«Ուինսթըն Չըրչիլ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ Բոտ: կոսմետիկ փոփոխություններ
Տող 84.
[[1899]] թուականի [[Յուլիս]]ին, փարլամենթի անդամ Ռոպերթ Ասքրոֆթն կ'առաջարկէ Չըրչիլին ներկայացնել իր թեկնածութիւնը յառաջիկայ ընտրութիւններուն, որպէս Պահպանողական կուսակցութեան թեկնածու՝ Օլտհեմի շրջանէն։ Չըրչիլի առաջին քաղաքական փորձը յաջողութեամբ չի պսակուիր, ընտրութիւններուն կը յաղթէ Լիպերալ կուսակցութիւնը։
 
Նոյն թուականի աշնան հարաւային [[Ափրիկէ]]յի քանի մը հանրապետութիւններու հետ բրիտանական կառավարութեան հարաբերութիւններու սրումը կը յանգեցնէ Անգլիա-պուրական երկրորդ պատերազմին։ [[Սեպտեմբեր (արեւմտահայերէն)|Սեպտեմբեր]] 18-ին ան «Տէյլի մեյլ» թերթէն առաջարկութիւն կը ստանայ՝ որպէս զինուորական թղթակից մեկնիլ հարաւային Ափրիկէ, սակայն Չըրչիլը, դեռ չպատասխանած անոնց առաջարկին, կը դիմէ «Մորնինկ փոսթ» օրաթերթին, որ կը շտապէ Չըրչիլին այն ժամանակներուն չլսուած, մեծ գումար վճարել։<ref name=holmes1/> Ընդունելով «Մորնինկ փոսթ» թերթի առաջարկը՝ Չերչիլը, [[Հոկտեմբեր (արեւմտահայերէն)|Հոկտեմբեր]] 18-ին, պատերազմը սկսելէն երկու օր յետոյ, կը մեկնի Ափրիկէ։
 
Արդեն Ափրիկէյի, [[Նոյեմբեր (արեւմտահայերէն)|Նոյեմբեր]] 15-ին, Չըրչիլը զրահապատ գնացքով կը մեկնի տեղազննութեան, որ կը ղեկավարէր կապիտան Հոլտեյնը՝ (անգլերէն՝ Haldane), որ արդեն ան ծանօթ էր Մալաքանտէն։ Գնացքը պուրերու (հոլանտերէն՝ boeren՝ գիւղացիներ, անգլերէն՝ boer) կողմէն կը յայտնաբերուի եւ կ'ենթարկուի հրետակոծութեան, հիսունի մօտ զինուոր գերի կ'ինան, այդ թուին նաեւ կապիտան Հոլtեյնը եւ Չըրչիլը։ Գերութենէն անոր անյաջող փախուստի փորձէն jետոյ անոր կ'ուղարկեն ռազմագերիներու ճամբար, որ տեղակայուած էր Փրեթորիոյ Պետական բարձրագոյն դպրոցին մէջ։ Դեռ մէկ ամիս չանցած՝ [[Դեկտեմբեր (արեւմտահայերէն)|Դեկտեմբեր]] 12-ին Չըրչիլը, կապիտան Հոլտեյնը եւ սերժանտ-մայոր Պրուքին կը դիմեն փախուստի, բայց միայն անոր կը յաջողուի ժամապահներէն աննկատ անցնիլ, որուն համար, Չըրչիլին յետոյ անհիմը կը մեղադրեն ընկերներուն ձգելու մեջ, սակայն յետոյ, [[1912]] թուականին, ան դատաւարութիւն կը սկսէ ընդդէմ «Բլեքվուտս Մեկըզին» ամսագիրի՝ մեղադրելով զրպարտութեան մէջ։ Ամսագիրը ստիպուած է ըլլալ տպագրել յատուկ յօդուած եւ ներողութիւն խնդրել<ref name=holmes1/>։
Տող 93.
 
