«Չարլզ Տարուին» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 21.
| աշխատանք =
| կարողութիւն =
| մասնագիտութիւն = բնագէտ, երկրաբան,<br /> մարդկութեան յառաջացման տեսաբան , ճանապարհորդ<br /> հետազօտող,<br /> քաղաքական գործիչ, գրող ճանապարհորդ,<br /> բուսաբան, քաղցկեղաբան,<br /> բարագէտ, միջատաբան<br /> եւ բնապահպանագէտ
| ամուսին = Էմմա Տարուին
| ծնողներ = Հարը՝ Ռոպըրթ Տարուին,<br /> եւ մայրը՝ Սուսանա Տարուին
Տող 33.
Էվոլիւցիոյ գոյութիւնը ճանչցուած է գիտնականներու մեծամասնութեան կողմէն տակաւին Տարուինի ողջութեան ժամանակ այն պարագային, երբ բնական ընտրութեան տեսութիւնը որպէս էվոլիւցիայի հիմնական շարժիչ ուժ ընդհանուր ճանաչում ստացած է միայն 20րդ դարու 30ական թուականներուն։ Տարուինի յայտնագործութիւնները եւ գաղափարները վերամշակուած ձեւով հիմք կը ստեղծեն էվոլիւցիոյ ժամանակէն համադրական տեսութեան համար եւ կը կազմեն կենսաբանութիւն նիւթին հիմքը, որ կ'ապահովէ կենսաբազմազանութեան տրամաբանական բացատրութիւնը։ Տարուինի տեսութեան ուղղափառ (խիստ) հետեւորդները կը զարգացնեն էվոլիւցիոն միտքի ուղղութիւնը, որ կը կրէ իր անունը (տարուինիզմ)<ref name="wikidata.org">https://www.wikidata.org/wiki/Q922063</ref>։
 
== Կարճ Կենսագրութիւնըկենսագրութիւնը ==
=== Մանկութիւնը Եւեւ Պատանեկութիւնըպատանեկութիւնը ===
 
'''Չարլզ Տարուին'''ը ծնած է [[1809 թուական]]ի [[Փետրուար]] [[12]]-ին Շրոփշիր կոմսութեան Շրուսպերի [[Shrewsbury]] քաղաքի Մաունթ Հաուս ({{Լեզու en|{{resize|85%|Mount House}}}})<ref name="wikidata.org"/> տոհմական կալուածի մէջ։ Կայացած բժիշկ եւ ֆինանսագէտ Ռոպըրթ Տարուինի ({{Լեզու en|{{resize|85%|Robert Darwin}}}}) եւ Սիւզըն Տարուինի (ծնունդով՝ Ուէճվուտ {{Լեզու en|{{resize|85%|Wedgwood}}}} վեց երեխաներէն հինգերորդն էր։ Ան երկու նշանաւոր ապոլիցիոնիստ պապերու թոռ էր՝ հօր կողմէն՝ Էրասմուս Տարուինի մօր կողմէն՝ [[Ճոզայա Ուէճվուտ]]ի։
Տող 40.
Այդ երկու ընտանիքները հիմնականին մէջ ընդունած են ունիտորականութիւնը, բայց Ուէճվուտները եղած են Անգլիական եկեղեցւոյ ատեպտներ։ [[Ռոպերթ Տարուին]]ը, ըլլալով բաւականին ազատ հայեացքներու տէր, համաձայնած էր, որ փոքրիկ Չարլզը հաղորդութիւն ստանայ Անգլիական եկեղեցւոյ մէջ, բայց միեւնոյն ժամանակ Չարլզը եւ իր եղբայրները մօր հետ միասին կ'այցելէին Ունիտորական եկեղեցի։ [[1817]]-ին ցերեկային դպրոց ընդունուելով, 8-ամեայ Տարուինը արդէն կը հաղորդակցուէր բնական պատմութեանը եւ հաւաքածոներ կը կազմէր։ Նոյն տարուն, [[Յուլիս]] ամսուն կը մահանայ անոր մայրը։ 1818 [[Սեպտեմբեր (արեւմտահայերէն)|Սեպտեմբերէն]] մեծ եղբօր Էրազմի ({{Լեզու en|{{resize|85%|Erasmus Alvey Darwin}}}}) հետ կը յաճախէ [[Շրուսպերի]]ի մօտակայ Անգլիական դպրոց ({{Լեզու en|{{resize|85%|Shrewsbury School}}}}), որպէս պանսիոներ։ Մինչ եղբօր Էրազմի հետ Էտինպուրկի համալսարան ուղեւորուիլը ան 1825-ի ամրանը հանդէս կու գայ որպէս օգնական-աշակերտ եւ կ'օգնէ հօրը իր բժշկական ասպարէզին մէջ՝ օգնութիւն ցուցաբերելով Շրոփշիրի չքաւորներուն։
 
