«Չարլզ Տարուին» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ Ռոբոտ․ Տեքստի ավտոմատ փոխարինում (- <ref +<ref)
Չ Բոտ: կոսմետիկ փոփոխություններ
Տող 30.
}}
 
'''Չարլզ Ռոպըրթ Տարուին''' ({{Լեզու en|Charles Robert Darwin}} [[12 Փետրուար]] [[1809 թուական|1809]], Մաումթ, Շրիւսպերի – [[19 Ապրիլ]], [[1882 թուական|1882]]<ref>https://portal.dnb.de/opac.htm?method=simpleSearch&cqlMode=true&query=idn%3D118523813</ref> Տաունի [[Լոնտոն]]) անգլիացի բնագէտ եւ ճանապարհորդ առաջիններէն, մէկը որ գիտակցած եւ պատկերաւոր դրսեւորած է այն, որ կենդանի մարմիններու բոլոր տեսակները կ'ենթարկուին էվոլիւցիոյ ընդհանուր նախնիներէն։ Իր տեսութեան մէջ, որուն առաջին լայնածաւալ շարադրումը տպագրուած է 1859 թուականին ՙՙՏեսակներու Ծագումըՙՙ գիրքին մէջ (ամբողջական անուանումը՝ ՙՙՏեսակներու ծագումը բնական ընտրութեան ճանապարհով կամ կեանքի համար պարքարի ընթացքին բարենպաստ ցեղերու գոյատեւումըՙՙ) Տարուինը էվոլիւցիոյ հիմնական շարժիչ ուժ համարած է բնական ընտրութիւնը եւ անորոշ փոփոխականութիւնը։
Էվոլիւցիոյ գոյութիւնը ճանչցուած է գիտնականներու մեծամասնութեան կողմէն տակաւին Տարուինի ողջութեան ժամանակ այն պարագային, երբ բնական ընտրութեան տեսութիւնը որպէս էվոլիւցիայի հիմնական շարժիչ ուժ ընդհանուր ճանաչում ստացած է միայն 20րդ դարու 30ական թուականներուն։ Տարուինի յայտնագործութիւնները եւ գաղափարները վերամշակուած ձեւով հիմք կը ստեղծեն էվոլիւցիոյ ժամանակէն համադրական տեսութեան համար եւ կը կազմեն կենսաբանութիւն նիւթին հիմքը, որ կ'ապահովէ կենսաբազմազանութեան տրամաբանական բացատրութիւնը։ Տարուինի տեսութեան ուղղափառ (խիստ) հետեւորդները կը զարգացնեն էվոլիւցիոն միտքի ուղղութիւնը, որ կը կրէ իր անունը (տարուինիզմ)<ref name="wikidata.org">https://www.wikidata.org/wiki/Q922063</ref>։
 
Տող 36.
=== Մանկութիւնը Եւ Պատանեկութիւնը ===
 
'''Չարլզ Տարուին'''ը ծնած է [[1809 թուական]]ի [[Փետրուար]] [[12]]-ին Շրոփշիր կոմսութեան Շրուսպերի [[Shrewsbury]] քաղաքի Մաունթ Հաուս ({{Լեզու en|{{resize|85%|Mount House}}}})<ref name="wikidata.org"/> տոհմական կալուածի մէջ։ Կայացած բժիշկ եւ ֆինանսագէտ Ռոպըրթ Տարուինի ({{Լեզու en|{{resize|85%|Robert Darwin}}}}) եւ Սիւզըն Տարուինի (ծնունդով՝ Ուէճվուտ {{Լեզու en|{{resize|85%|Wedgwood}}}} վեց երեխաներէն հինգերորդն էր։ Ան երկու նշանաւոր ապոլիցիոնիստ պապերու թոռ էր՝ հօր կողմէն՝ Էրասմուս Տարուինի մօր կողմէն՝ [[Ճոզայա Ուէճվուտ]]ի։
 
