«Պահք» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 30.
ա. Ս. Ծննդեան Պահք, Քրիստոսի ծննդեան շաբթուան եօթնօրեակն է, կը տեւէ վեց օր։ Այդ ընթացքին ոչ մէկ տօն չկայ, վեց օրերը պահոց օրեր են եւ ոչ ուտիքի։ Ի հակադրութիւն նախածննդեան շաբաթապահքի, յետծննդեան առաջին շաբաթը՝ 6-13 Յունուար պահոց օրեր չեն։
[[Պատկեր:Pieter Bruegel the Elder - The Fight between Carnival and Lent (detail) - WGA3375.jpg|350px|մինի|ձախից]]
բ. Ս. Յարութեան Պահք, կը կոչուի նաեւ Աւագ շաբթուան Պահքը, որովհետեւ կը վերաբերի Զատկուան նախորդող վեց օրերուն։ Աւագ Երկուշաբթիէն Աւագ շաբաթՇաբաթ օրը Յարութեան շաբաթապահքի օրերն են։ Այս Պահքը անբաժան մասն է Քառասնօրեայ կամ Մեծ Պահքին։ Այս ընթացքին չկայ ոչ մէկ տօն, հետեւաբար վեց օրերն ալ պահոց օրեր են։
 
գ. Ս. Վարդավառի Պահք, Այլակերպութեան այս շաբաթապահքը կը տեւէ հինգ օր։ Պահքին վերջին շաբաթ օրը նաւակատիք է, այսինքն` այդ օրը կ'արտօնուի ձկնեղէն եւ կաթնեղէն օգտագործել:
 
դ. Ս. Աստուածածնի կամ Վերափոխման Պահք, նոյնպէս կը տեւէ հինգ օր։
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Պահք» էջէն