=== Կեանքի Էտինպուրկեանէտինպուրկեան Ժամանակահատուածըժամանակահատուածը ([[1825]]—[[1827]]) ===
Էտինպուրկի համալսարանի մէջ բժշկագիտութիւն ուսանելու ժամանակ Տարուինը կ'ընդունէ որ դասախօսութիւնները ձանձրալի են, իսկ վիրաբուժութիւնը տառապանք կը պատճառէ, այդ պատճառով կը ձգէ բժշկագիտութեան ուսուցումը։ Ասոր փոխարէն ան տաքսիտերմիա կ'ուսումնասիրէ Ճոն Էտմոնսթոունին քով, որ իր փորձը ձեռք բերած էր [[Հարաւային Ամերիկա]]յի անձրեւային անտառներ կատարած արշավի ընթացքին Չարլզ Ուոթըրթոնին ({{Լեզու en|{{resize|85%|Charles Waterton}}}}) ուղեկցելու ժամանակ, շատ յաճախ անոր բնութագրելով որպէս «շատ հաճելի եւ բազմուսում մարդ» ({{Լեզու en|{{resize|85%|very pleasant and intelligent man}}}})։
 
Յաջորդ տարի ըլլալով բնական պատմութեան դասարանի ուսանող ան կը միանայ [[Փլինեւսկ]]իի ուսանողական հասարակութեանը, ուր եռանդուն կը քննարկուէր ռատիքալ/արմատական նիւթապաշտութիւնը։ Այդ ժամանակ ան հանդէս կու գար, որպէս օգնական Ռոպերթ Էտմոնտ Կրանթի ({{Լեզու en|{{resize|85%|Robert Edmund Grant}}}}) մօտ ծովային անողնայարաւորներու կենսական ցիկլի եւ [[անաթոմի]]ի հետազօտութիւններուն մէջ։ Ընկերութեան նիստերու ժամանակ 1827-ին ան կը ներկայացնէ կարճ տեղեկութիւններ իր առաջին բացայայտումներուն մասին, որ հայեացք կը փոխէ հասարակ երեւոյթներու վերաբերեալ։ Մասնաւորապէս ան ցոյց տուաւ, որ այսպէս կոչուած մշանկայի [[Flustra]] ձուերը, կը տիրապետեն ընդունակութեամբ ինքնուրոյնաբար շարժիլ թարթիչներու օգնութեամբ եւ իրականին մէջ կը հանդիսանան, որպէս թրթուռներ, միւս յայտնագործութեան մէջ ան կը նկատէր, որ փոքրիկ գնդաձև մարմինները, որոնք կը հանդիսանան ջրիմուռներու [[Fucus loreus]] երիտասարդ փուլերը, իրենցմէ կը ներկայացնեն կնճիթային տզրուկի [[Pontobdella muricata]]. ձուային բոժոժներ։ Անգամ մը Տարուինի ներկայութեամբ Կրանթը կը գովաբանէր Լամարկի էվոլիւցիոն գաղափարները։ Տարուինը զարմացած էր այդ հրճվագին ճառով, բայց լռութիւն պահպանեց։ Վերջերս ան նոյնատիպ գաղափարներ առած էր իր էռազմ մեծ հօրմէ՝ կարդալով անոր Զոոնոմիան, այդ պատճառով տեղեակ էր այդ տեսութեան հակասութիւններուն։ Էտինպուրկի մէջ երկրորդ տարին մնալու ընթացքին Տարուինը կը յաճախէ Ռոպըրթ Ճէմսընի բնական պատմութեան դասընթացքին, որ կ՛ընդգրկէր երկրաբանութիւնը, ներառեալ բանավէճը նեփթունիստներու եւ փլութոնիստներու միջեւ։ Այն ատեն Տարուինը ոչինչ կը զգար երկրաբանական գիտութիւններու հանդէպ, թէեւ ստացած էր բաւականաչափ նախապատրաստութիւն, որ բանականօրէն դատէր այդ նիւթին մասին։ Այդ ընթացքին ան ուսումնասիրած է բոյսերու դասակարգումը, մասնակցութիւն ունեցած է ընդարձակ հաւաքածոներու աշխատանքին մէջ Համալսարանական թանգարանին մէջ, այն ժամանակաշրջանի ամենամեծ թանգարաններէն մեկուն մէջ։
 
=== Կեանքի Քէմպրիճեանքեմպրիճեան Ժամանակաշրջանըժամանակահատուածը ([[1828]]-[[1831]]) ===
[[Պատկեր:Charles Darwin by G. Richmond.jpg|մինի|ձախից| նոյնիսկ երիտասարդ ժամանակ, Տարոուինը դարձավ գիտական խումբի անդամ (Նկարի հեղինակը [[Ջորջ Ռիչմոնդ]], 1830 թ.)]]
