«Գրիգոր Չիլինկիրեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 1.
'''Գրիգոր Չիլինկիրեան''', ծնած՝ [[Իզմիր]] ([[1839]])։ Զաւակն էր դարբին արհեստաւորի մը Եդոպիացի Հաճի Յովակիմին։
Գրիգոր նախ կը յաճախէ տեղւոյն Մեսրոպեան վարժարանը, սակայն հազիւ թէ քիչ մը հմտացած հայերէնի եւ տաճկերէնի, կիսաւարտ կը թողու վարժարանը՝ ստիպմամբ իր ծնողքին։ Այն միջոցին ժամացոյցի վաճառական Յով. Աղա Սիմոնեան մտերիմը ըլլալով Ազգային վարժարանի տեսուչ Անդրէաս Փափազեանին, կը խնդրէ անկէ՝ գրագիր բանիբուն եւ գործունեայ պատանի մը։ Ուստի, այս կերպով հազիւ 13–14 տարեկան Գրիգոր Չիլինկիրեան, իր ինքնաշխատութեամբ կը ներկայանայ իբրեւ դիւցազուն։ Մէկ կողմէն՝ կատարելով իր պաշտօնը, միւս կողմէն՝ յառաջ կը տանի իր մտաւոր կրթութիւնը եւ վարժարանին մէջ կիսկատար ձգած ուսումները ինքն իրեն՝ ո՛չ միայն կը կատարելագործէ, այլ ե՛ւ յունարէն, իտալերէն, [[ֆրանսերէն]] լեզուներն ալ կը սորվի՝ շնորհիւ իր մտաւոր բացառիկ յիշողութեան եւ կարողութեան։ Իր այս պաշտօնին մէջ կը մնայ մինչեւ [[1860]] թուականը (եոթը տարուան չափ)։
 
{{DEFAULTSORT:Չիլինկիրեան, Գրիգոր}}
 
[[Կատեգորիա:Հայեր]]