Այդ երկու ընտանիքները հիմնականին մէջ ընդունած են ունիտորականութիւնը, բայց Ուէճվուտները եղած են Անգլիական եկեղեցւոյ ատեպտներ։ [[Ռոպերթ Տարուին]]ը, ըլլալով բաւականին ազատ հայեացքներու տէր, համաձայնած էր, որ փոքրիկ Չարլզը հաղորդութիւն ստանայ Անգլիական եկեղեցւոյ մէջ, բայց միեւնոյն ժամանակ Չարլզը եւ իր եղբայրները մօր հետ միասին կ'այցելէին Ունիտորական եկեղեցի։ [[1817]]-ին ցերեկային դպրոց ընդունուելով, 8-ամեայ Տարուինը արդէն կը հաղորդակցուէր բնական պատմութեանը եւ հաւաքածոներ կը կազմէր։ Նոյն տարուն, [[Յուլիս]] ամսուն կը մահանայ անոր մայրը։ 1818 [[Սեպտեմբեր (արեւմտահայերէն)|Սեպտեմբերէն]] մեծ եղբօր Էրազմի ({{Լեզու en|{{resize|85%|Erasmus Alvey Darwin}}}}) հետ կը յաճախէ [[Շրուսպերի]]ի մօտակայ Անգլիական դպրոց ({{Լեզու en|{{resize|85%|Shrewsbury School}}}}), որպէս պանսիոներ։ Մինչ եղբօր Էրազմի հետ Էտինպուրկի համալսարան ուղեւորուիլը ան 1825-ի ամրանը հանդէս կու գայ որպէս օգնական-աշակերտ եւ կ'օգնէ հօրը իր բժշկական ասպարէզին մէջ՝ օգնութիւն ցուցաբերելով Շրոփշիրի չքաւորներուն։
Տող 51.
 
[[Պատկեր:John Stevens Henslow.jpg|մինի|Ճոն Սթիւընս Հենսլոու]]
Ան կը դառնայ բուսաբանութեան փրոֆեսոր Ճոն Սթիւընս Հենսլոուի ({{Լեզու en|John Stevens Henslow}}) հետեւորդը եւ մտերիմ ընկերը։ Հենսլոուի հետ ծանօթութեան շնորհիւ ան կը ծանօթանայ այլ առաջատար բնագէտներու հետ, իրենց շրջանակներու մէջ յայտնի դառնալով որպէս. «այն որ կը զբօսնէ Հենսլոուի հետ» ({{Լեզու en|«the man who walks with Henslow»}})։ Երբ կը մօտենան քննութիւնները Տարուինը կը կենտրոնանայ ուսման վրայ։ Այդ ժամանակ ան կը կարդայ Ուիլիըմ Փալէիի ({{Լեզու en|William Paley}}) «Քրիստոնէութեան ապացուցումը» ({{Լեզու en| «Evidences of Christianity»}}) որուն լեզուն եւ շարադրանքը կը հիացնեն Տարուինը։ Ուսման աւարտին 1831 Յունուարին Տարուինը լաւ առաջադիմած էր աստուածաբանութեան մէջ, ուսումնասիրած էր գրականութեան դասականներուն, մաթեմատիկան եւ ֆիզիկան եւ յաջողութեամբ 178 քննութիւն յաջող յանձնողներէն ան ցուցակին մէջ 10-րդն էր։ Տարունը կը մնայ Քէմպրիճի մէջ մինչեւ Յունիս։ Ան կ'ուսումնասիրէ Փալէիի «Բնական աստուածաբանութիւն» ({{Լեզու en|{{resize|85%|«Natural Theology»}}}}) աշխատանքը, ուր հեղինակը կը բերէ աստուածաբանական փաստարկներ բնութեան էութեան բացատրութեան համար, բացատրելով յարմարուողականութիւնը բնութեան օրէնքներու միջոցով, որպէս Աստուծոյ ազդեցութիւն։ Ան կը կարդայ Կերշլիի գիրքը, ուր նկարագրուած էր բնական փիլիսոփայութեան գերագոյն նպատակը, որպէս օրէնքներու ըմբռնում ինդուկցիոն դատողութեան միջոցով, որ հիմնուած էր հետազօտութիւններու վրայ։ Յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ Ալեքսանտր ֆոն Հումպոլտթի «Անձնական պատմութիւն» ({{Լեզու en|{{resize|85%|«Personal Narrative»}}}}) գիրքին, ուր հեղինակը կը նկարագրէ իր ճամբորդութիւնները։ Թեներիֆէ կղզիի նկարագրութիւնը, որ կը բերէ Հումպոլտթը, Տարուինը եւ անոր ընկերները կը վարակեն գաղափարով մը՝ ուսումը աւարտելէն յետոյ մեկնիլ հոն, որ արեւադարձային պայմաններու մէջ զբաղին բնական պատմութեամբ։ Ասոր պատրաստուելու համար ան Ադամ Սէճուիքի ({{Լեզու en|{{resize|85%|Adam Sedgwick}}}}) մօտ կը սորվի երկրաբանական դասընթացքին եւ ամրանը անոր հետ կը մեկնի Ուէլս. ցեղերու քարտէսագրումին։ Երկու շաբաթ անց վերադառնալով Հիւսիսային Ուէյլսով կարճատեւ ուղեւորութենէն, ան կը գտնէ նամակ մը Հենսլոուիէն, ուր ան Տարուինին կը ներկայացնէ «Պիկլի» քափիթանին՝ Ռոպըրթ Ֆիցրոյին, որպէս համապատասխան մարդ բնագէտի չվարձատրուող պաշտօնին համար, որուն հրամանատարութեան տակ չորս շաբաթ անց պէտք է սկսուէր արշաւը դէպի Հարաւային Ամերիկայի ափերը։ Տարուինը պատրաստ էր ընդունելու առաջարկը, բայց անոր հայրը դէմ էր նմանօրինակ արկածներուն, քանի որ կը կարծէր երկամեայ ճամփորդութիւնը ոչ այլ ինչ է, քան ժամանակի պարապ վատնում։ Բայց անոր մօրեղբօր Ճոզիա Ուէճվուտ երկրորդ ({{Լեզու en|{{resize|85%|Josiah Wedgwood II}}}}) միջամտութիւնը կը համոզէ անոր հօրը տալ համաձայնութիւն։
 