 
Տարուինին հայրը գիտնալով, որ տղան ձգած է բժշկութեան ուսուցումը շատ կը սրտնեղի եւ կ'առաջարկէ անոր ընդունուիլ ՔէմպրիճիՔեմպրիճի քրիստոնէական քոլէճ եւ Անգլիական եկեղեցւոյ մէջ քահանայի աստիճան ստանալ։ Տարուինի խօսքերով Էտինպուրկի մէջ անցուցած օրերը անոր մէջ կասկած յառաջացուցած էին անգլիական եկեղեցւոյ կանոններու նկատմամբ։ Այդ իսկ պատճառով մինչ վերջնական որոշում կայացնելը ան մտածելու ժամանակ կ՛առնէ։ Այդ ընթացքին ան ջանասիրութեամբ կը կարդայ աստուածաբանական գիրքեր եւ վերջին հաշուով կը համոզէ ինքզինքին եկեղեցական կանոններու ընդունելիութիւնը եւ կը պատրաստուի ընդունուիլ։ Էտինպուրկի մէջ ուսման ժամանակ ան որոշ հիմունքներ մոռցած էր, որոնք անհրաժեշտ էին ընդունուելու համար, այդ պատճառով ան կը պատրաստուի մասնաւոր ուսուցիչի մօտ Շրուսպերի մէջ եւ կ'ընդունուի ՔէմպրիճՔեմպրիճ տօնական արձակուրդներէն յետոյ 1828 թ. սկիզբը։ Տարուինը սկսաւ սորվիլ, բայց անոր իսկ խօսքերով ինք այնքան ալ չէր խորանար ուսման մէջ, իր ամբողջ ժամանակին մեծ մասը յատկացնելով ձիավարութեանը, որսորդութեանը եւ հրաձգութեանը (դասախօսութիւններուն յաճախումը կամաւոր էր)։ Անոր հօրեղբօր որդին՝ Ուիլիամ Ֆոքսը ({{Լեզու en|William Darwin Fox}}) կը ծանօթացնէ անոր միջատաբանութեանը եւ կը մտերմացնէ շարք մը անձերու հետ որոնք տարուած էին միջատներու հաւաքածոներով։ Արդիւնքը կ'ըլլայ այն, որ Տարուինի մօտ կ'արթննայ բզէզներ հաւաքելու կիրքը։ Նոյն Տարուինը իր հետաքրքրութիւնները հաստատելու համար կը բերէ հետեւեալ պատմութիւնը. «Անգամ մը ծառէն փրցնելով հին կեղեւի կտոր մը, ես տեսայ երկու արտասովոր բզէզներ, ես իւրաքանչիւր ձեռքով առի մէկական բզէզ, բայց ես տեսայ երրորդին, ինչ-որ նոր տեսակի, որուն ես ի վիճակի չէի ձգել եւ ես այն բզէզին, որ աջ ձեռքիս էր դրի բերանս։ Բայց աւաղ այն արձակեց ինչ-որ չափազանց այրող հեղուկ, որ այնպէս այրեց լեզուս, որ ես ստիպուած էի թքել բզէզը եւ ես կորսնցուցի անոր այնպէս, ինչպէս երրորդը»։ Անոր որոշ ձեռքբերումները տպագրուեցին Սթէֆընսի ({{Լեզու en|James Francis Stephens}}) «Բրիտանական միջատաբանութեան նկարազարդումները» գիրքին մէջ՝ ({{Լեզու en|«Illustrations of British entomology»}})։
 
[[Պատկեր:John Stevens Henslow.jpg|մինի|Ճոն Սթիւընս Հենսլոու]]
Ան կը դառնայ բուսաբանութեան փրոֆեսոր Ճոն Սթիւընս Հենսլոուի ({{Լեզու en|John Stevens Henslow}}) հետեւորդը եւ մտերիմ ընկերը։ Հենսլոուի հետ ծանօթութեան շնորհիւ ան կը ծանօթանայ այլ առաջատար բնագէտներու հետ, իրենց շրջանակներու մէջ յայտնի դառնալով որպէս. «այն որ կը զբօսնէ Հենսլոուի հետ» ({{Լեզու en|«the man who walks with Henslow»}})։ Երբ կը մօտենան քննութիւնները Տարուինը կը կենտրոնանայ ուսման վրայ։ Այդ ժամանակ ան կը կարդայ Ուիլիըմ Փալէիի ({{Լեզու en|William Paley}}) «Քրիստոնէութեան ապացուցումը» ({{Լեզու en| «Evidences of Christianity»}}) որուն լեզուն եւ շարադրանքը կը հիացնեն Տարուինը։ Ուսման աւարտին 1831 Յունուարին Տարուինը լաւ առաջադիմած էր աստուածաբանութեան մէջ, ուսումնասիրած էր գրականութեան դասականներուն, մաթեմատիկան եւ ֆիզիկան եւ յաջողութեամբ 178 քննութիւն յաջող յանձնողներէն ան ցուցակին մէջ 10-րդն էր։ Տարունը կը մնայ ՔէմպրիճիՔեմպրիճի մէջ մինչեւ Յունիս։ Ան կ'ուսումնասիրէ Փալէիի «Բնական աստուածաբանութիւն» ({{Լեզու en|{{resize|85%|«Natural Theology»}}}}) աշխատանքը, ուր հեղինակը կը բերէ աստուածաբանական փաստարկներ բնութեան էութեան բացատրութեան համար, բացատրելով յարմարուողականութիւնը բնութեան օրէնքներու միջոցով, որպէս Աստուծոյ ազդեցութիւն։ Ան կը կարդայ Կերշլիի գիրքը, ուր նկարագրուած էր բնական փիլիսոփայութեան գերագոյն նպատակը, որպէս օրէնքներու ըմբռնում ինդուկցիոն դատողութեան միջոցով, որ հիմնուած էր հետազօտութիւններու վրայ։ Յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ Ալեքսանտր ֆոն Հումպոլտթի «Անձնական պատմութիւն» ({{Լեզու en|{{resize|85%|«Personal Narrative»}}}}) գիրքին, ուր հեղինակը կը նկարագրէ իր ճամբորդութիւնները։ Թեներիֆէ կղզիի նկարագրութիւնը, որ կը բերէ Հումպոլտթը, Տարուինը եւ անոր ընկերները կը վարակեն գաղափարով մը՝ ուսումը աւարտելէն յետոյ մեկնիլ հոն, որ արեւադարձային պայմաններու մէջ զբաղին բնական պատմութեամբ։ Ասոր պատրաստուելու համար ան Ադամ Սէճուիքի ({{Լեզու en|{{resize|85%|Adam Sedgwick}}}}) մօտ կը սորվի երկրաբանական դասընթացքին եւ ամրանը անոր հետ կը մեկնի Ուէլս. ցեղերու քարտէսագրումին։ Երկու շաբաթ անց վերադառնալով Հիւսիսային Ուէյլսով կարճատեւ ուղեւորութենէն, ան կը գտնէ նամակ մը Հենսլոուիէն, ուր ան Տարուինին կը ներկայացնէ «Պիկլի» քափիթանին՝ Ռոպըրթ Ֆիցրոյին, որպէս համապատասխան մարդ բնագէտի չվարձատրուող պաշտօնին համար, որուն հրամանատարութեան տակ չորս շաբաթ անց պէտք է սկսուէր արշաւը դէպի Հարաւային Ամերիկայի ափերը։ Տարուինը պատրաստ էր ընդունելու առաջարկը, բայց անոր հայրը դէմ էր նմանօրինակ արկածներուն, քանի որ կը կարծէր երկամեայ ճամփորդութիւնը ոչ այլ ինչ է, քան ժամանակի պարապ վատնում։ Բայց անոր մօրեղբօր Ճոզիա Ուէճվուտ երկրորդ ({{Լեզու en|{{resize|85%|Josiah Wedgwood II}}}}) միջամտութիւնը կը համոզէ անոր հօրը տալ համաձայնութիւն։
 
=== Բնագէտի Ճամբորդութիւնըճամբորդութիւնը «Պիկլ» Նաւինաւու Վրայվրայ (1831-1836) ===
«Պիկլ»ը կը կատարէր Հարաւային Ամերիկայի ջրափնեայ գիծին նկարահանումը, Տարուինը սկսաւ կազմել տեսութիւններ անոր շրջապատող բնութեան հրաշքներուն մասին:
[[Պատկեր:HMS Beagle by Conrad Martens.jpg|մինի|''«[[Պիկլ]]ը»'' կը կատարէր [[Հարաւային Ամերիկա]]յի ջրափնեայ գիծի նկարահանումը, Տարուինը սկսաւ կազմել տեսութիւններ անոր շրջապատող բնութեան հրաշքներու մասին]]
 
Համալսարանը աւարտելէն յետոյ 1831 թուականին Տարուինը, որպէս բնագէտ շուրջերկրեայ ճամփորդութեան կը մեկնի թագաւորական նաւատորմի արշաւային «Պիկլ» նաւով, ուրկէ Անգլիա վերադարձած է միայն 1836 Հոկտեմբեր 2-ին։ Ճամբորդութիւնը տեւած է 5 տարիէ ոչ պակաս։ Ժամանակին մեծ մասը Տարուինը կ'անցընէր ափին վրայ, ուսումնասիրելով երկրաբանութիւն եւ հաւաքելով բնական պատմութեան հաւաքածոյ, այն ժամանակ, երբ « «Պիկլ» Ֆիցրոյի գլխաւորութեամբ ափի հիտրոկրաֆիկական եւ քարտէսագրական նկարահանումներ կ'իրականցնէր։ Ճամբորդութեան ժամանակ ան հանգամանօրէն գրի կ'առնէր իր հետազօտումները եւ տեսական երեսպատումները։ Ժամանակ առ ժամանակ, երբ ատոր համար յարմար պահ կը ստեղծուէր Տարուինը նշումներու պատճէնը կ'ուղարկէր [[Քէմպրիճ|Քեմպրիճ]] նամակներու հետ միասին, որոնք կը ներառէին իրենց մէջ օրագիրի տարբեր մասերու պատճէնները ազգականներու համար։ Ճամփորդութեան ժամանակ ան կատարած է շարք մը տարբեր շրջաններու երկրաբանական նկարագրում, հաւաքած է կենդանիներու հաւաքածոյ, նաեւ կատարած է ծովային անողնայարներու արտաքին կառուցուածքի եւ անաթոմիի կարճ նկարագրում։ Ուրիշ ոլորտներու մէջ, ուր Տարուինը անտեղեակ էր, ան իրեն ցուցաբերեց, որպէս հմուտ հաւաքածո հաւաքող՝ հաւաքելով նմուշներ, որ մասնագէտները ուսումնասիրեն։ Չնայած յաճախ շատ վատ ինքնազգացողութեանը կապուած ծովային հիւանդութեան հետ Տարուինը կը շարունակէր իր ուսումնասիրութիւնները նաւամատոյցի վրայ. անոր կենդանաբանական նմոյշներուն մեծ մասը եղած են ծովային անողնայարաներու մասին, որոնց հաւաքածոն ան կը հաւաքէր եւ կը նկարագրէր երբ ծովթ կը հանդարտէր։ Առաջին կանգառի ժամանակ Սանթեակոյի ափերուն մօտ, Տարուինը հետաքրքիր երեւոյթ մը կը նկատէ՝ հրաբխային քարաժայռեր խեցիներով եւ մարջաններով, որոնք լաւայի բարձր ջերմաստիճանի ազդեցութեան տակ վերածուած էին ճերմակ պինդ լեռնատեսակի։ Ֆիցրոյը անոր կու տայ Չարլզ Լայէլի «Երկրաբանութեան հիմքերը» ({{Լեզու en|{{resize|85%|"Principles of Geology"}}}}) գիրքի առաջին հատորը, ուր հեղինակը կը ձեւակերպէ ունիֆորմիզմի գաղափարները երկար ժամանակահատուածին երկրաբանական փոփոխութիւններու մեկնաբանութեան միջոցով։ Եւ արդէն առաջին հետազօտութիւնները, որ կատարուած են Տարուինի կողմէն «Կանաչ Հրուանդան»ի կղզիներու վրայ Սանթեակոյի մէջ, ցոյց տուին մեթոտի գերազանցութիւնը, որ կիրառուած էր Լայէլի կողմէն։ Յետագային Տարուինը կ'ընդունի եւ կ'օգտագործէ Լայէլի մօտեցումը երկրաբանութեան գիրքի գրառումի տեսական մօտեցումներու եւ անդրադարձներու համար։
[[Պատկեր:Voyage of the Beagle-en.svg|մինի|300px|«Պիկլ» նաւի ճամբորդութիւնը]]
