«Գրիգոր Չիլինկիրեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ լեզվի կաղապար
Տող 5.
Ծնած է [[Իզմիր]] ([[Զմիւռնիա]]): Զաւակն էր դարբին արհեստաւորի մը [[Եդովպիա]]ցի Հաճի Յովակիմին։
 
Գրիգոր նախ կը յաճախէ տեղւոյն [[Մեսրոպեան դպրոցներ|Մեսրոպեան]] վարժարանը, սակայն հազիւ թէ քիչ մը հմտացած [[Հայերէն|հայերէն]]ի եւ տաճկերէնի, կիսաւարտ կը թողու վարժարանը՝ ստիպմամբ իր ծնողքին։ Այն միջոցին ժամացոյցի վաճառական Յովհաննէս աղա Սիմոնեան մտերիմը ըլլալով Ազգային վարժարանի տեսուչ Անդրէաս Փափազեանին, կը խնդրէ անկէ՝ գրագիր բանիբուն եւ գործունեայ պատանի մը։ Ուստի, այս կերպով հազիւ 13–14 տարեկան Գրիգոր Չիլինկիրեան, իր ինքնաշխատութեամբ կը ներկայանայ իբրեւ դիւցազուն։ Մէկ կողմէն՝ կատարելով իր պաշտօնը, միւս կողմէն՝ յառաջ կը տանի իր մտաւոր [[Կրթութիւն|կրթութիւն]]ը եւ վարժարանին մէջ կիսկատար ձգած ուսումները ինքն իրեն՝ ո՛չ միայն կը կատարելագործէ, այլ ե՛ւ [[Յունարէն|յունարէն]], [[Իտալերէն|իտալերէն]], [[Ֆրանսերէն|ֆրանսերէն]] լեզուներն ալ կը սորվի՝ շնորհիւ իր մտաւոր բացառիկ [[Յիշողութիւն|յիշողութեան]] եւ կարողութեան։ Իր այս պաշտօնին մէջ կը մնայ մինչեւ [[1860]] թուականը (եօթը տարուայ շրջան մը)։
 
Երբ խաւարեալներու ու լուսաւորեալներու պայքարնը նաեւ արձագանգ կը գտնէ [[Իզամիր]]ի ([[Զմիւռնիա]]) մէջ, Չիլինկիրեանի եւ իր համախոհ մի քանի երիտասարդներու նոր գաղափարը հաճելի չեն թուիր իր ''բաթրօն''ին , որով Չիլինկիրեան կը ստիպուի հրաժարիլ անկաշկանդ կերպով մղելու համար գաղափարի պայքարը։