«Չարլզ Տարուին» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 46.
 
=== Կեանքի քեմպրիճեան ժամանակահատուածը ([[1828]]-[[1831]]) ===
[[Պատկեր:Charles Darwin by G. Richmond.jpg|մինի|ձախից| նոյնիսկ երիտասարդ ժամանակ, Տարոուինը դարձավդարձաւ գիտական խումբի անդամ (Նկարի հեղինակը [[Ջորջ Ռիչմոնդ|Ճորճ Ռիչմոնդ]], 1830 թ.)]]
 
Տարուինին հայրը գիտնալով, որ տղան ձգած է բժշկութեան ուսուցումը շատ կը սրտնեղի եւ կ'առաջարկէ անոր ընդունուիլ Քեմպրիճի քրիստոնէական քոլէճ եւ Անգլիական եկեղեցւոյ մէջ քահանայի աստիճան ստանալ։ Տարուինի խօսքերով Էտինպուրկի մէջ անցուցած օրերը անոր մէջ կասկած յառաջացուցած էին անգլիական եկեղեցւոյ կանոններու նկատմամբ։ Այդ իսկ պատճառով մինչ վերջնական որոշում կայացնելը ան մտածելու ժամանակ կ՛առնէ։ Այդ ընթացքին ան ջանասիրութեամբ կը կարդայ աստուածաբանական գիրքեր եւ վերջին հաշուով կը համոզէ ինքզինքին եկեղեցական կանոններու ընդունելիութիւնը եւ կը պատրաստուի ընդունուիլ։ Էտինպուրկի մէջ ուսման ժամանակ ան որոշ հիմունքներ մոռցած էր, որոնք անհրաժեշտ էին ընդունուելու համար, այդ պատճառով ան կը պատրաստուի մասնաւոր ուսուցիչի մօտ Շրուսպերի մէջ եւ կ'ընդունուի Քեմպրիճ տօնական արձակուրդներէն յետոյ 1828 թ. սկիզբը։ Տարուինը սկսաւ սորվիլ, բայց անոր իսկ խօսքերով ինք այնքան ալ չէր խորանար ուսման մէջ, իր ամբողջ ժամանակին մեծ մասը յատկացնելով ձիավարութեանը, որսորդութեանը եւ հրաձգութեանը (դասախօսութիւններուն յաճախումը կամաւոր էր)։ Անոր հօրեղբօր որդին՝ Ուիլիամ Ֆոքսը ({{Լեզու en|William Darwin Fox}}) կը ծանօթացնէ անոր միջատաբանութեանը եւ կը մտերմացնէ շարք մը անձերու հետ որոնք տարուած էին միջատներու հաւաքածոներով։ Արդիւնքը կ'ըլլայ այն, որ Տարուինի մօտ կ'արթննայ բզէզներ հաւաքելու կիրքը։ Նոյն Տարուինը իր հետաքրքրութիւնները հաստատելու համար կը բերէ հետեւեալ պատմութիւնը. «Անգամ մը ծառէն փրցնելով հին կեղեւի կտոր մը, ես տեսայ երկու արտասովոր բզէզներ, ես իւրաքանչիւր ձեռքով առի մէկական բզէզ, բայց ես տեսայ երրորդին, ինչ-որ նոր տեսակի, որուն ես ի վիճակի չէի ձգել եւ ես այն բզէզին, որ աջ ձեռքիս էր դրի բերանս։ Բայց աւաղ այն արձակեց ինչ-որ չափազանց այրող հեղուկ, որ այնպէս այրեց լեզուս, որ ես ստիպուած էի թքել բզէզը եւ ես կորսնցուցի անոր այնպէս, ինչպէս երրորդը»։ Անոր որոշ ձեռքբերումները տպագրուեցին Սթէֆընսի ({{Լեզու en|James Francis Stephens}}) «Բրիտանական միջատաբանութեան նկարազարդումները» գիրքին մէջ՝ ({{Լեզու en|«Illustrations of British entomology»}})։
 
[[Պատկեր:John Stevens Henslow.jpg|մինի|Ճոն Սթիւընս ՀենսլոուՀենսլօ]]
