«Պահք» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 43.
Այլ շաբաթապահքեր են՝ Առաջաւորաց, Յիսնակաց եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Պահքերը։
 
ա. '''Ա. Առաջաւորաց Պահք''', կը կոչուի նաեւ Առաջաւորք, կը նշանակէ առաջինը։ Անիկա կը տեւէ հինգ օր, ունի սրբական տօներ։ Շաբաթավերջը՝ [[Սուրբ-Սարգիս (արեւմտահայերէն)|Ս. Սարգիս զօրավարի տօն]] եւ կը կոչուի (ժողովրդական) Ս. Սարգիսի Պահք։
Այս պահքը սահմանած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Խոր Վիրապէն ելլելէն ետք: Ինչպէս կը վկայեն եկեղեցական հայրեր՝ Պօղոս Տարօնացին, Ս. Ներսէս Շնորհալին, Մխիթար Գոշը եւ ուրիշներ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Տրդատ թագաւորը մկրտելէ առաջ, 65 օր գիշեր-ցերեկ շարունակ կը քարոզէ, կը խրատէ, կը սորվեցնէ, կը գօտեպնդէ` իմաստուն բժիշկի պէս ջանալով գտնել օգտակար դեղը, աղօթքով հայ ժողովուրդը կը պատրաստէ Աւետարանի վեհ պատգամներուն հետեւելու, ապա կը սահմանէ հնգօրեայ ծոմապահութիւն՝ ի յիշատակ Հայաստանի լուսաւորութեան: Թագաւորներն ու նախարարները, հինգ օր ծոմ պահելով, կը փրկուին զիրենք տանջող ցաւերէն ու հիւանդութիւններէն:Հայ եկեղեցւոյ վարդապետներուն համաձայն՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ անիկա կը հաստատէ ի յիշատակ վերոյիշեալ փրկչական ծոմապահութեան եւ կը պատուիրէ, որ ամէն տարի շարունակեն նոյնութեամբ: Եւ որովհետեւ այս պահքը առաջինը կ'ըլլայ Հայաստանի մէջ, կը կոչուի «Առաջաւորաց պահք» կամ «Առաջաւորք» եւ կը համարուի հայոց առաջին ազգային պահքը: Այս պահքի հինգերորդ՝ ուրբաթ օրը, պահոց օր ըլլալով հանդերձ, Յովնան մարգարէին յիշատակութեան օրն է՝ իբրեւ ապաշխարութեան եւ ծոմապահութեան օրինակ: Իսկ յաջորդ շաբաթ օրը, կը տօնուի Ս.Սարգիս զորավարին եւ անոր որդիին Մարտիրոսին եւ 14 զինուորներուն տօնը: Առաջաւորաց պահքին նախորդող կիրակի օրը բարեկենդան է:
 
Տող 51.
Առաջաւորաց պահքը ունի նաեւ իր նուիրական կերակուրը՝ փոխինդը կամ փոխինձը, որմով կը լուծուի պահքը:<ref>[http://www.surbzoravor.am/post/view/arajavorac-pahq-hayoc-arajin-azgayin-pahqy Առաջաւորաց Պահք]</ref>
 
Ըստ հայ մատենագիրներու վկայութեան՝ Առաջաւորաց պահքը ժամանակին գոյութիւն ունեցած է նաեւ յոյներուն եւ լատիններուն մօտ:
Ըստ հայ մատենագիրների վկայության՝ Առաջավորաց պահքը հնում գոյություն է ունեցել նաև հույների և լատինների մոտ:
 
բ'''Բ. Յիսնակաց Պահք''', Յիսնակ կը նշանակէ յիսուն օրերու ժամանակաշրջան։ Հինէն յիսնակաց պահեցողութիւնը սկսած է Քրիստոսի ծնունդէն յիսուն օր առաջ եւ պահուած մինչեւ Աստուածայայտնութեան տօնը։ Ներկայիս յիսնակաց Պահքը կը պահուի միայն հինգ օր։
Յիսնակը յիսուն օրերու ժամանակաշրջան մըն է, որ կը կանխէ Յիսուսի Քրիստոսի Ս. Ծնունդը: Աստուածորդւոյն Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը կանխող յիսուն օրերու այս շրջանը, Հայ Տօնացոյցը որպէս յիսնակ արձանագրած է: Անցեալին Յիսնակին շրջանը Մեծ Պահոց նման յիսուն օրերու պահեցողութեան շրջան մըն էր ի պատրաստութիւն սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօներուն: Իսկ ներկայիս մինչեւ Ս. Ծնունդ պահեցողութեան օրեր սահմանուած են Չորեքշաբթին և Ուրբաթը եւ երեք շաբաթապահքերը: Յիսնակին առաջին շաբաթը «Յիսնակի պահք» անունով կը կոչուի: Երկրորդ շաբաթը՝ ձմեռնամուտի շաբաթապահքն է, որ հաւատացեալներուն կողմէ անուանակոչուած է Ս. Յակոբի շաբաթապահք: Իսկ երրորդ շաբաթը՝ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը կանխող օրերն են:<ref>[https://www.bzommarvank.com/upcoming-event/622-2017-11-27-18-33-55 Յիսնակի Պահք]</ref>
 
բ. Յիսնակաց Պահք, Յիսնակ կը նշանակէ յիսուն օրերու ժամանակաշրջան։ Հինէն յիսնակաց պահեցողութիւնը սկսած է Քրիստոսի ծնունդէն յիսուն օր առաջ եւ պահուած մինչեւ Աստուածայայտնութեան տօնը։ Ներկայիս յիսնակաց Պահքը կը պահուի միայն հինգ օր։
գ. Լուսաւորչի Պահք, այդպէս կը կոչուի, որովհետեւ նուիրուած է [[Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ(արեւմտահայերէն)|Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի]] նշխարներու գիւտին։ Կը տեւէ հինգ օր եւ իր մեջ կը պարունակէ սրբական այլ տօներ։
 
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Պահք» էջէն