մը։ Ուրհայեցիի ժամանակագրութիւնը իբր նիւթ ունի 952-1136 թուականներու միջեւ եղած ժամանակաշրջանի պատմութիւնը։ Գրուած է ժամանակագրական կամ տարեգրական ձեւով միայն թէ՝ բարեբախտաբար հեղինակը շարք մը դէպքերու եւ անձերու մասին ունի ընդլայնումներ եւ սեփական կեցուածք որոնցմով իր գործը կը ստանայ նախորդ շրջաններու պատմագիրներու գործերուն խորքը։ Իր գործին նուիրուած է 8 տարիներ։ Իր պատմագրելու եղանակը սիրուն ձեւով նմանցուցած է ծիծեռնակի բոյն շինելուն այսինքն շիւղ առ շիւղ աճող բոյնին, որ սակայն ամուր կերպով միահիւսուած։
|