=== Բնագէտի Ճամբորդութիւնը «Պիկլ» Նաւի Վրայ (1831-1836) ===
«Պիկլ»ը կը կատարէր Հարաւային Ամերիկայի ջրափնեայ գիծին նկարահանումը, Տարուինը սկսաւ կազմել տեսութիւններ անոր շրջապատող բնութեան հրաշքներուն մասին:
[[Պատկեր:HMS Beagle by Conrad Martens.jpg|մինի|''«[[Պիկլ]]ը»'' կը կատարէր [[Հարաւային Ամերիկա]]յի ջրափնեայ գիծի նկարահանումը, Տարուինը սկսաւ կազմել տեսութիւններ անոր շրջապատող բնութեան հրաշքներու մասին]]
 
Համալսարանը աւարտելէն յետոյ 1831 թուականին Տարուինը, որպէս բնագէտ շուրջերկրեայ ճամփորդութեան կը մեկնի թագաւորական նաւատորմի արշաւային «Պիկլ» նաւով, ուրկէ Անգլիա վերադարձած է միայն 1836 Հոկտեմբեր 2-ին։ Ճամբորդութիւնը տեւած է 5 տարիէ ոչ պակաս։ Ժամանակին մեծ մասը Տարուինը կ'անցընէր ափին վրայ, ուսումնասիրելով երկրաբանութիւն եւ հաւաքելով բնական պատմութեան հաւաքածոյ, այն ժամանակ, երբ « «Պիկլ» Ֆիցրոյի գլխաւորութեամբ ափի հիտրոկրաֆիկական եւ քարտէսագրական նկարահանումներ կ'իրականցնէր։ Ճամբորդութեան ժամանակ ան հանգամանօրէն գրի կ'առնէր իր հետազօտումները եւ տեսական երեսպատումները։ Ժամանակ առ ժամանակ, երբ ատոր համար յարմար պահ կը ստեղծուէր Տարուինը նշումներու պատճէնը կ'ուղարկէր [[Քէմպրիճ]] նամակներու հետ միասին, որոնք կը ներառէին իրենց մէջ օրագիրի տարբեր մասերու պատճէնները ազգականներու համար։ Ճամփորդութեան ժամանակ ան կատարած է շարք մը տարբեր շրջաններու երկրաբանական նկարագրում, հաւաքած է կենդանիներու հաւաքածոյ, նաեւ կատարած է ծովային անողնայարներու արտաքին կառուցուածքի եւ անաթոմիի կարճ նկարագրում։ Ուրիշ ոլորտներու մէջ, ուր Տարուինը անտեղեակ էր, ան իրեն ցուցաբերեց, որպէս հմուտ հաւաքածո հաւաքող՝ հաւաքելով նմուշներ, որ մասնագէտները ուսումնասիրեն։ Չնայած յաճախ շատ վատ ինքնազգացողութեանը կապուած ծովային հիւանդութեան հետ Տարուինը կը շարունակէր իր ուսումնասիրութիւնները նաւամատոյցի վրայ. անոր կենդանաբանական նմոյշներուն մեծ մասը եղած են ծովային անողնայարաներու մասին, որոնց հաւաքածոն ան կը հաւաքէր եւ կը նկարագրէր երբ ծովթ կը հանդարտէր։ Առաջին կանգառի ժամանակ Սանթեակոյի ափերուն մօտ, Տարուինը հետաքրքիր երեւոյթ մը կը նկատէ՝ հրաբխային քարաժայռեր խեցիներով եւ մարջաններով, որոնք լաւայի բարձր ջերմաստիճանի ազդեցութեան տակ վերածուած էին ճերմակ պինդ լեռնատեսակի։ Ֆիցրոյը անոր կու տայ Չարլզ Լայէլի «Երկրաբանութեան հիմքերը» ({{Լեզու en|{{resize|85%|"Principles of Geology"}}}}) գիրքի առաջին հատորը, ուր հեղինակը կը ձեւակերպէ ունիֆորմիզմի գաղափարները երկար ժամանակահատուածին երկրաբանական փոփոխութիւններու մեկնաբանութեան միջոցով։ Եւ արդէն առաջին հետազօտութիւնները, որ կատարուած են Տարուինի կողմէն «Կանաչ Հրուանդան»ի կղզիներու վրայ Սանթեակոյի մէջ, ցոյց տուին մեթոտի գերազանցութիւնը, որ կիրառուած էր Լայէլի կողմէն։ Յետագային Տարուինը կ'ընդունի եւ կ'օգտագործէ Լայէլի մօտեցումը երկրաբանութեան գիրքի գրառումի տեսական մօտեցումներու եւ անդրադարձներու համար։
