«Պահք» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 9.
Պահքը քրիստոնէական եկեղեցւոյ կեանքի կարեւոր երեւոյթներէն է։ Շատեր, ինչպէս վկայուած է [[Աստուածաշունչ]]ին մէջ, ինչպէս նաեւ [[Նոր կտակարան]]-ին մէջ, երկինքի արքայութեան արժանի դառնալու եւ մեղքերէն թողութիւն ստանալու համար «պահք կը պահեն»։
Ծոմ կը նշանակէ ընդհանրապէս կերակուր չուտել։ Իսկ Պահքի ընթացքին կը թոյլատրուի օգտուիլ բուսական ծագում ունեցող կերակուրներէ, զերծ մնալով ամէն տեսակի մսեղէնէ ու կաթնեղէնէ։
 
Պահքը Քրիստոսի հասկացողութեամբ արտաքին երեւոյթով լոկ իմանալի եւ պահելիք բան չէ, այլ ներքին, հոգիի հաւատքով ըմբռնելի եւ կատարելի իրողութիւն: Պահեցողութիւնը մարդ արարածը կը վարժեցնէ ժուժկալութեան:
{{քաղվածք|
Տող 16 ⟶ 15՝
{{քաղվածք|
Քրիստոնեան պէտք է Սուրբ եւ անարատ պահէ պահքը, որովհետեւ անոնք որոնք սրբութեամբ պահք բռնեցին արդարացան, իսկ անոնք որոնք չպահեցիին կորսուեցան:|[[Յովհաննէս Երզնկացի]]}}
Պահեցողութեամբ որոշ կերակրատեսակներէն հեռու մնալու աւանդութիւնը եւս աստուածաշնչական հիմք ունի.
{{քաղվածք|
Այդ օրերուն ես Դանիէլս, երեք շաբաթ սուգի մէջ էի: Լաւ հաց չկերայ, միս եւ գինի չմտաւ իմ բերանը, իւղով չօծուեցայ, մինչեւ որ վերջացան երեք շաբաթները:|[[Դանիէլ Մարգարէ]]}}
Պահքի հիմնական նպատակը , ժուժկալութեամբ աստուածահաճ կեանք ապրիլն է, որպէսզի այդ ձեւով հնարաւոր ըլլայ հոգին զօրացնել, Հաւատքը ամրապնդել եւ դէպի երկինքի Արքայութիւն երթը աւելի հաստատուն դարձնել: Եկեղեցւոյ Հայրերէն՝ ն ըսած .
{{քաղվածք|
Պահեցողութիւնը կը մաքրէ հոգին, կը բարձրացնէ միտքը, չափի ու հակակշիռի ներքեւ կը պահէ կիրքերը, կը սղոցէ ցանկութեան ամպերը, կը մարէ սեռային կրակը, կ’արծարծէ ժուժկալութիւնը եւ կը վառէ ճշմարտութեան լոյսը:|[[Ս. Օգոստինոս Ափրիկեցի]]}}
Պահեցողութիւնը իր իրական հասկացողութեամբ ամբողջական դարձ է առ Աստուած, այսինքն կը նշանակէ հրաժարիլ ամէն տեսակի գայթակղեցուցիչ եւ հոգին աղարտող սովորութիւններէն եւ հետամտիլ բարեգործութեան, բարիք գործելուն:
 
=== Պահքը ըստ Հայ եկեղեցւոյ սահմանած կարգին ===
Ըստ Հայ եկեղեցւոյ սահմանած կարգին, տարուան շուրջ վեց ամիսները պահոց օրեր են։ Հայ եկեղեցին տարուան օրերը բաժնած է երկու մասի՝ տօնական եւ պահոց օրերու։ Եկեղեցական կանոններու համաձայն, իւրաքանչիւր շաբթուան [[Չորեքշաբթի]] եւ [[Ուրբաթ]] օրերը Պահք են։ Պահոց օրերը կ'ըլլան բուն պահոց օրեր, երբ պէտք է հրաժարիլ կենդանական ծագում ունեցող կերակուրներու (մսեղէն, կաթնեղէն, ձկնեղէն) օգտագործումէն եւ նաւակատեաց պահոց օրեր, երբ կարելի է ուտել կաթնեղէն եւ ձկնեղէն։ Նաւակատիքի օրեր են հինգ Տաղաւարներու շաբաթապահոց [[Շաբաթ]] օրերը։
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Պահք» էջէն