Ան կը դառնայ բուսաբանութեան փրոֆեսոր Ճոն Սթիւընս Հենսլոուի ({{Լեզու en|John Stevens Henslow}}) հետեւորդը եւ մտերիմ ընկերը։ Հենսլոուի հետ ծանօթութեան շնորհիւ ան կը ծանօթանայ այլ առաջատար բնագէտներու հետ, իրենց շրջանակներու մէջ յայտնի դառնալով որպէս. «այն որ կը զբօսնէ Հենսլոուի հետ» ({{Լեզու en|«the man who walks with Henslow»}})։ Երբ կը մօտենան քննութիւնները Տարուինը կը կենտրոնանայ ուսման վրայ։ Այդ ժամանակ ան կը կարդայ Ուիլիըմ Փալէիի ({{Լեզու en|William Paley}}) «Քրիստոնէութեան ապացուցումը» ({{Լեզու en| «Evidences of Christianity»}}) որուն լեզուն եւ շարադրանքը կը հիացնեն Տարուինը։ Ուսման աւարտին 1831 Յունուարին Տարուինը լաւ առաջադիմած էր աստուածաբանութեան մէջ, ուսումնասիրած էր գրականութեան դասականներուն, մաթեմատիկան եւ ֆիզիկան եւ յաջողութեամբ 178 քննութիւն յաջող յանձնողներէն ան ցուցակին մէջ 10-րդն էր։ Տարունը կը մնայ Քեմպրիճի մէջ մինչեւ Յունիս։ Ան կ'ուսումնասիրէ Փալէիի «Բնական աստուածաբանութիւն» ({{Լեզու en|{{resize|85%|«Natural Theology»}}}}) աշխատանքը, ուր հեղինակը կը բերէ աստուածաբանական փաստարկներ բնութեան էութեան բացատրութեան համար, բացատրելով յարմարուողականութիւնը բնութեան օրէնքներու միջոցով, որպէս Աստուծոյ ազդեցութիւն։ Ան կը կարդայ Կերշլիի գիրքը, ուր նկարագրուած էր բնական փիլիսոփայութեան գերագոյն նպատակը, որպէս օրէնքներու ըմբռնում ինդուկցիոն դատողութեան միջոցով, որ հիմնուած էր հետազօտութիւններու վրայ։ Յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ Ալեքսանտր ֆոն Հումպոլտթի «Անձնական պատմութիւն» ({{Լեզու en|{{resize|85%|«Personal Narrative»}}}}) գիրքին, ուր հեղինակը կը նկարագրէ իր ճամբորդութիւնները։ Թեներիֆէ կղզիի նկարագրութիւնը, որ կը բերէ Հումպոլտթը, Տարուինը եւ անոր ընկերները կը վարակեն գաղափարով մը՝ ուսումը աւարտելէն յետոյ մեկնիլ հոն, որ արեւադարձային պայմաններու մէջ զբաղին բնական պատմութեամբ։ Ասոր պատրաստուելու համար ան Ադամ Սէճուիքի ({{Լեզու en|{{resize|85%|Adam Sedgwick}}}}) մօտ կը սորվի երկրաբանական դասընթացքին եւ ամրանը անոր հետ կը մեկնի Ուէլս. ցեղերու քարտէսագրումին։ Երկու շաբաթ անց վերադառնալով Հիւսիսային Ուէյլսով կարճատեւ ուղեւորութենէն, ան կը գտնէ նամակ մը Հենսլոուիէն, ուր ան Տարուինին կը ներկայացնէ «Պիկլի» քափիթանին՝ Ռոպըրթ Ֆիցրոյին, որպէս համապատասխան մարդ բնագէտի չվարձատրուող պաշտօնին համար, որուն հրամանատարութեան տակ չորս շաբաթ անց պէտք է սկսուէր արշաւը դէպի Հարաւային Ամերիկայի ափերը։ Տարուինը պատրաստ էր ընդունելու առաջարկը, բայց անոր հայրը դէմ էր նմանօրինակ արկածներուն, քանի որ կը կարծէր երկամեայ ճամփորդութիւնը ոչ այլ ինչ է, քան ժամանակի պարապ վատնում։ Բայց անոր մօրեղբօր Ճոզիա Ուէճվուտ երկրորդ ({{Լեզու en|{{resize|85%|Josiah Wedgwood II}}}}) միջամտութիւնը կը համոզէ անոր հօրը տալ համաձայնութիւն։
 
Տող 58.