[[Պատկեր:Voyage of the Beagle-en.svg|մինի|300px|«Պիկլ» նաւի ճամբորդութիւնը]]
Փունթա Ալթա վայրի մէջ, որ Փաթակոնիոյ մէջ է, ան կարեւոր յայտնագործութիւն մը կ'ընէ։ Տարուինը կը յայտնաբերէ քարացած անյետացած հսկայական կաթնասուն մը։ Գտածոյի կարեւորութիւնը կ'ընդգծուի այն բանի մէջ, որ կենդանիին մնացորդները գտնուեցան հանքատեսակներու մէջ նոր տեսակի փափկամարմինի խեցիներու կողքին, ինչը անուղղակիօրէն ցոյց կու տայ թէ այն չէ անհետացած շատոնց՝ առանց կլիմայի փոփոխութեան յատկանիշներու կամ աղէտներու։ Ան կը բնորոշէ գտածոն, որպէս քիչ յայտնի մեկաթերիա ոսկրային զրահով, որը առաջին հայեացքէն նման էր տեղական զրահամորթի հսկայական վարկածին։ Այդ գտածոն մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուց, երբ հասաւ [[Անգլիա|Անգլիոյ]] ափերուն։ Տեղական կաուչոների հետ երկրի ներքին շրջանները ուղեւորուած ժամանակ երկրաբանութիւնը նկարագրելու եւ բրածոյ մնացորդներու հաւաքածոյ հաւաքելու ժամանակ ան ձեռք կը բերէ պատկերացումներ, յեղաշրջումի ժամանակահատուածում բնիկ ազգութիւններու եւ գաղութարարներու փոխ համագործակցութեան ընկերային, քաղաքական եւ մարդաբանական տեսանկիւններու մասին։ Ան նաեւ կը նկատէ, որ Նանտու ջայլամի զոյգ տարատեսակները ունին տարբեր, բայց վերածածկուող բնակավայրեր։ Շարժուելով դէպի հարաւ, ան կը յայտնաբերէ աստիճանաձեւ հարթավայրեր՝ ծածկուած կոկանով եւ փափկամորթիի խեցիներով, նման ծովային սարահարթերու՝ արտացոլելով ցամաքի բարձրացման շարքը։ Կարդալով Լայէլի երկրորդ հատորը, Տարուինը կ'ընդունէ անոր տեսակէտը տեսակներու «ստեղծումի կենտրոնի» վերաբերեալ, բայց անոր գտածոները եւ դատողութիւնները կը ստիպեն անոր կասկածի տակ առնելու Լայէլի գաղափարները տեսակներու անհետացումի եւ յարատեւութեան վերաբերեալ. Նաւամատոյցի վրայ կը գտնուէին երեք հրոերկրացիներ, որոնց [[Անգլիա]] տեղափոխած էին «Պիկլ»ի անցած արշաւի ժամանակ [[1830]] Փետրուարին։ Անգլիոյ մէջ մէկ տարի անցընելէն յետոյ անոնք ետ վերադարձուած են Հրոյ երկիր, որպէս քարոզիչներ։ Տարուինը համարեց անոնց քաղաքակիրթ, բարեկամական, այն ժամանակ, երբ իրենց ցեղակիցները «խեղճ, անկում ապրած վայրենիներ» երեւցան, ճիշդ այնպէս, ինչպէս իրարմէ կը տարբերուին ընտանի եւ վայրի կենդանիները։ Տարուինի համար այդ տարբերութիւնները առաջին հերթին ցուցադրեցին քաղաքավարութեան գերազանցութեան նշանակութիւնը, բայց ոչ ռասայական անլիարժէքութիւնը։ Ի տարբերութիւն իր գիտնական ընկերներուն, ան արդէն կը մտածէր, որ մարդու եւ կենդանիի միջեւ անյաղթահարելի անդունդ գոյութիւն չունի։ Մէկ տարի անց այդ առաքելութիւնը լքուած էր։ Հրոերկրացին, որուն անուանած էին [[Ճիմի Պաթթըն]] ({{Լեզու en|{{resize|85%|Jemmy Button}}}}) սկսած էր ապրիլ այնպէս ինչպէս միւս ապորիկենները. ան ունէր կին եւ չուներ ոչ մէկ ցանկութիւն վերադառնալու [[Անգլիա]]։
 
