«Մատթէոս Ուռհայեցի» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ փոխարինվեց: ը ։ → ը։ oգտվելով ԱՎԲ
Տող 6.
Ծնած, ապրած եւ գործած է [[Եդեսիա|Եդեսիոյ]] մէջ Ուռհա, ուրկէ առած է Ուռհայեցի կոչումը։
 
Ծննդեան ճշգրիտ թուականը յայտնի չէ։ Ծնած պէտք է ըլլայ ժԱ. դարու կէսին [[1050]]–ական թուականներուն ու վախճանած՝ [[1136]]-[[1144]] թուականներու միջեւ, վասնզի իր գործը կը հասցնէ միչեւ 1136 թուականը եւ չի յիշատակէր Ուռհայի գրաւումը, որ տեղի ունեցած է [[1144]]-ին։ Կարծիք կայ, որ ան զոհուած ըլլայ ''Նուր էտ-Տինի'' հայր ''Իմատ-էտ-Տին Զանգի''ի կողմէ՝ [[1144]] թուականին, Ուռհայի գրաւման ժամանակ։ Իր գործէն դատելով եղած է համեստ ուսման տէր հոգեւորական մը ։մը։ Իր գործունէութեան կեդրոնը եղած է Ուռհան, որուն վանքերէն մէկուն՝ Կարմիր վանքի մէջ, եղած է երէց վանական։
 
Իրմէ մեզի հասած է կարեւոր գործ մը՝ իր ժամանակի համար նորագոյն ձեւի պատմագրութիւն կամ ժամանակագրութիւն մը։ Ուռհայեցիի ժամանակագրութիւնը իբր նիւթ ունի [[952]]-[[1136]] թուականներու միջեւ եղած ժամանակաշրջանի պատմութիւնը։ Գրուած է ժամանակագրական կամ տարեգրական ձեւով, միայն թէ՝ բարեբախտաբար, հեղինակը շարք մը դէպքերու եւ անձերու մասին ունի ընդլայնումներ եւ սեփական կեցուածք որոնցմով իր գործը կը ստանայ նախորդ շրջաններու պատմագիրներու գործերուն խորքը։ Իր գործին նուիրուած է 8 տարիներ։ Իր պատմագրելու եղանակը սիրուն ձեւով նմանցուցած է ծիծեռնակի բոյն շինելուն, այսինքն՝ շիւղ առ շիւղ աճող բոյնին, որ սակայն ամուր կերպով միահիւսուած։