«Չարլզ Տարուին» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ փոխարինվեց: 7]]թ → 7]] թ (6) oգտվելով ԱՎԲ
Տող 37.
'''Չարլզ Տարուին'''ը ծնած է [[1809]] թուականի [[Փետրուար]] [[12]]-ին Շրոփշիր կոմսութեան Շրուսպերի [[Shrewsbury]] քաղաքի Մաունթ Հաուս (անգլ.՝ Mount House) <ref name="wikidata.org"/> տոհմական կալուածի մէջ։ Կայացած բժիշկ եւ ֆինանսագէտ Ռոպերթ Տարուինի (անգլ. Robert Darwin) եւ Սիւզըն Տարուինի (ծնունդով՝ Ուէճվուտ անգլ. Wedgwood) վեց երեխաներէն հինգերորդն էր։ Ան երկու նշանաւոր ապոլիցիոնիստ պապերու թոռ էր՛ հօր կողմէն՝ Էրասմուս Տարուինի մօր կողմէն՝ [[Ճոզայա Ուէճվուտ]]ի։
 
Այդ երկու ընտանիքները հիմնականին մէջ ընդունած են ունիտորականութիւնը, բայց Ուէճվուտները եղած են Անգլիական եկեղեցւոյ ատեպտներ։ [[Ռոպերթ Տարուին]]ը, ըլլալով բաւականին ազատ հայեացքներու տէր, համաձայնած էր, որ փոքրիկ Չարլզը հաղորդութիւն ստանայ Անգլիական եկեղեցւոյ մէջ, բայց միեւնոյն ժամանակ Չարլզը եւ իր եղբայրները մօր հետ միասին կ՛այցելէին Ունիտորական եկեղեցի։ [[1817]] թ. ցերեկային դպրոց ընդունուելով, 8-ամեայ Տարուինը արդէն կը հաղորդակցուէր բնական պատմութեանը եւ հաւաքածոներ կը կազմէր։ Նոյն տարուն, Յուլիս ամսուն կը մահանայ անոր մայրը։ [[1818]] թ. Սեպտեմբերէն մեծ եղբօր Էրազմի (անգլ. Erasmus Alvey Darwin) հետ կը յաճախէ [[Շրուսպերի]]ի մօտակայ Անգլիական դպրոց (անգլ. [[Shrewsbury School]]), որպէս պանսիոներ։ Մինչ եղբօր [[Էրազմ]]ի հետ Էտինպուրկի համալսարան ուղեւորուիլը ան 1825 թ. ամրանը հանդէս կու գայ որպէս օգնական-աշակերտ եւ կ՛օգնէ հօրը իր բժշկական ասպարէզին մէջ՝ օգնութիւն ցուցաբերելով Շրոփշիրի չքաւորներուն։
 
=== Կեանքի Էտինպուրկեան ժամանակահատուածը ([[1825]]—[[1827]]) ===
Էտինպուրկի համալսարանի մէջ բժշկագիտութիւն ուսանելու ժամանակ Տարուինը կ՛ընդունէ որ դասախօսութիւնները ձանձրալի են, իսկ վիրաբուժութիւնը տառապանք կը պատճառէ, այդ պատճառով կը ձգէ բժշկագիտութեան ուսուցումը։ Ասոր փոխարէն ան տաքսիտերմիա կ՛ուսումնասիրէ Ճոն Էտմոնսթոունին քով, որ իր փորձը ձեռք բերած էր [[Հարաւային Ամերիկա]]յի անձրեւային անտառներ կատարած արշավի ընթացքին Չարլզ Ուոթըրթոնին (անգլ. Charles Waterton) ուղեկցելու ժամանակ, շատ յաճախ անոր բնութագրելով որպէս «շատ հաճելի և բազմուսում մարդ» (անգլ. very pleasant and intelligent man)։
 