[[Չիլի (արեւմտահայերէն)|Չիլիի]] մէջ Տարուինը կը դառնայ ուժեղ երկրաշարժի ականատես եւ կը տեսնէ նշաններ, որոնք կը մատնանշէին, որ հողը նոր բարձրացած է։ Այդ բարձրացած հողի շերտը իր մէջ կը ներառէր երկփեղկանի կակղամորթիի խեցիներ, որոնք կը գտնուէին բարձր մակընթացութեան մակարդակէն բարձր։ Անդերի բարձրավայրերուն ան նոյնպէս յայտնաբերած է կակղամորթիի խեցիներ եւ քանի մը տեսակ գտածոյ ծառեր, որոնք սովորաբար կ'աճին աւազոտ լողափերուն։ Իր տեսական մտորումները բերեցին այն բանին, որ ցամաքի բարձրացումի ժամանակ խեցիները կը գտնուէին բարձր սարերու վրայ, իսկ ծովային յատակի հատուածներու իջեցումի ժամանակ ովկիանոսային կղզիները կ'անցնին ջուրի տակ եւ այդ ժամանակ կղզիներուն շուրջ առափնեայ բուսախութերէ կը կազմաւորուին արգելախութեր, հետագային ատոլներ / մարջանի մանեկաձեւ կղզի։ Կալափակոսեան Կղզիներուն վրայ Տարուինը նկատեց որ ծայրահաւիկի ընտանիքէն որոշ ներկայացուցիչներ կը տարբերուին այդպիսիներէն Չիլիի մէջ եւ կը տարբերուին իրարմէ տարբեր կղզիներու վրայ։ Նաեւ ան լսած էր, որ ցամաքային կրիաներու զրահները թեթեւակի կը տարակերպուին ձեւով՝ մատնացոյց ընելով ծագումի կղզին։ Աւստրալիոյ մէջ տեսած պարկաւոր ագեվազանման առնէտները/շիկամկները եւ բադակտուցները այնպէս արտասովոր էին, որ Տարուինը եկաւ այն միտքին որ ամենաքիչը երկու ստեղծող միաժամանակ աշխատած են այս աշխարհը ստեղծած ատեն։ Ան գտաւ, որ Աւստրալիոյ ապորիկենները «բարեկիրթ են եւ հաճելի» նկատեց, եւրոպական գաղութացման ճնշումին տակ, անոնց թուաքանակի արագ կրճատումը։ «[[Պիկլ]]»ը կը հետազօտէր Կոկոսեան կղզիներու ատոլները / մարջանի մանեկաձեւ կղզի/ նպատակ ունենալով պարզաբանել անոնց ձեւավորումի մեքանիզմները։ Այդ հետազօտութեան յաջողութիւնը շատ բանի մէջ որոշուած էր Տարուինի տեսական մտորումներով։ Ֆիցրոյը սկսած էր գրել պաշտօնական փոխադրութիւն Պիկլի ճամբորդութեան մասին եւ Տարուինի օրագիրը ընթերցելէն յետոյ, ան կ'առաջարկէ այն ներառել հաշուետուութեան մէջ։ Իր ճամփորդութեան ժամանակ Տարուինը եղած է Թեներիֆէ կղզիի վրայ, Կանաչ Հրվանդանի կղզիներուն վրայ, [[Պրազիլ]]ի ափերուն, [[Արժանթին]], [[Ուրուկուէյ]], Հրոյ Երկիր, Թասմանիա, Կոկոսեան կղզիներւ վրայ, ուրկէ բերաւ մեծ քանակի հետազօտութիւններ։ Արդիւնքները ան շարադրած է իր գործերուն մէջ՝ «Բնագէտի որոնումներու օրագիրը» (The Journal of a Naturalist, 1839), «Պիկլ» նաւի վրայ ճամփորդութեան կենդանաբանութիւնը» (Zoology of the Voyage on the Beagle, [[1840]]), «Քորալեան խութերու կառուցուածքը եւ բաշխումը» (The Structure and Distribution of Coral Reefs, [[1842]]); Առաջին հետաքրքիր բնական երեւոյթներէն, որ Տարուինը նկարագրած էր իր գիտական գրականութեան մէջ, եղած են փենինթենթես յատուկ ձեւի սառէ բիւրեղները, որոնք կը յառաջանան Անդերու սառցադաշտին մակերեսին վրայ։
 