Փունթա Ալթա վայրի մէջ, որ Փաթակոնիոյ մէջ է, ան կարեւոր յայտնագործութիւն մը կ'ընէ։ Տարուինը կը յայտնաբերէ քարացած անյետացած հսկայական կաթնասուն մը։ Գտածոյի կարեւորութիւնը կ'ընդգծուի այն բանի մէջ, որ կենդանիին մնացորդները գտնուեցան հանքատեսակներու մէջ նոր տեսակի փափկամարմինի խեցիներու կողքին, ինչը անուղղակիօրէն ցոյց կու տայ թէ այն չէ անհետացած շատոնց՝ առանց կլիմայի փոփոխութեան յատկանիշներու կամ աղէտներու։ Ան կը բնորոշէ գտածոն, որպէս քիչ յայտնի մեկաթերիա ոսկրային զրահով, որը առաջին հայեացքէն նման էր տեղական զրահամորթի հսկայական վարկածին։ Այդ գտածոն մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուց, երբ հասաւ [[Անգլիա|Անգլիոյ]] ափերուն։ Տեղական կաուչոների հետ երկրի ներքին շրջանները ուղեւորուած ժամանակ երկրաբանութիւնը նկարագրելու եւ բրածոյ մնացորդներու հաւաքածոյ հաւաքելու ժամանակ ան ձեռք կը բերէ պատկերացումներ, յեղաշրջումի ժամանակահատուածում բնիկ ազգութիւններու եւ գաղութարարներու փոխ համագործակցութեան ընկերային, քաղաքական եւ մարդաբանական տեսանկիւններու մասին։ Ան նաեւ կը նկատէ, որ Նանտու ջայլամի զոյգ տարատեսակները ունին տարբեր, բայց վերածածկուող բնակավայրեր։ Շարժուելով դէպի հարաւ, ան կը յայտնաբերէ աստիճանաձեւ հարթավայրեր՝ ծածկուած կոկանով եւ փափկամորթիի խեցիներով, նման ծովային սարահարթերու՝ արտացոլելով ցամաքի բարձրացման շարքը։ Կարդալով Լայէլի երկրորդ հատորը, Տարուինը կ'ընդունէ անոր տեսակէտը տեսակներու «ստեղծումի կենտրոնի» վերաբերեալ, բայց անոր գտածոները եւ դատողութիւնները կը ստիպեն անոր կասկածի տակ առնելու Լայէլի գաղափարները տեսակներու անհետացումի եւ յարատեւութեան վերաբերեալ. Նաւամատոյցի վրայ կը գտնուէին երեք հրոերկրացիներ, որոնց [[Անգլիա]] տեղափոխած էին «Պիկլ»ի անցած արշաւի ժամանակ [[1830]] Փետրուարին։ Անգլիոյ մէջ մէկ տարի անցընելէն յետոյ անոնք ետ վերադարձուած են Հրոյ երկիր, որպէս քարոզիչներ։ Տարուինը համարեց անոնց քաղաքակիրթ, բարեկամական, այն ժամանակ, երբ իրենց ցեղակիցները «խեղճ, անկում ապրած վայրենիներ» երեւցան, ճիշդ այնպէս, ինչպէս իրարմէ կը տարբերուին ընտանի եւ վայրի կենդանիները։ Տարուինի համար այդ տարբերութիւնները առաջին հերթին ցուցադրեցին քաղաքավարութեան գերազանցութեան նշանակութիւնը, բայց ոչ ռասայական անլիարժէքութիւնը։ Ի տարբերութիւն իր գիտնական ընկերներուն, ան արդէն կը մտածէր, որ մարդու եւ կենդանիի միջեւ անյաղթահարելի անդունդ գոյութիւն չունի։ Մէկ տարի անց այդ առաքելութիւնը լքուած էր։ Հրոերկրացին, որուն անուանած էին [[Ճիմի Պաթթըն]] ({{Լեզու en|{{resize|85%|Jemmy Button}}}}) սկսած էր ապրիլ այնպէս ինչպէս միւս ապորիկենները. ան ունէր կին եւ չուներ ոչ մէկ ցանկութիւն վերադառնալու [[Անգլիա]]։
Տող 63.
