«Պահք» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 4.
'''Պահք''', պաս, պահոց օրեր, պահեցողութիւն, ծոմ, ծոմապահութիւն, որոշ կրօններու մէջ ուտելիքի կամ յատուկ ճաշատեսակներու համար որոշուած ժամկէտով սահմանուած արգելք, կերակուրներէն լրիւ կամ մասնակի հրաժարում (պահեցողութիւն)։
== Պահքին նշանակութիւնը ==
Պահքի արտայայտած միւս իմաստը ինքնաքննութեան ուեւ խոկումի ժամանակաշրջանն է, յատկապէսյատկապէս՝ Մեծ պահոց շրջանը, երբ հաւատացեալները ոչո՛չ միայն կերակուրներէն կը հրաժարին, այլեւ՝ հեռու կը մնան մարմնական հաճոյքներէն, [[ապաշխարութեամբ]] ու աղօթասացութեամբ չափաւոր, զուսպ կեանք մը կը վարեն։ Պահքը կը հիմնաւորուի «մարմնի հանդէպ հոգւոյ առաջնայնութեան ուսմունքով։ուսմունքով»։ [[Քրիստոնէական]], [[Իսլամական]] եւ [[յուդայական]] կրօններուն մէջ Պահքը հաւատքի ամրապնդման միջոց է, որ ունի նաեւ մաքրագործական եւ ճգնակեցական նշանակութիւն։
== Պահքը Քրիստոնէական եկեղեցւոյ մէջ ==
Պահքը քրիստոնէական եկեղեցւոյ կեանքի կարեւոր երեւոյթներէն է։ Շատեր, ինչպէս վկայուած է [[Աստուածաշունչ]]ին մէջ, ինչպէս նաեւ [[Նոր կտակարան]]-ին մէջ, երկնքիերկինքի արքայութեան արժանի դառնալու եւ մեղքերէն թողութիւն ստանալու համար «պահք կը պահեն»։
Ծոմ կը նշանակէ ընդհանրապէս կերակուր չուտել։ Իսկ Պահքի ընթացքին կը թոյլատրուի օգտուիլ բուսական ծագում ունեցող կերակուրներէ, զերծ մնալով ամէն տեսակի մսեղէնէ ու կաթնեղէնէ։
 
=== Պահքը ըստ Հայ եկեղեցւոյ սահմանած կարգին ===
Ըստ Հայ եկեղեցւոյ սահմանած կարգին, տարուան շուրջ վեց ամիսները պահոց օրեր են։ Հայ եկեղեցին տարուան օրերը բաժնած է երկու մասի՝ տօնական եւ պահոց օրերու։ Եկեղեցական կանոններու համաձայն, իւրաքանչիւր շաբթուան [[Չորեքշաբթի]] եւ [[Ուրբաթ]] օրերը Պահք են։ Պահոց օրերը կ՛ըլլանկ'ըլլան բուն պահոց օրեր, երբ պետքպէտք է հրաժարիլ կենդանական ծագում ունեցող կերակուրներու (մսեղէն, կաթնեղէն, ձկնեղէն) օգտագործումէն եւ նաւակատեաց պահոց օրեր, երբ կարելի է ուտել կաթնեղէն եւ ձկնեղէն։ Նաւակատիքի օրեր են հինգ Տաղաւարներու շաբաթապահոց [[Շաբաթ]] օրերը։
 
== Պահոց օրեր ==
Պահոց օրերը բաժնուած են երեք խումբերու. ա.խումբերու՝ Օրական Պահք, բ. Քառասնօրեայ Պահք (Մեծ Պահք), գ.եւ Շաբաթական Պահք (Շաբաթապահք)։
 
ա. Օրական Պահք, իւրաքանչիւր շաբթուան [[Չորեքշաբթի]] եւ [[Ուրբաթ]] օրերու ՊահքՊահքն է, որ, համաձայն Հայ եկեղեցւոյ Տօնացոյցին համաձայն, կը վերաբերի տարուան գրեթէ բոլոր շաբաթներուն, բացառութեամբբացառութեամբ՝ Ս. Ծննդեան շաբթուան (6-13 [[Յունուար]] 6– 13) [[Չորեքշաբթի]] եւ [[Ուրբաթ]] օրերու եւ [[Ս. Զատիկէն]] մինչեւ [[Համբարձում]] ինկած շաբաթներու Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ օրերու, որոնք պահոց օրեր չեն։ [[Քառասնօրեայ Պահք]], կը կոչուի նաեւ Մեծ Պահքի ([[Բուն Բարեկենդանի]] Երկուշաբթիէն մինչեւ [[Աւագ ուրբաթ]])։
 
բ. Քառասուն օրը, կապուած է անապատ քաշուած [[Քրիստոս]]ի քառասնօրեայ ծոմապահութեան, աղօթքի եւ ապաշխարութեան շրջանին, ինչպեսինչպէս նաեւ Ս. Գիրքին մէջ յաճախ յիշուող 40 խորհրդանշական թիւին հետ։
Իրականութեան մէջ Քառասնօրեայ Պահքը 47 օր կը տեւէ, իսկ 48-րդ օրը՝ ճրագալոյցՃրագալոյց, [[Ս. Զատիկ|Ս. Զատկուան]] նաւակատիքն է։ Քառասնօրեայ Պահք օրերը կը կոչուին «Աղեւացքի օրեր», այսինքն՝ Մեծ Պահքը աղով ու հացով անցընելու ժամանակաշրջան։
Ժամանակին աղ ու հացով կ'ապրէին ճգնաւորներն ու անապատականները։ Ներկայիս աղուհացի օրը պահոց այն օրն է, երբ պէտք է Պահքի կերակուրներ ուտել։ Մեծ Պահքի շրջանին կը փակուի եկեղեցւոյ խորանին վարագոյրը, եւ Ս.Պսակի խորհուրդ չի կատարուիր։
 