 
Համալսարանը աւարտելէն յետոյ 1831 թուականին Տարուինը, որպէս բնագէտ շուրջերկրեայ ճամփորդութեան կը մեկնի թագաւորական նաւատորմի արշաւային «Պիկլ» նաւով, ուրկէ Անգլիա վերադարձած է միայն 1836 Հոկտեմբեր 2-ին։ Ճամբորդութիւնը տեւած է 5 տարիէ ոչ պակաս։ Ժամանակին մեծ մասը Տարուինը կ'անցընէր ափին վրայ, ուսումնասիրելով երկրաբանութիւն եւ հաւաքելով բնական պատմութեան հաւաքածոյ, այն ժամանակ, երբ « «Պիկլ» Ֆիցրոյի գլխաւորութեամբ ափի հիտրոկրաֆիկական եւ քարտէսագրական նկարահանումներ կ'իրականցնէր։ Ճամբորդութեան ժամանակ ան հանգամանօրէն գրի կ'առնէր իր հետազօտումները եւ տեսական երեսպատումները։ Ժամանակ առ ժամանակ, երբ ատոր համար յարմար պահ կը ստեղծուէր Տարուինը նշումներու պատճէնը կ'ուղարկէր [[Քէմպրիճ|Քեմպրիճ]] նամակներու հետ միասին, որոնք կը ներառէին իրենց մէջ օրագիրի տարբեր մասերու պատճէնները ազգականներու համար։ Ճամփորդութեան ժամանակ ան կատարած է շարք մը տարբեր շրջաններու երկրաբանական նկարագրում, հաւաքած է կենդանիներու հաւաքածոյ, նաեւ կատարած է ծովային անողնայարներու արտաքին կառուցուածքի եւ անաթոմիի կարճ նկարագրում։ Ուրիշ ոլորտներու մէջ, ուր Տարուինը անտեղեակ էր, ան իրեն ցուցաբերեց, որպէս հմուտ հաւաքածո հաւաքող՝ հաւաքելով նմուշներ, որ մասնագէտները ուսումնասիրեն։ Չնայած յաճախ շատ վատ ինքնազգացողութեանը կապուած ծովային հիւանդութեան հետ Տարուինը կը շարունակէր իր ուսումնասիրութիւնները նաւամատոյցի վրայ. անոր կենդանաբանական նմոյշներուն մեծ մասը եղած են ծովային անողնայարաներու մասին, որոնց հաւաքածոն ան կը հաւաքէր եւ կը նկարագրէր երբ ծովթ կը հանդարտէր։ Առաջին կանգառի ժամանակ Սանթեակոյի ափերուն մօտ, Տարուինը հետաքրքիր երեւոյթ մը կը նկատէ՝ հրաբխային քարաժայռեր խեցիներով եւ մարջաններով, որոնք լաւայի բարձր ջերմաստիճանի ազդեցութեան տակ վերածուած էին ճերմակ պինդ լեռնատեսակի։ Ֆիցրոյը անոր կու տայ Չարլզ Լայէլի «Երկրաբանութեան հիմքերը» ({{Լեզու en|{{resize|85%|"Principles of Geology"}}}}) գիրքի առաջին հատորը, ուր հեղինակը կը ձեւակերպէ ունիֆորմիզմի գաղափարները երկար ժամանակահատուածին երկրաբանական փոփոխութիւններու մեկնաբանութեան միջոցով։ Եւ արդէն առաջին հետազօտութիւնները, որ կատարուած են Տարուինի կողմէն «Կանաչ Հրուանդան»ի կղզիներու վրայ Սանթեակոյի մէջ, ցոյց տուին մեթոտի գերազանցութիւնը, որ կիրառուած էր Լայէլի կողմէն։ Յետագային Տարուինը կ'ընդունի եւ կ'օգտագործէ Լայէլի մօտեցումը երկրաբանութեան գիրքի գրառումի տեսական մօտեցումներու եւ անդրադարձներու համար։
[[Պատկեր:Voyage of the Beagle-en.svg|մինի|300px|«Պիկլ» նաւինաւու ճամբորդութիւնը]]