Յաջորդ տարի ըլլալով բնական պատմութեան դասարանի ուսանող ան կը միանայ [[Փլինեւսկ]]իի ուսանողական հասարակութեանը, ուր եռանդուն կը քննարկուէր ռատիքալ /արմատական նիւդապաշտութիւնը։ Այդ ժամանակ ան հանդէս կու գար, որպէս օգնական Ռոպերթ Էտմոնտ Կրանթի (անգլ. [[Robert Edmund Grant]]) մօտ ծովային անողնայարաւորներու կենսական ցիկլի եւ [[անաթոմի]]ի հետազօտութիւններուն մէջ։ Ընկերութեան նիստերու ժամանակ [[1827թ1827 թ]]. Ան կը ներկայացնէ կարճ տեղեկութիւններ իր առաջին բացայայտումներուն մասին, որ հայեացք կը փոխէ հասարակ երեւոյթներու վերաբերեալ։ Մասնաւորապէս ան ցոյց տուաւ, որ այսպէս կոչուած մշանկայի [[Flustra]] ձուերը, կը տիրապետեն ընդունակութեամբ ինքնուրոյնաբար շարժիլ թարթիչներու օգնութեամբ եւ իրականին մէջ կը հանդիսանան, որպէս թրթուռներ, միւս յայտնագործութեան մէջ ան կը նկատէր, որ փոքրիկ գնդաձև մարմինները, որոնք կը հանդիսանան ջրիմուռներու [[Fucus loreus]] երիտասարդ փուլերը, իրենցմէ կը ներկայացնեն կնճիթային տզրուկի [[Pontobdella muricata]]. ձուային բոժոժներ։ Անգամ մը Տարուինի ներկայութեամբ Կրանթը կը գովաբանէր Լամարկի էվոլիւցիոն գաղափարները։ Տարուինը զարմացած էր այդ հրճվագին ճառով, բայց լռութիւն պահպանեց։ Վերջերս ան նոյնատիպ գաղափարներ առած էր իր էռազմ մեծ հօրմէ՝ կարդալով անոր Զոոնոմիան, այդ պատճառով տեղեակ էր այդ տեսութեան հակասութիւններուն։ Էտինպուրկի մէջ երկրորդ տարին մնալու ընթացքին Տարուինը կը յաճախէ Ռոպըրթ Ճէմսընի բնական պատմութեան դասընթացքին, որ կ՛ընդգրկէր երկրաբանութիւնը, ներառեալ բանավէճը նեփթունիստներու եւ փլութոնիստներու միջեւ։ Այն ատեն Տարուինը ոչինչ կը զգար երկրաբանական գիտութիւններու հանդէպ, թէեւ ստացած էր բաւականաչափ նախապատրաստութիւն, որ բանականօրէն դատէր այդ նիւթին մասին։ Այդ ընթացքին ան ուսումնասիրած է բոյսերու դասակարգումը, մասնակցութիւն ունեցած է ընդարձակ հաւաքածոներու աշխատանքին մէջ Համալսարանական թանգարանին մէջ, այն ժամանակաշրջանի ամենամեծ թանգարաններէն մեկուն մէջ։
 
=== Կեանքի Քէմպրիճեան ժամանակաշրջանը ([[1828]]-[[1831]]) ===
[[Պատկեր:Charles Darwin by G. Richmond.jpg|մինի|ձախից| նոյնիսկ երիտասարդ ժամանակ, Տարոուինը դարձավ գիտական խումբի անդամ (Նկարի հեղինակը [[Ջորջ Ռիչմոնդ]], 1830 թ.)]]
 