[[Չիլի (արեւմտահայերէն)|Չիլիի]] մէջ Տարուինը կը դառնայ ուժեղ երկրաշարժի ականատես եւ կը տեսնէ նշաններ, որոնք կը մատնանշէին, որ հողը նոր բարձրացած է։ Այդ բարձրացած հողի շերտը իր մէջ կը ներառէր երկփեղկանի կակղամորթիի խեցիներ, որոնք կը գտնուէին բարձր մակընթացութեան մակարդակէն բարձր։ Անդերի բարձրավայրերուն ան նոյնպէս յայտնաբերած է կակղամորթիի խեցիներ եւ քանի մը տեսակ գտածոյ ծառեր, որոնք սովորաբար կ'աճին աւազոտ լողափերուն։ Իր տեսական մտորումները բերեցին այն բանին, որ ցամաքի բարձրացումի ժամանակ խեցիները կը գտնուէին բարձր սարերու վրայ, իսկ ծովային յատակի հատուածներու իջեցումի ժամանակ ովկիանոսային կղզիները կ'անցնին ջուրի տակ եւ այդ ժամանակ կղզիներուն շուրջ առափնեայ բուսախութերէ կը կազմաւորուին արգելախութեր, հետագային ատոլներ / մարջանի մանեկաձեւ կղզի։ Կալափակոսեան Կղզիներուն վրայ Տարուինը նկատեց որ ծայրահաւիկի ընտանիքէն որոշ ներկայացուցիչներ կը տարբերուին այդպիսիներէն Չիլիի մէջ եւ կը տարբերուին իրարմէ տարբեր կղզիներու վրայ։ Նաեւ ան լսած էր, որ ցամաքային կրիաներու զրահները թեթեւակի կը տարակերպուին ձեւով՝ մատնացոյց ընելով ծագումի կղզին։ Աւստրալիոյ մէջ տեսած պարկաւոր ագեվազանման առնէտները/շիկամկները եւ բադակտուցները այնպէս արտասովոր էին, որ Տարուինը եկաւ այն միտքին որ ամենաքիչը երկու ստեղծող միաժամանակ աշխատած են այս աշխարհը ստեղծած ատեն։ Ան գտաւ, որ Աւստրալիոյ ապորիկենները «բարեկիրթ են եւ հաճելի» նկատեց, եւրոպական գաղութացման ճնշումին տակ, անոնց թուաքանակի արագ կրճատումը։ «[[Պիկլ]]»ը կը հետազօտէր Կոկոսեան կղզիներու ատոլները / մարջանի մանեկաձեւ կղզի/ նպատակ ունենալով պարզաբանել անոնց ձեւավորումի մեքանիզմները։ Այդ հետազօտութեան յաջողութիւնը շատ բանի մէջ որոշուած էր Տարուինի տեսական մտորումներով։ Ֆիցրոյը սկսած էր գրել պաշտօնական փոխադրութիւն Պիկլի ճամբորդութեան մասին եւ Տարուինի օրագիրը ընթերցելէն յետոյ, ան կ'առաջարկէ այն ներառել հաշուետուութեան մէջ։ Իր ճամփորդութեան ժամանակ Տարուինը եղած է Թեներիֆէ կղզիի վրայ, Կանաչ Հրվանդանի կղզիներուն վրայ, [[Պրազիլ]]ի ափերուն, [[Արժանթին]], [[Ուրուկուէյ]], Հրոյ Երկիր, Թասմանիա, Կոկոսեան կղզիներւ վրայ, ուրկէ բերաւ մեծ քանակի հետազօտութիւններ։ Արդիւնքները ան շարադրած է իր գործերուն մէջ՝ «Բնագէտի որոնումներու օրագիրը» (The Journal of a Naturalist, 1839), «Պիկլ» նաւի վրայ ճամփորդութեան կենդանաբանութիւնը» (Zoology of the Voyage on the Beagle, [[1840]]), «Քորալեան խութերու կառուցուածքը եւ բաշխումը» (The Structure and Distribution of Coral Reefs, [[1842]]); Առաջին հետաքրքիր բնական երեւոյթներէն, որ Տարուինը նկարագրած էր իր գիտական գրականութեան մէջ, եղած են փենինթենթես յատուկ ձեւի սառէ բիւրեղները, որոնք կը յառաջանան Անդերու սառցադաշտին մակերեսին վրայ։
 
== Տարուինի Հիմնականհիմնական Գիտականգիտական Աշխատութիւններըաշխատութիւնները ==
=== «Տեսակներու ծագումը» գրելու եւ հրատարակելու պատմութիւնը ===