== Տարուինի Հիմնական Գիտական Աշխատութիւնները ==
=== «Տեսակներու ծագումը»-ի գրելու եւ հրատարակելու պատմութիւնը ===
1837 թուականէն Տարուինը օրագիր կը վարէ, որուն մէջ գրի կ'առնէր տնային կենդանիներու եւ բոյսերու կարգերուն տուեալները, նաեւ բնական ընտրութեան դիտումները։ 1842 ան կը գրէ առաջին նկարագիրը տեսակներու առաջացման մասին։ Սկսած 1855-էն նամակագրութիւն կ'ունենայ ամերիկացի բուսաբան Ա. Կրէմի հետ, որուն երկու տարի անց կը շարադրէ իր գաղափարները։ Անգլիացի բնագէտ եւ երկրաբան Չ. Լայէլի ազդեցութեան տակ Տարուինը 1856]] կը սկսի նախապատրաստել գիրքին երրորդ ընդլայնուած տարբերակը։ 1858 [[Յունիս]]ին, երբ աշխատանքը կիսով չափ կատարուած էր, ան անգլիացի բնագէտ Ա.Ռ. Ուոլէսէն նամակ կը ստանայ վերջինիս ձեռագրերու յօդուածով։ Այդ յօդուածին մէջ Տարուինը կը գտնէ բնական ընտրութեան իր սեփական տեսութեան համառօտ շարադրանքը։ Երկու բնագէտները անկախ եւ միաժամանակ մշակած էին նոյնատիպ տեսութիւններ։ Երկուքին վրայ ալ իր ազդեցութիւնը ձգած էր ազգաբնակչութեան մասին Տ. Ռ. Մալթուսի աշխատանքը, երկուքն ալ ուսումնասիրած էին ֆլորա, ֆաունա եւ խումբ մը կղզիներու երկրաբանական կազմաւորումները եւ յայտնաբերած էին շօշափելի տարբերութիւններ անոնց մէջ բնակեցուած տեսակներուն միջեւ։ Տարուինը Լայէլին կը ղրկէ Ուոլէսի ձեռագիրը իր սեփական նկարագիրին հետ միասին՝ երկրորդ տարբերակի ուրուագիծերով (1844) եւ Ա. Կրէյին ([[1857]]) ուղարկուած իր նամակի պատճէնով Լայէլը խորհուրդի համար դիմեց անգլիացի բուսաբան Ճոզէֆ Ճուքէրին եւ 1859 թ. Յուլիսի 1 անոնք միասին Լոնտոնի մէջ Լինեւսքիի ընկերութեանը կը ներկայցնեն իրենց աշխատանքները։ [[1859]] թ. Տարուինը կը տպագրէ «Տեսակներու ծագումը բնական ընտրութեան միջոցով կամ բարենպաստ տեսակներու պահպանումը կեանքի պայքարին մէջ» (The Effects of Cross- and Self-Fertilization in the Vegetable Kingdom, 1876). գործը, ուր ան ցոյց կու տայ կենդանիներու եւ բոյսերու փոփոխականութիւնը, անոնց բնական ծագումը աւելի վաղ տեսակներէն։
 
