«Չարլզ Տարուին» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ Բոտ: կոսմետիկ փոփոխություններ
Տող 45.
Յաջորդ տարի ըլլալով բնական պատմութեան դասարանի ուսանող ան կը միանայ [[Փլինեւսկ]]իի ուսանողական հասարակութեանը, ուր եռանդուն կը քննարկուէր ռատիքալ/արմատական նիւթապաշտութիւնը։ Այդ ժամանակ ան հանդէս կու գար, որպէս օգնական Ռոպերթ Էտմոնտ Կրանթի ({{Լեզու en|{{resize|85%|Robert Edmund Grant}}}}) մօտ ծովային անողնայարաւորներու կենսական ցիկլի եւ [[անաթոմի]]ի հետազօտութիւններուն մէջ։ Ընկերութեան նիստերու ժամանակ 1827-ին ան կը ներկայացնէ կարճ տեղեկութիւններ իր առաջին բացայայտումներուն մասին, որ հայեացք կը փոխէ հասարակ երեւոյթներու վերաբերեալ։ Մասնաւորապէս ան ցոյց տուաւ, որ այսպէս կոչուած մշանկայի [[Flustra]] ձուերը, կը տիրապետեն ընդունակութեամբ ինքնուրոյնաբար շարժիլ թարթիչներու օգնութեամբ եւ իրականին մէջ կը հանդիսանան, որպէս թրթուռներ, միւս յայտնագործութեան մէջ ան կը նկատէր, որ փոքրիկ գնդաձև մարմինները, որոնք կը հանդիսանան ջրիմուռներու [[Fucus loreus]] երիտասարդ փուլերը, իրենցմէ կը ներկայացնեն կնճիթային տզրուկի [[Pontobdella muricata]]. ձուային բոժոժներ։ Անգամ մը Տարուինի ներկայութեամբ Կրանթը կը գովաբանէր Լամարկի էվոլիւցիոն գաղափարները։ Տարուինը զարմացած էր այդ հրճվագին ճառով, բայց լռութիւն պահպանեց։ Վերջերս ան նոյնատիպ գաղափարներ առած էր իր էռազմ մեծ հօրմէ՝ կարդալով անոր Զոոնոմիան, այդ պատճառով տեղեակ էր այդ տեսութեան հակասութիւններուն։ Էտինպուրկի մէջ երկրորդ տարին մնալու ընթացքին Տարուինը կը յաճախէ Ռոպըրթ Ճէմսընի բնական պատմութեան դասընթացքին, որ կ՛ընդգրկէր երկրաբանութիւնը, ներառեալ բանավէճը նեփթունիստներու եւ փլութոնիստներու միջեւ։ Այն ատեն Տարուինը ոչինչ կը զգար երկրաբանական գիտութիւններու հանդէպ, թէեւ ստացած էր բաւականաչափ նախապատրաստութիւն, որ բանականօրէն դատէր այդ նիւթին մասին։ Այդ ընթացքին ան ուսումնասիրած է բոյսերու դասակարգումը, մասնակցութիւն ունեցած է ընդարձակ հաւաքածոներու աշխատանքին մէջ Համալսարանական թանգարանին մէջ, այն ժամանակաշրջանի ամենամեծ թանգարաններէն մեկուն մէջ։
 
=== Կեանքի քեմպրիճեան ժամանակահատուածը ([[1828]]-[[1831]]) ===
[[Պատկեր:Charles Darwin by G. Richmond.jpg|մինի|ձախից| նոյնիսկ երիտասարդ ժամանակ, Տարոուինը դարձաւ գիտական խումբի անդամ (Նկարի հեղինակը [[Ջորջ Ռիչմոնդ|Ճորճ Ռիչմոնդ]], 1830)]]