Փունթա Ալթա վայրի մէջ, որ Փաթակոնիոյ մէջ է, ան կարեւոր յայտնագործութիւն մը կ'ընէ։ Տարուինը կը յայտնաբերէ քարացած անյետացած հսկայական կաթնասուն մը։ Գտածոյի կարեւորութիւնը կ'ընդգծուի այն բանի մէջ, որ կենդանիին մնացորդները գտնուեցան հանքատեսակներու մէջ նոր տեսակի փափկամարմինի խեցիներու կողքին, ինչը անուղղակիօրէն ցոյց կու տայ թէ այն չէ անհետացած շատոնց՝ առանց կլիմայի փոփոխութեան յատկանիշներու կամ աղէտներու։ Ան կը բնորոշէ գտածոն, որպէս քիչ յայտնի մեկաթերիա ոսկրային զրահով, որը առաջին հայեացքէն նման էր տեղական զրահամորթի հսկայական վարկածին։ Այդ գտածոն մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուց, երբ հասաւ [[Անգլիա|Անգլիոյ]] ափերուն։ Տեղական կաուչոների հետ երկրի ներքին շրջանները ուղեւորուած ժամանակ երկրաբանութիւնը նկարագրելու եւ բրածոյ մնացորդներու հաւաքածոյ հաւաքելու ժամանակ ան ձեռք կը բերէ պատկերացումներ, յեղաշրջումի ժամանակահատուածում բնիկ ազգութիւններու եւ գաղութարարներու փոխ համագործակցութեան ընկերային, քաղաքական եւ մարդաբանական տեսանկիւններու մասին։ Ան նաեւ կը նկատէ, որ Նանտու ջայլամի զոյգ տարատեսակները ունին տարբեր, բայց վերածածկուող բնակավայրեր։ Շարժուելով դէպի հարաւ, ան կը յայտնաբերէ աստիճանաձեւ հարթավայրեր՝ ծածկուած կոկանով եւ փափկամորթիի խեցիներով, նման ծովային սարահարթերու՝ արտացոլելով ցամաքի բարձրացման շարքը։ Կարդալով Լայէլի երկրորդ հատորը, Տարուինը կ'ընդունէ անոր տեսակէտը տեսակներու «ստեղծումի կենտրոնի» վերաբերեալ, բայց անոր գտածոները եւ դատողութիւնները կը ստիպեն անոր կասկածի տակ առնելու Լայէլի գաղափարները տեսակներու անհետացումի եւ յարատեւութեան վերաբերեալ. Նաւամատոյցի վրայ կը գտնուէին երեք հրոերկրացիներ, որոնց [[Անգլիա]] տեղափոխած էին «Պիկլ»ի անցած արշաւի ժամանակ [[1830]] Փետրուարին։ Անգլիոյ մէջ մէկ տարի անցընելէն յետոյ անոնք ետ վերադարձուած են Հրոյ երկիր, որպէս քարոզիչներ։ Տարուինը համարեց անոնց քաղաքակիրթ, բարեկամական, այն ժամանակ, երբ իրենց ցեղակիցները «խեղճ, անկում ապրած վայրենիներ» երեւցան, ճիշդ այնպէս, ինչպէս իրարմէ կը տարբերուին ընտանի եւ վայրի կենդանիները։ Տարուինի համար այդ տարբերութիւնները առաջին հերթին ցուցադրեցին քաղաքավարութեան գերազանցութեան նշանակութիւնը, բայց ոչ ռասայական անլիարժէքութիւնը։ Ի տարբերութիւն իր գիտնական ընկերներուն, ան արդէն կը մտածէր, որ մարդու եւ կենդանիի միջեւ անյաղթահարելի անդունդ գոյութիւն չունի։ Մէկ տարի անց այդ առաքելութիւնը լքուած էր։ Հրոերկրացին, որուն անուանած էին [[Ճիմի Պաթթըն]] ({{Լեզու en|{{resize|85%|Jemmy Button}}}}) սկսած էր ապրիլ այնպէս ինչպէս միւս ապորիկենները. ան ունէր կին եւ չուներ ոչ մէկ ցանկութիւն վերադառնալու [[Անգլիա]]։
 
Տող 69.