Տող 76.
Իր մեծ հօր՝ [[Էռազմ Տարուին]]ի կենսագրութիւնը գրած ատեն Չարլզը կը յիշեցնէ սուտ լուրերուն մասին, համաձայն որուն Էռազմը մահուան մահիճի մէջ Աստուծոն աղերսած է։ Չարլզը իր պատմուածքը կ'եզրափակէ հետեւեալ բառերով. «Այսպիսին եղած են քրիստոնէական զգացումները այս երկիրին մէջ 1802-ին, Մենք կրնանք ծայրայեղ պարագային յուսալ, որ նման ոչ մէկ բան ալ գոյութիւն չունի»։ Չնայած բարեմաղթանքներուն նմանատիպ պատմութիւններ նոյնպէս կ'ուղեկցէին Չարլզի վախճանը։ Անոնցմէ ամենամեծ հռչակ ստեղծած է անգլիացի քարոզչուհի, այսպէս կոչուած «[[Լէյտի Հուփի պատմութիւնը]]» տպագրուած 1915-ին, ուր հաստատուած է, որ Տարուինը ենթարկուած է կրօնական դարձումի հիւանդութեան ընթացքին մինչեւ վախճանը։ Նմանատիպ պատմութիւններ աքթիւ կը տարածուէին տարբեր տեսակի կրօնական խումբերու կողմէն եւ վերջիվերջոյ ձեռք բերած են քաղաքային առասպէլներու կարգավիճակ, բայց ատոնք Տարուինի երեխաներուն կողմէն ժխտուած են եւ պատմութիւններու կողմէն մէկ կողմ նետուած, որպէս անհիմն։
 
== Մէջբերումներ ==
* «''Չկայ ոչինչ աւելի նշանակալի, քան կրօնական անվստահութեան կամ ռացիոնալիզմի տարածումը, իմ կեանքի երկրորդ կէսի ընթացքին''»
* «''Չկայ ապացոյց այն բանին մէջ, որ մարդը ի սկզբանէ օժտուած է հաւատով ամենահզօր Աստուծոյ գոյութեանը'' »
Տող 83.
* «''Կարմրելու ունակութիւնը՝ մարդկային բոլոր ունակութիւններէն ամենաբնորոշն է եւ ամենամարդկայինը''»
* «''Երբեք ընկերութիւն մի ըներ մարդու մը հետ, որուն չես կրնար յարգել''»
* «''Մարդը, որ ժամանակի մէկ հատուածը կը համարձակուի ապարդիւն ծախսել, դեռեւս գիտակցած չէ կեանքին գինը''»
 
== Աղբիւրներ ==
Տող 598.
== Ծանօթագրութիւններ ==
{{ծանցանկ}}
 
[[Կատեգորիա:12 Փետրուարի ծնածներ]]
[[Կատեգորիա:19 Ապրիլի մահացածներ]]