«Պահք» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 4.
'''Պահք''', պաս, պահոց օրեր, պահեցողութիւն, ծոմ, ծոմապահութիւն, որոշ կրօններու մէջ ուտելիքի կամ յատուկ ճաշատեսակներու համար որոշուած ժամկէտով սահմանուած արգելք, կերակուրներէն լրիւ կամ մասնակի հրաժարում (պահեցողութիւն)։
== Պահքին նշանակութիւնը ==
Պահքի արտայայտած միւս իմաստը ինքնաքննութեան եւ խոկումի ժամանակաշրջանն է, յատկապէս՝ Մեծ պահոց շրջանը, երբ հաւատացեալները ո՛չ միայն կերակուրներէն կը հրաժարին, այլեւ՝ հեռու կը մնան մարմնական հաճոյքներէն, [[ապաշխարութեամբ]] ու աղօթասացութեամբ չափաւոր, զուսպ կեանք մը կը վարեն։ Պահքը կը հիմնաւորուի «մարմնի հանդէպ հոգւոյ առաջնայնութեան ուսմունքով»։ [[Քրիստոնէական]], [[Իսլամական]] եւ [[յուդայականմովսիսական]] կրօններուն մէջ Պահքը հաւատքի ամրապնդման միջոց է, որ ունի նաեւ մաքրագործական եւ ճգնակեցական նշանակութիւն։
 
== Պահքը Քրիստոնէական եկեղեցւոյ մէջ ==
Պահքը քրիստոնէական եկեղեցւոյ կեանքի կարեւոր երեւոյթներէն է։ Շատեր, ինչպէս վկայուած է [[Աստուածաշունչ]]ին մէջ, ինչպէս նաեւ [[Նոր կտակարան]]-ին մէջ, երկինքի արքայութեան արժանի դառնալու եւ մեղքերէն թողութիւն ստանալու համար «պահք կը պահեն»։
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Պահք» էջէն