«Կարապետ Պալեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ լեզվի կաղապար
Տող 7.
Բարեսիրտ եւ գթած ըլլալով, հետամուտ կ՛ըլլայ բարենպատակ հաստատութեանց հաստատման ու բարգաւաճման։ Ուսումնասէր` ազգին մէջ դաստիարակութիւն տարածելու համար ջանք չէ խնայած։ [[Կրոն|Կրօն]]ասէր` խստապահանջ եղած հաւատալիքներու ու աններող անոնց դէմ, որոնցմէ կը կասկածէ, թէ՝ չեն յարգեր հայ [[Եկեղեցի|եկեղեցւոյ]] [[Ավանդություն|աւանդութիւն]]ները։
 
[[1832]]–ին, երբ [[Պեզճեան մայր վարժարան (Թուրքիա)|Պեզճեան]] ձերնարկեց հիմնել [[Եէտի-Գուլէ]]ի Ազգ. հիւանդանոցը, իր գլխաւոր աջակիցն էր [[Կարապետ]] ամիրան, որ [[Սէրվէրեան Յովհաննէս]] ամիրայի հետ հիւանդանոցի շէնքին ճարտարապետը հանդիսացաւ։ Քիչ ետք [[1836]]–ին, միշտ իր քեռայրին հետ, ''Սկիւտարի'' մէջ բարձրագոյն ուսումնարան մը հաստատելու գաղափարը ունեցաւ։ Իրենց նախաձերնութեամբ ժամանակի ամիրաները գումարուեցան Պատրիարքարան` Աղաւնի [[Պատրիարք|պատրիարք]]ի նախագահութեան տակ, [[Օգոստոս 26]]–ին։ Այդ ժողովին մէջ որոշուեցաւ ''Սկիւտարի'' [[Երուսաղէմ]]ատան խարխուլ վանքը վերաշինելով բանալ ճեմարանը։ Ամիրաները յանձն առին ճեմարանին տարեկան ծախքին համար Երուսաղէմի վանքը վճարեց 20000 ղրուշ։ Շէնքին հիմնարկութիւնը կատարուեցաւ [[Սեբտեմպեր 18]]–ին եւ երկու տարի ետք [[1838]]–ի [[Դեկտեմբեր 9]]–ին Ճեմարանը կը բացուի։
 
Սկիւտարի ճեմարանը Ազգին առաջին բարձրագոյն վարժարանը եղաւ այսպէս ու մանկավարժական նոր սկզբունքներու համաձայն կառավարուելով կարող ուսուցիչներու ձեռքով հասցուց զարգացած աշակերտներ։ Ծանօթ են նաեւ դժբախտաբար այն վէճերը, որոնք տեղի տուին՝ կրթական սոյն հաստատութիւնը դուռ բանալով ժողովուրդին ու ամիրաներուն մէջ եղած կռիւներուն, որոնց միջոցին Պալեան ամիրան «էսնաֆ»ներուն կողմը կը բռնէր միշտ։