Տարուինին հայրը գիտնալով, որ տղան ձգած է բժշկութեան ուսուցումը շատ կը սրտնեղի եւ կ՛առաջարկէ անոր ընդունուիլ Քէմպրիճի քրիստոնէական քոլէճ եւ Անգլիական եկեղեցւոյ մէջ քահանայի աստիճան ստանալ։ Դարուինի խօսքերով Էտինպուրկի մէջ անցուցած օրերը անոր մէջ կասկած յառաջացուցած էին անգլիական եկեղեցւոյ կանոններու նկատմամբ։ Այդ իսկ պատճառով մինչ վերջնական որոշում կայացնելը ան մտածելու ժամանակ կ՛առնէ։ Այդ ընթացքին ան ջանասիրութեամբ կը կարդայ աստուածաբանական գիրքեր եւ վերջին հաշուով կը համոզէ ինքզինքին եկեղեցական կանոններու ընդունելիութիւնը եւ կը պատրաստուի ընդունուիլ։ Էտինպուրկի մէջ ուսման ժամանակ ան որոշ հիմունքներ մոռցած էր, որոնք անհրաժեշտ էին ընդունուելու համար, այդ պատճառով ան կը պատրաստուի մասնաւոր ուսուցիչի մօտ Շրուսպերի մէջ եւ կ՛ընդունուի Քէմպրիճ տօնական արձակուրդներէն յետոյ 1828թ1828 թ. սկիզբը։ Տարուինը սկսաւ սորվիլ, բայց անոր իսկ խօսքերով ինք այնքան ալ չէր խորանար ուսման մէջ, իր ամբողջ ժամանակին մեծ մասը յատկացնելով ձիավարութեանը, որսորդութեանը եւ հրաձգութեանը (դասախօսութիւններուն յաճախումը կամաւոր էր)։ Անոր հօրեղբօր որդին՝ Ուիլիամ Ֆոքսը (անգլ. William Darwin Fox) կը ծանօթացնէ անոր միջատաբանութեանը եւ կը մտերմացնէ շարք մը անձերու հետ որոնք տարուած էին միջատներու հաւաքածոներով։ Արդիւնքը կ՛ըլլայ այն որ Տարուինի մօտ Դարվինի մոտ կ՛արթննայ բզէզներ հաւաքելու կիրքը։ Նոյն Տարուինը իր հետաքրքրութիւնները հաստատելու համար կը բերէ հետեւեալ պատմութիւնը. «Անգամ մը ծառէն փրցնելով հին կեղեւի կտոր մը, ես տեսայ երկու արտասովոր բզէզներ, ես իւրաքանչիւր ձեռքով առի մէկական բզէզ, բայց ես տեսայ երրորդին, ինչ-որ նոր տեսակի, որուն ես ի վիճակի չէի ձգել եւ ես այն բզէզին, որ աջ ձեռքիս էր դրի բերանս։ Բայց աւաղ այն արձակեց ինչ-որ չափազանց այրող հեղուկ, որ այնպէս այրեց լեզուս, որ ես ստիպուած էի թքել բզէզը եւ ես կորսնցուցի անոր այնպէս, ինչպէս երրորդը»։ Անոր որոշ ձեռքբերումները տպագրուեցին Սթէֆընսի (անգլ. James Francis Stephens) «Բրիտանական միջատաբանութեան նկարազարդումները» գիրքին մէջ՝ անգլ. «Illustrations of British entomology»։
 
