«Պահք» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 9.
Պահքը քրիստոնէական եկեղեցւոյ կեանքի կարեւոր երեւոյթներէն է։ Շատեր, ինչպէս վկայուած է [[Աստուածաշունչ]]ին մէջ, ինչպէս նաեւ [[Նոր կտակարան]]-ին մէջ, երկինքի արքայութեան արժանի դառնալու եւ մեղքերէն թողութիւն ստանալու համար «պահք կը պահեն»։
Ծոմ կը նշանակէ ընդհանրապէս կերակուր չուտել։ Իսկ Պահքի ընթացքին կը թոյլատրուի օգտուիլ բուսական ծագում ունեցող կերակուրներէ, զերծ մնալով ամէն տեսակի մսեղէնէ ու կաթնեղէնէ։
 
Պահքը Քրիստոսի հասկացողութեամբ արտաքին երեւոյթով լոկ իմանալի եւ պահելիք բան չէ, այլ ներքին, հոգիի հաւատքով ըմբռնելի եւ կատարելի իրողութիւն: Պահեցողութիւնը մարդ արարածը կը վարժեցնէ ժուժկալութեան:
{{քաղվածք|
Խիստ պահեցողութիւնը երկաթէ ջիղերու նման կը պահպանէ վարք ու կենցաղի առաքինութիւնները եւ հաւատիհաւատքի ամրութիւնը, որովհետեւ ան աննուաճելի աշտարակ է թշնամիին դէմ եւ ամուր պարիսպ Սատանային նետերուն դիմաց:|[[Յովհաննէս մանդակունիՄանդակունի]]}}
Պահեցողութիւնը մարդու հոգին զօրացնելով, անոր հոգիին մէջ կը ստեղծէ պարկեշտ ցանկութիւններ եւ աստուածահաճ խորհուրդներ: Պահքը արգիլուած կերակրատեսակներ չուտել չէ միայն, այլ ըստ էութեան, կը խափանէ մեղքը.
{{քաղվածք|
Քրիստոնեան պէտք է Սուրբսուրբ եւ անարատ պահէ պահքը, որովհետեւ անոնք որոնք սրբութեամբ պահք բռնեցին արդարացան, իսկ անոնք որոնք չպահեցիինչպահեցին կորսուեցան:|[[Յովհաննէս Երզնկացի]]}}
Պահեցողութեամբ որոշ կերակրատեսակներէն հեռու մնալու աւանդութիւնը եւս աստուածաշնչական հիմք ունի.
{{քաղվածք|
Այդ օրերուն ես Դանիէլս, երեք շաբաթ սուգի մէջ էի: Լաւ հաց չկերայ, միս եւ գինի չմտաւ իմ բերանըբերանս, իւղով չօծուեցայ, մինչեւ որ վերջացան երեք շաբաթները:|[[Դանիէլ Մարգարէ]]}}
Պահքի հիմնական նպատակը , ժուժկալութեամբ աստուածահաճաստուածահաճոյ կեանք ապրիլն է, որպէսզի այդ ձեւով հնարաւոր ըլլայ հոգին զօրացնել, Հաւատքը ամրապնդել եւ դէպի երկինքի Արքայութիւն երթը աւելի հաստատուն դարձնել: Եկեղեցւոյ Հայրերէն՝ ն ըսած .
{{քաղվածք|
Պահեցողութիւնը կը մաքրէ հոգին, կը բարձրացնէ միտքը, չափի ու հակակշիռի ներքեւ կը պահէ կիրքերը, կը սղոցէ ցանկութեան ամպերը, կը մարէ սեռային կրակը, կ’արծարծէ ժուժկալութիւնը եւ կը վառէ ճշմարտութեան լոյսը:|[[Ս. Օգոստինոս Ափրիկեցի]]}}
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Պահք» էջէն