1837 թուականէն Տարուինը օրագիր կը վարէ, որուն մէջ գրի կ'առնէր տնային կենդանիներու եւ բոյսերու կարգերուն տուեալները, նաեւ բնական ընտրութեան դիտումները։ 1842 ան կը գրէ առաջին նկարագիրը տեսակներու առաջացման մասին։ Սկսած 1855-էն նամակագրութիւն կ'ունենայ ամերիկացի բուսաբան Ա. Կրէմի հետ, որուն երկու տարի անց կը շարադրէ իր գաղափարները։ Անգլիացի բնագէտ եւ երկրաբան Չ. Լայէլի ազդեցութեան տակ Տարուինը 1856]] կը սկսի նախապատրաստել գիրքին երրորդ ընդլայնուած տարբերակը։ 1858 [[Յունիս]]ին, երբ աշխատանքը կիսով չափ կատարուած էր, ան անգլիացի բնագէտ Ա.Ռ. Ուոլէսէն նամակ կը ստանայ վերջինիս ձեռագրերու յօդուածով։ Այդ յօդուածին մէջ Տարուինը կը գտնէ բնական ընտրութեան իր սեփական տեսութեան համառօտ շարադրանքը։ Երկու բնագէտները անկախ եւ միաժամանակ մշակած էին նոյնատիպ տեսութիւններ։ Երկուքին վրայ ալ իր ազդեցութիւնը ձգած էր ազգաբնակչութեան մասին Տ. Ռ. Մալթուսի աշխատանքը, երկուքն ալ ուսումնասիրած էին ֆլորա, ֆաունա եւ խումբ մը կղզիներու երկրաբանական կազմաւորումները եւ յայտնաբերած էին շօշափելի տարբերութիւններ անոնց մէջ բնակեցուած տեսակներուն միջեւ։ Տարուինը Լայէլին կը ղրկէ Ուոլէսի ձեռագիրը իր սեփական նկարագիրին հետ միասին՝ երկրորդ տարբերակի ուրուագիծերով (1844) եւ Ա. Կրէյին ([[1857]]) ուղարկուած իր նամակի պատճէնով Լայէլը խորհուրդի համար դիմեց անգլիացի բուսաբան Ճոզէֆ Ճուքէրին եւ 1859 թ. Յուլիսի 1 անոնք միասին Լոնտոնի մէջ Լինեւսքիի ընկերութեանը կը ներկայցնեն իրենց աշխատանքները։ [[1859]] թ. Տարուինը կը տպագրէ «Տեսակներու ծագումը բնական ընտրութեան միջոցով կամ բարենպաստ տեսակներու պահպանումը կեանքի պայքարին մէջ» (The Effects of Cross- and Self-Fertilization in the Vegetable Kingdom, 1876). գործը, ուր ան ցոյց կու տայ կենդանիներու եւ բոյսերու փոփոխականութիւնը, անոնց բնական ծագումը աւելի վաղ տեսակներէն։
 
== Տարուինը Եւեւ Կրօնըկրօնը ==
Տարուինը ծագումով նոնկոնֆորմիստական շրջապատէ էր։ Թեեւ անոր ընտանիքի որոշ անդամները ազատախոհ էին, բացայայտօրէն կը ժխտէին հին աւանդական կրօնական հաւատալիքները, ինք սկիզբէն կասկածի չէր ենթարկեր Աստուածաշունչի բառացի իսկութիւնը։ Ան այցելած է անգլիական դպրոց, յետոյ ՔէմպրիճիՔեմպրիճի մէջ ոււսումնասիրած է անգլիական աստուածաբանութիւն, որպէսզի դառնայ փաստեոր /բողոքաններու քահանայ/ եւ միանգամայն համոզուած էր [[Ուիլիըմ Փէյլ]]ի վախճանաբանական փաստարկներուն, որուն համաձայն բանական համասարքը, որ տեսանելի է բնութեան մէջ, կ'ապացուցէ Աստուծոյ գոյութիւնը։ Բայց անոր հաւատը սկսաւ տատանիլ «[[Պիկլ]]ի» վրայ ճամփորդած ատեն։ Ան կասկածի կ'ենթարկէր իր տեսածը՝ զարմանալով հմայիչ, խորջրեայ էակներով, որոնք ստեղծուած էին այնպիսի խորքերուն մէջ, ուր ոչ ոք չէր կրնար հիանալ անոնց տեսքով, սասանուելով իշամեղու տեսած ատեն, որոնք կաթուածահար կ'ընէին թրթուռներուն, որոնք պէտք է սնունդ ըլլային իրենց թրթուռներուն համար։ Վերջին օրինակին մէջ ան տեսաւ ակնյայտ հակասութիւն Փէյլիի աշխարհակառուցուածքի պատկերացումներուն մէջ։ Ճամփորդելով «Պիկլի» վրայ Տարուինը տակաւին հաւատարիմ կը մնար խիստ հետեւողական հայեացքներուն եւ միանգամայն կրնար վկայակոչել Աստուածաշունչի հեղինակութեանը բարոյականութեան հարցերուն մէջ, բայց աստիճանաբար սկսաւ վերանայել արարումի պատմութիւնը, այն տեսքով, որով ան ներկայացուած է Հին Կտակարանին մէջ, որպէս սուտ եւ վստահութեան ոչ արժանի. «…եկած եմ այն գիտակցումին, որ Հին Կտակարանը իր աշխարհի սուտ պատմութեան ակնյայտութեամբ, իր բաբելոնական աշտարակով, ծիածանով, որպէս պատգամի խորհրդանիշ եւ այլն, … արժանի են վստահութեան նոյն չափով, ինչքան հնդիկներուն սրբազան գիրքերը կամ որեւէ վայրենիի հաւատալիքները»։
[[Պատկեր:Annie Darwin.jpg|մինի|Տարուինին աղջկան՝ Էննիի մահը, [[1851]] թ. եղաւ վէրջին կաթիլը, որ կը կանխէր արթեն իսկ կասկածող Տարուինին ամենաբարելաւ Աստուծոյ գաղափարէն]]