[[Պատկեր:John Stevens Henslow.jpg|մինի|[[Գենսլոու Ջոն Ստիվեն]]]]
Ան կը դառնայ բուսաբանութեան փրոֆեսոր Ջոն Ստիվէն Հենսլոուի (անգլ. John Stevens Henslow) հետեւորդը եւ մտերիմ ընկերը։ Հենսլոուի հետ ծանօթութեան շնորհիւ ան կը ծանօթանայ այլ առաջատար բնագէտներու հետ, իրենց շրջանակներու մջ յայտնի դառնալով որպէս. «այն որ կը զբօսնէ Հենսլուի հետ» (անգլ. «the man who walks with Henslow»)։ Երբ կը մօտենան քննութիւնները Տարուինը կը կենտրոնանայ ուսման վրայ։ Այդ ժամանակ ան կը կարդայ Ուիլիըմ Փալէիի (անգլ. William Paley) «Քրիստոնէութեան ապացուցումը» (անգլ. «Evidences of Christianity»), որուն լեզուն եւ շարադրանքը կը հիացնեն Տարուինը։ Ուսման աւարտին 1831թ1831 թ. Յունուարին Տարուինը լաւ առաջադիմած էր աստուածաբանութեան մէջ, ուսումնասիրած էր գրականութեան դասականներուն, մաթեմատիկան եւ ֆիզիկան եւ յաջողութեամբ 178 քննութիւն յաջող յանձնողներէն ան ցուցակին մէջ 10-րդն էր։ Տարունը կը մնայ Քէմպրիճի մէջ մինչեւ Յունիս։ Ան կ՛ուսումնասիրէ Փալէիի «Բնական աստուածաբանութիւն» (անգլ. «Natural Theology») աշխատանքը, ուր հեղինակը կը բերէ աստուածաբանական փաստարկներ բնութեան էութեան բացատրութեան համար, բացատրելով յարմարուողականութիւնը բնութեան օրէնքներու միջոցով, որպէս Աստուծոյ ազդեցութիւն։ Ան կը կարդայ Կերշլիի գիրքը, ուր նկարագրուած էր բնական փիլիսոփայութեան գերագոյն նպատակը, որպէս օրէնքներու ըմբռնում ինդուկցիոն դատողութեան միջոցով, որ հիմնուած էր հետազօտութիւններու վրայ։ Յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ Ալեքսանտր Ֆոն Կումպոլտթի «Անձնական պատմութիւն» (անգլ. «Personal Narrative») գիրքին, ուր հեղինակը կը նկարագրէ իր ճանապարհորդութիւնները։ Թեներիֆէ կղզիի նկարագրութիւնը, որ կը բերէ Կումպոլտթը, Տարուինը եւ անոր ընկերները կը վարակեն գաղափարով մը՝ ուսումը աւարտելէն յետոյ մեկնիլ հոն, որպէսզի արեւադարձային պայմաններու մէջ զբաղին բնական պատմութեամբ։ Ասոր պատրաստուելու համար ան Ադամ Սէճուիքի (անգլ. Adam Sedgwick) մօտ կը սորվի երկրաբանական դասընթացքին եւ ամրանը անոր հետ կը մեկնի Ուէլս. ցեղերու քարտէսագրումին։ Երկու շաբաթ անց վերադառնալով Հիւսիսային Ոէլսով կարճատեւ ուղեւորութենէն, ան կը գտնէ նամակ մը Հենսլոուիէն, ուր ան Տարուինին կը ներկայացնէ «Պիկլի» քափիթանին՝ Ռոպըրթ Ֆիցրոյին, որպէս համապատասխան մարդ բնագէտի չվարձատրուող պաշտօնին համար, որուն հրամանատարութեան տակ չորս շաբաթ անց պէտք է սկսուէր արշաւը դէպի Հարաւային Ամերիկայի ափերը։ Տարուինը պատրաստ էր ընդունելու առաջարկը, բայց անոր հայրը դէմ էր նմանօրինակ արկածներուն, քանի որ կը կարծէր երկամեայ ճամփորդութիւնը ոչ այլ ինչ է, քան ժամանակի պարապ վատնում։ Բայց անոր մօրեղբօր Ճոզիա Ուէճվուտ երկրորդ (անգլ. Josiah Wedgwood II) միջամտութիւնը կը համոզէ անոր հօրը տալ համաձայնութիւն։
 