== Տարուինը եւ կրօնը ==
Տարուինը ծագումով նոնկոնֆորմիստական շրջապատէ էր։ Թեեւ անոր ընտանիքի որոշ անդամները ազատախոհ էին, բացայայտօրէն կը ժխտէին հին աւանդական կրօնական հաւատալիքները, ինք սկիզբէն կասկածի չէր ենթարկեր Աստուածաշունչի բառացի իսկութիւնը։ Ան այցելած է անգլիական դպրոց, յետոյ Քեմպրիճի մէջ ոււսումնասիրած է անգլիական աստուածաբանութիւն, որպէսզի դառնայ փաստեոր /բողոքաններու քահանայ/ եւ միանգամայն համոզուած էր [[Ուիլիըմ Փէյլ]]ի վախճանաբանական փաստարկներուն, որուն համաձայն բանական համասարքը, որ տեսանելի է բնութեան մէջ, կ'ապացուցէ Աստուծոյ գոյութիւնը։ Բայց անոր հաւատը սկսաւ տատանիլ «[[Պիկլ]]ի» վրայ ճամփորդած ատեն։ Ան կասկածի կ'ենթարկէր իր տեսածը՝ զարմանալով հմայիչ, խորջրեայ էակներով, որոնք ստեղծուած էին այնպիսի խորքերուն մէջ, ուր ոչ ոք չէր կրնար հիանալ անոնց տեսքով, սասանուելով իշամեղու տեսած ատեն, որոնք կաթուածահար կ'ընէին թրթուռներուն, որոնք պէտք է սնունդ ըլլային իրենց թրթուռներուն համար։ Վերջին օրինակին մէջ ան տեսաւ ակնյայտ հակասութիւն Փէյլիի աշխարհակառուցուածքի պատկերացումներուն մէջ։ Ճամփորդելով «Պիկլի» վրայ Տարուինը տակաւին հաւատարիմ կը մնար խիստ հետեւողական հայեացքներուն եւ միանգամայն կրնար վկայակոչել Աստուածաշունչի հեղինակութեանը բարոյականութեան հարցերուն մէջ, բայց աստիճանաբար սկսաւ վերանայել արարումի պատմութիւնը, այն տեսքով, որով ան ներկայացուած է Հին Կտակարանին մէջ, որպէս սուտ եւ վստահութեան ոչ արժանի. «…եկած եմ այն գիտակցումին, որ Հին Կտակարանը իր աշխարհի սուտ պատմութեան ակնյայտութեամբ, իր բաբելոնական աշտարակով, ծիածանով, որպէս պատգամի խորհրդանիշ եւ այլն, … արժանի են վստահութեան նոյն չափով, ինչքան հնդիկներուն սրբազան գիրքերը կամ որեւէ վայրենիի հաւատալիքները»։
[[Պատկեր:Annie Darwin.jpg|մինի|Տարուինին աղջկան՝ Էննիի մահը, [[1851]] թ.-ին եղաւ վէրջինվերջին կաթիլը, որ կը կանխէր արթենարդէն իսկ կասկածող Տարուինին ամենաբարելաւ Աստուծոյ գաղափարէն]]
 
Վերադառնալէն յետոյ, ան սկսած էր տեսակներու փոփոխումի ապացոյցներու հաւաքումը։ Ան գիտէր, որ իր կրօնական բնագէտ ընկերները նման հայեացքները կը նկատեն հերետիկոսութիւն, որոնք կը քայքայեն սոցիալական կանոններու հրաշալի բացատրութիւնները, եւ գիտէր, որ նման յեղափոխական գաղափարները կ'ընդունուին ալ աւելի ոչ հիւրընկալ, այն ժամանակ, երբ անգլիական եկեղեցւոյ դիրքերը յայտնուեցան արմատական աթեիստներու եւ դիսենտերներու կրակի տակ։ Գաղտնի մշակելով իր բնական ընտրութեան տեսութիւնը, Տարուինը կրօնի մասին անգամ կը գրէ, որպէս կենդանի մնալու ցեղական ռազմավարութիւն՝ հաւատալով Աստուծոն, ինչպէս գերագոյն էութեանը, որ կ'որոշէ այս աշխարհի օրէնքները։ Անոր հաւատը աստիճանաբար թուլցած էր ժամանակի ընթացքին եւ 1851-ին Էնիի մահուընէ յետոյ Տարուինը կը կորսնցնէ հաւատը քրիստոնէութեան նկատմամբ։ Ան կը շարունակէ տեղական եկեղեցիին օգնութիւն ցուցաբերել եւ կ'օգնէ ծխականներուն ընդհանուր գործերուն մէջ, բայց Կիրակի օրերը, երբ ամբողջ ընտանիքը կ'ուղեւորուէր եկեղեցի, ան կ'երթար զբօսանքի։ Հետագային, երբ իրեն կը հարցնէին կրօնական հայեացքներէ Տարուինը կը գրէր, որ երբեք աթեիստ չէ եղած այն իմաստով, որ Աստուծոյ գոյութիւնը չէ ժխտած եւ ընդհանուր առումով «ճիշդ կ'ըլլար իմ միտքս նկարագրել, որպէս ագնոստիկական»։