== Քաղաքական Արհեստի Սկիզբը ==
[[Պատկեր:Wc0042-3b13159r.jpg|մինի|Երիտասարդ Չերչիլն ԱՄՆ-ում, 1900 թ]]Ափրիկէյէն վերադարնալէն հետոյ, [[Անգլիա (արեւմտահայերէն)|Անգլիոյ]] մէջ Չըրչիլը աւարտին կը հասցնէ իր «Եան Համիլթընի Մարշը» (''[[Ian Hamilton's March]]'')<ref>{{cite news |title=''Ian Hamilton's March'' |work=[[The Graphic]] |date=10 November 1900 |accessdate=8 March 2016 |url=http://www.britishnewspaperarchive.co.uk/viewer/bl/0000057/19001110/026/0024| via = [[British Newspaper Archive]]|subscription=yes}}</ref> գիրքը, որուն մէջ կը նկարագրէր Անգլիա-պուրական երկրորդ պատերազմի իրադարձութիւնները, ու նաեւ վերադառնալով, երկրորդ անգամ առաջադրեցաւ իր թեկնածութիւնը [[1900]] թուականի փարլըմենթի ընտրութիւններուն, այս անգամ նոյնպէս՝ Օլդհեմի շրջանէն եւ Պահպանողական կուսակցութենէն։ Այս ընտրութիւններուն մէջ, բացի հերոսի համբաւը եւ Օլդհեմի ընտրողներու աջակցութիւնը անոր կ'օգնէ նաեւ այն հանգամանքը, որ իրեն փրկող մեքենագէտ Դիւսնափը ծնունդով հենց Օլդհեմէն էր, եւ Չըրչիլը չէր մոռցած նշել իր ընտրարշավի ժամանակ։<ref>Jenkins, pp. 45–50</ref><ref name=gilbert>{{cite book|last=Gilbert|first=Martin|title=Churchill: A Study in Greatness (one volume edition)|publisher=Pimlico|year= 2001|location=London|isbn= 978-0-7126-6725-8}}</ref><ref>Jenkins, p. 69</ref> Ընտրութիւններուն ան իր հակառակորդ լիպերալ թեկնածուէն 222 ձայն աւելի կը հաւքէ եւ կը յաղթէ, այսպիսով ան արդեն 26 տարեկանին կը դառնայ Հանրային Պալատի պատգամաւոր<ref name = rose>Н. Роуз, Черчилль. Бурная жизнь. пер. Е. Ф. Левиной, М. «Издательство Аст», 2004, ISBN 5-17-014478-4</ref>։
 
Նոյն թուականին ան կը հրատարակէ «Սավրոլա» վէպը, իր միակ խոշոր գեղարուեստական ստեղծագործութիւնը։ Որոշ գրականագետներ կը համարեն, որ «Սավրոլայ»–ի գլխաւոր հերոսի դերը հեղինակը ինքզինք նկարագրած է։
Տող 119.
[[1910]] թուականին [[Փետրուար (արեւմտահայերէն)|Փետրուար]] 14-ին Չըրչիլը 35 տարեկանին կը նշանակուի Ներքին գործերու նախարարի պաշտօնակիր, որմէ յետոյ մինչեւ [[1923]] թուական կը ձգէ գրական գործունէութիւնը։ Այն տարիներուն ան կ'ենթարկուի փորձութիւններու, մէկ կողմէն աշխատաւոր ցուցարարներու եւ սաֆրճեթուհիներու կազմակերպած անկարգութիւններու կողմէն, եւ միւս կողմէն քաղաքական բոլոր խմբաւորումներու խիստ քննադատութիւնը անոր նկատմամբ, եւ բացի այդ, որպէս նախարար կատարուող ամեն ինչի համար պատասխանատութիւն կը կրէր։ Նոյն տարուայ [[Նոյեմբեր (արեւմտահայերէն)|Նոյեմբեր]] ամսուն Ռոնտա Քինոն Թաֆ (Հարաւային Ուալըս) հանքափորներու քաղաք Թոնիփենտիի մէջ յայտարարուած գործադուլը կը վերաճի զանգուածային անկարգութիւններու, այն բանէն յետոյ, երբ գործադուլին չմասնակցող հանքափորները կը վերկսին աշխատանքը։ Տեղական ոստիկանութեան պահանջով Չըրչիլը կը դիմէ զօրքի միջամտութեանը, եւ չնայած այն բանին, որ ան զօրքին հրամայած էր ընդհարում մը չունենալ ցուցարարներու հետ, եւ ցուցարարներու վրայ կրակելու մասին կեղծ լուրերը բազմակի անգամներ հերքուած էին, այդ իրադարձութիւնը բացասական անդրադարձ ունեցաւ հանրութեան մեջ եւ աշխատողները քննադատեցին անոր չափազանց կոշտ միջոցներ կիրառելու համար, իսկ պահպանողականները անվստահ գործելու համար։
 
== [[Համաշխարհային Առաջին Պատերազմ (արեւմտահայերէն)|Համաշխարհային Առաջին Պատերազմ]] ==
[[1914]] թուականին [[Յուլիս]] 28-ին՝ [[Սերպիա]]ն Աւստրիա-[[Հունկարիա|Հունկարիոյ]] պատերազմ հայտարարելու օրը Չըրչիլը հրամայեց նաւատորմին ընդունիլ մարտական դիրք, իսկ [[Օգոստոս (արեւմտահայերէն)|Օգոստոսի]] 3-ին Մեծ Բրիտանիան պաշտօնապէս մտաւ [[Համաշխարհային Առաջին Պատերազմ (արեւմտահայերէն)|Առաջին համաշխարհային պատերազմի]] մեջ։