գ. Հիմնականին մէջ հինգ օրուան [[Երկուշաբթիէն]] մինչեւ Ուրբաթ ինկած Պահքի Հայ եկեղեցւոյ շաբաթապահքերու կարգադրութիւնը կը վերագրուի [[Ներսէս Բ. Բագրեւանդցի]] կաթողիկոսին (548–557):
 
դ. Շաբաթական Պահքերը թիւով տասներկուք են.են՝ [[Ծնունդ(արեւմտահայերէն)| Ս.Ծննդեան]], Եղիական, [[Լուսաւորիչ(արեւմտահայերէն)|Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի]], [[Վարդավառ (արեւմտահայերէն)|Վարդավառի]], [[Վերափոխումն Ս. Աստուածածնի]], [[Խաչվերաց (արեւմտահայերէն)|Խաչվերաց]]ի, Վարագայ Խաչի, Յիսնակաց, [[Ս. Յակոբ(արեւմտահայերէն)|Ս. Յակոբի]], Առաջաւորաց, Մեծ պահոց երկրորդ շաբթուան, Աւագ շաբաթ։ Շաբաթապահքերը բաժնուած են երեք խումբերու։
 
== ՀԻնգ ՏաղաւարներուՏաղաւարներ ==
Հինգ Տաղաւարներու կամ Տէրունական օրերու շաբաթապահքեր՝ [[Սուրբ Ծնունդ (արեւմտահայերէն)|Ծննդեան]], Յարութեան, Վարդավառի, Աստուածածնի եւ Ս. Խաչի։
ա. Ս. Ծննդեան Պահք, Քրիստոսի ծննդեան շաբթուան եօթնօրեակն է, կը տեւէ վեց օր։ Այդ ընթացքին ոչ մէկ տօն չկայ, վեց օրերը պահոց օրեր են եւ ոչ ուտիքի։ Ի հակադրութիւն նախածննդեան շաբաթապահքի, յետծննդեան առաջին շաբաթը՝ 6-13 Յունուար պահոց օրեր չեն։
[[Պատկեր:Pieter Bruegel the Elder - The Fight between Carnival and Lent (detail) - WGA3375.jpg|350px|մինի|ձախից]]
բ. Ս. Յարութեան Պահք, կը կոչուի նաեւ Աւագ շաբթուան Պահքը, որովհետեւ կը վերաբերի Զատկուան նախորդող վեց օրերուն։ Աւագ Երկուշաբթիէն Աւագ շաբաթ օրը Յարութեան շաբաթապահքի օրերն են։ Այս Պահքը անբաժան մասն է Քառասնօրեայ կամ Մեծ Պահքի։Պահքին։ Այս ընթացքին չկայ ոչ մէկ տօն, հետեւաբար վեց օրերն ալ պահոց օրեր են։
գ. Ս. Վարդավառի Պահք, Այլակերպութեան այս շաբաթապահքը կը տեւէ հինգ օր։
դ. Ս. Աստուածածնի կամ Վերափոխման Պահք, նոյնպէս կը տեւէ հինգ օր։
Տող 35.
 
== Տարուան չորս եղանակներու շաբաթապահքեր ==
Անոնք Մեծ պահոց երկրորդ շաբթուան, Եղիական, Վարագայ Ս.Խաչի, Ս. Յակոբի Պահքերն են։
 
ա. Մեծ Պահոց, երկրորդ շաբթուան Պահք, այս շաբաթապահքը ՄարտինՄարտ ամսուան կը զուգադիպի եւ կը կոչուի նաեւ Գարնանամուտի Պահք։ կը Պատկանի Մեծ պահոց շարքին։ Առանձնացուած է եղանակային պատճառներով, կը տեւէ հինգ օր եւ տօն չունի։
բ. Եղիական Պահք, ամառնամուտին կը զուգադիպի (Յունիս), կը կոչուի նաեւ Ամրան Պահք, իսկ ժողովրդական լեզուով նաեւ «Թրթուռի պաս»։ Զատիկէն ետք առաջին շաբաթապահքն է։ Եղանակային Պահք ըլլալով կապ չունի Եղիա մարգարէին հետ, սակայն Եղիական կը կոչուի, որովհետեւ շաբաթապահքի վերջին օրը յիշատակն է Եղիա մարգարէին։ Կը տեւէ հինգ օր եւ տօն չունի։
 
Տող 43.
Այլ շաբաթապահքեր են՝ Առաջաւորաց, Յիսնակաց եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Պահքերը։
 
ա. Առաջաւորաց Պահք, կը կոչուի նաեւ Առաջաւորք, կը նշանակուինշանակէ առաջինը։ Անիկա կը տեւէ հինգ օր, ունի սրբական տօներ։ ՇաբաթավերջըՇաբաթավերջը՝ [[Սուրբ-Սարգիս (արեւմտահայերէն)|Ս. Սարգիս զօրավարի տօն]] եւ կը կոչուի (ժողովրդական) Ս. Սարգիսի Պահք։
 
բ. Յիսնակաց Պահք, Յիսնակ կը նշանակէ յիսուն օրերու ժամանակաշրջան։ Հինէն յիսնակաց պահեցողութիւնը սկսած է Քրիստոսի ծնունդէն յիսուն օր առաջ եւ պահուած մինչեւ Աստուածայայտնութեան տօնը։ Ներկայիս յիսնակաց Պահքը կը պահուի միայն հինգ օր։
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Պահք» էջէն