«Պահք» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 72.
 
'''Բ. Յիսնակաց Պահք''', Յիսնակ կը նշանակէ յիսուն օրերու ժամանակաշրջան։ Հինէն յիսնակաց պահեցողութիւնը սկսած է Քրիստոսի ծնունդէն յիսուն օր առաջ եւ պահուած մինչեւ Աստուածայայտնութեան տօնը։ Ներկայիս յիսնակաց Պահքը կը պահուի միայն հինգ օր։
Յիսնակը յիսուն օրերու ժամանակաշրջան մըն է, որ կը կանխէ Յիսուսի Քրիստոսի Ս. Ծնունդը: Աստուածորդւոյն Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը կանխող յիսուն օրերու այս շրջանը, Հայ Տօնացոյցը որպէս յիսնակ արձանագրած է: Անցեալին Յիսնակին շրջանը Մեծ Պահոց նման յիսուն օրերու պահեցողութեան շրջան մըն էր ի պատրաստութիւն սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօներուն: Իսկ ներկայիս մինչեւ Ս. Ծնունդ պահեցողութեան օրեր սահմանուած են Չորեքշաբթին ևեւ Ուրբաթը եւ երեք շաբաթապահքերը: Յիսնակին առաջին շաբաթը «Յիսնակի պահք» անունով կը կոչուի: Երկրորդ շաբաթը՝ ձմեռնամուտի շաբաթապահքն է, որ հաւատացեալներուն կողմէ անուանակոչուած է Ս. Յակոբի շաբաթապահք: Իսկ երրորդ շաբաթը՝ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը կանխող օրերն են:<ref>[https://www.bzommarvank.com/upcoming-event/622-2017-11-27-18-33-55 Յիսնակի Պահք]</ref>
 
'''Գ. Գրիգոր Լուսաւորիչի Պահք''', այդպէս կը կոչուի, որովհետեւ նուիրուած է [[Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ(արեւմտահայերէն)|Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի]] նշխարներու գիւտին։ Կը տեւէ հինգ օր եւ իր մեջ կը պարունակէ սրբական այլ տօներ։
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Պահք» էջէն