=== Բնագէտի ճամփորդութիւնը «Պիկլ» նաւի վրայ (1831-1836)===
Տող 73.
Միաժամանակ Տարուինի առանձին արտայայտումները կարելի է գնահատել որպէս աթեիստական կամ դեիստական։ «Տեսակներու ծագումը»ի վեցերորդ հրատարակումը ([[1872]]) կ՛աւարտուի դեիզմի ոգիով. «Առկայ է վեհութիւն այն տեսակէտին մէջ, որով կեանքը իր տարբեր դրսեւորումներով Արարիչը ի սկզբանէ ներշնչած է մէկ կամ սահմանափակ թիւով ձեւերու մէջ, այն ժամանակ, երբ մեր մոլորակը կը շարունակէ պտտուիլ համաձայն ձգողականութեան անփոփոխ օրէնքներուն, եւ նման պարզ սկզբունքէն կը զարգանայ եւ կը շարունակէ զարգանալ ամենագեղեցիկ եւ ամենազարմանալի ձեւերու անսահման թիւը»։ Միեւնոյն ժամանակ Տարուինը կը նշէր, որ բանական ստեղծումի պատկերացումը, որպէս սկզբնապատճառ «զիս ղեկավարած է այն ժամանակ, երբ ես կը գրէի « Տեսակներու ծագումը», ճիշդ այդ պահէն անոր նշանակութիւնը ինծի համար սկսաւ շատ դանդաղ, ոչ շատ երկար տատանումներէն յետոյ, աւելի ու աւելի թուլնալ»։ Որպէս աթեիստական կարելի է գնահատել Տարուինի արտայայտումները Կուրքերին ուղղուած նամակի մէջ ([[1868]]/. «…ես համաձայն չեմ, որ յօդուածը անվրէպ է, ես հրեշային կը գտնեմ հաստատումը, իբրեւ թէ կրօնը ուղղուած չէ գիտութեան դեմ … բայց երբ ես կ՛ըսեմ թէ այն սխալ է, ես վստահ չեմ, արդեօք չէր ըլլար ողջամիտ գիտութեան մարդոց համար ամբողջութեամբ անտեսել կրօնի ամբողջ բնագաւառը»։ «Ինքնակենսագրութիւն»ի մէջ Տարուինը գրած է. «Այդպէս կամաց-կամաց իմ հոգուն մէջ սողոսկեց անվստահութիւնը եւ ես վերջիվերջոյ դարձայ անհաւատ։ Բայց այդ տեղի կ՛ունենար այնքան դանդաղ, որ ես չէի զգար ոչ մէկ վշտացում, եւ այլեւս երբեք մէկ վայրկեանով ալ թերահաւատութիւն չէի զգար իմ եզրակացութեան ճշդութեան մէջ։ Եւ, իրօք, ես ի վիճակի չէի հասկնալ, թէ ով կրնար ցանկալ, որպէսզի քրիստոնէական ուսուցումը ըլլար ճշմարիտ եւ եթէ այդպէս է ուրեմն այդ հասարակ թեքսթը /[[Աւետարան]]ը/ ցոյց կու տայ, որ անհաւատ մարդիկ՝ իսկ անոնց մէջ պէտք է ներառուին իմ հայրս, եղբայրս եւ իմ բոլոր լաւ ընկերներս, պէտք է պատիժ կրեն։: Գարշելի ուսուցում»։
 
Իր մեծ հօր՝ [[Էռազմ Տարուին]]ի կենսագրութիւնը գրած ատեն Չարլզը կը յիշեցնէ սուտ լուրերուն մասին, համաձայն որուն Էռազմը մահուան մահիճի մէջ Աստուծոն աղերսած է։ Չարլզը իր պատմուածքը կ՛եզրափակէ հետեւեալ բառերով. «Այսպիսին եղած են քրիստոնէական զգացումները այս երկիրին մէջ [[1802]] թ. Մենք կրնանք ծայրայեղ պարագային յուսալ, որ նման ոչ մէկ բան ալ գոյութիւն չունի»։ Չնայած բարեմաղթանքներուն նմանատիպ պատմութիւններ նոյնպէս կ՛ուղեկցէին Չարլզի վախճանը։ Անոնցմէ ամենամեծ հռչակ ստեղծած է անգլիացի քարոզչուհի, այսպէս կոչուած «[[Լէյտի Հուփի պատմութիւնը]]» տպագրուած [[1915]] թ., ուր հաստատուած է, որ Տարուինը ենթարկուած է կրօնական դարձումի հիւանդութեան ընթացքին մինչեւ վախճանը։ Նմանատիպ պատմութիւններ աքթիւ կը տարածուէին տարբեր տեսակի կրօնական խումբերու կողմէն եւ վերջիվերջոյ ձեռք բերած են քաղաքային առասպէլներու կարգավիճակ, բայց ատոնք Տարուինի երեխաներուն կողմէն ժխտուած են եւ պատմութիւններու կողմէն մէկ կողմ նետուած, որպէս անհիմն։
 
== Մէջբերումներ ==