«Պահք» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 43.
Այլ շաբաթապահքեր են՝ Առաջաւորաց, Յիսնակաց եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Պահքերը։
 
ա. '''Առաջաւորաց Պահք''', կը կոչուի նաեւ Առաջաւորք, կը նշանակէ առաջինը։ Անիկա կը տեւէ հինգ օր, ունի սրբական տօներ։ Շաբաթավերջը՝ [[Սուրբ-Սարգիս (արեւմտահայերէն)|Ս. Սարգիս զօրավարի տօն]] եւ կը կոչուի (ժողովրդական) Ս. Սարգիսի Պահք։
Այս պահքը սահմանած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Խոր Վիրապէն ելլելէն ետք: Ինչպէս կը վկայեն եկեղեցական հայրեր՝ Պօղոս Տարօնացին, Ս. Ներսէս Շնորհալին, Մխիթար Գոշը եւ ուրիշներ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Տրդատ թագաւորը մկրտելէ առաջ, 65 օր գիշեր-ցերեկ շարունակ կը քարոզէ, կը խրատէ, կը սորվեցնէ, կը գօտեպնդէ` իմաստուն բժիշկի պէս ջանալով գտնել օգտակար դեղը, աղօթքով հայ ժողովուրդը կը պատրաստէ Աւետարանի վեհ պատգամներուն հետեւելու, ապա կը սահմանէ հնգօրեայ ծոմապահութիւն՝ ի յիշատակ Հայաստանի լուսաւորութեան: Թագաւորներն ու նախարարները, հինգ օր ծոմ պահելով, կը փրկուին զիրենք տանջող ցաւերէն ու հիւանդութիւններէն:Հայ եկեղեցւոյ վարդապետներուն համաձայն՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ անիկա կը հաստատէ ի յիշատակ վերոյիշեալ փրկչական ծոմապահութեան եւ կը պատուիրէ, որ ամէն տարի շարունակեն նոյնութեամբ: Եւ որովհետեւ այս պահքը առաջինը կ'ըլլայ Հայաստանի մէջ, կը կոչուի «Առաջաւորաց պահք» կամ «Առաջաւորք» եւ կը համարուի հայոց առաջին ազգային պահքը: Այս պահքի հինգերորդ՝ ուրբաթ օրը, պահոց օր ըլլալով հանդերձ, Յովնան մարգարէին յիշատակութեան օրն է՝ իբրեւ ապաշխարութեան եւ ծոմապահութեան օրինակ: Իսկ յաջորդ շաբաթ օրը, կը տօնուի Ս.Սարգիս զորավարին եւ անոր որդիին Մարտիրոսին եւ 14 զինուորներուն տօնը: Առաջաւորաց պահքին նախորդող կիրակի օրը բարեկենդան է:
 
Ի տարբերութիւն միւս պահքերուն՝ Առաջաւորաց պահքի ընթացքին եկեղեցւոյ մէջ
Ս.Գիրք կամ Աւետարան չի կարդացուիր եւ Ս. Պատարագ չի մատուցուիր, որովհետեւ այս պահքի մէջ խորհրդաբար Ադամին անկումը կը յիշատակուի: Ադամին եւ նահապետներուն ժամանակ «Գիրք եւ Մարգարէք» գոյություն չունէին: Եւ քանի որ այս պահքը կը նշանակուի նահապետներու կողմէ, որոնք Գիրքերէն, Օրէնքէն եւ Աւետարանէն առաջ կային, ուստի այս պահքը կը պահուի առանց ընթերցումներու եւ Պատարագներու: Իսկ ուրբաթ օրը կը կարդացուի Յովնանի մարգարէութիւնը՝ Նինուէի ազատութեան համար:
 
Առաջաւորաց պահքը ունի նաեւ իր նուիրական կերակուրը՝ փոխինդը կամ փոխինձը, որմով կը լուծուի պահքը:<ref>[http://www.surbzoravor.am/post/view/arajavorac-pahq-hayoc-arajin-azgayin-pahqy Առաջաւորաց Պահք]</ref>
 
Ըստ հայ մատենագիրների վկայության՝ Առաջավորաց պահքը հնում գոյություն է ունեցել նաև հույների և լատինների մոտ:
 
բ. Յիսնակաց Պահք, Յիսնակ կը նշանակէ յիսուն օրերու ժամանակաշրջան։ Հինէն յիսնակաց պահեցողութիւնը սկսած է Քրիստոսի ծնունդէն յիսուն օր առաջ եւ պահուած մինչեւ Աստուածայայտնութեան տօնը։ Ներկայիս յիսնակաց Պահքը կը պահուի միայն հինգ օր։
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Պահք» էջէն