'''Պաղտասար Աղբար'''ը մեծ հայ երգիծաբան [[Յակոբ Պարոնեան]]ի ամենածանօթ ևեւ ամենաժողովրդական թատերական գործն է։
Պաղտասար աղբարաղբար՝ բարի, դիւրահաւատ ևեւ պատուախնդիր մարդ մըն է, որուն կինը սիրականն է հէգ Պաղտասար աղբօր կարծեցեալ բարեկամին՝ Կիպարին։ Պաղտասար գրեթէ արարքի վրայ կը բռնէ կինը ու կը դիմէ փաստաբան Օգսէնին, որ իր դատը կը խոստանայ պաշտպանել փոխան մեծ գումարի մը։ Սակայն դատական խորհուրդը զինք մեղաւոր կը գտնէ, ևեւ միանալով իր կնոջ, Կիպարի ևեւ դրացի կիներուն, կը սպառնայ Պաղտասար աղբարը խենդ հռչակել եթէ ան իր կնոջ հասցէին կատարած զրպարտութիւնը ետ չքաշէ...
Պարոնեան զաւեշտին մէջ ցոյց կու տայ [[Եվրոպա|Եւրոպա]]յէն եկող նոր բարքերու ևեւ ազատ [[Սէր|սիրոյ]] գաղափարին բախումը՝ հին սերունդի աւանդապահ ևեւ պարկեշտ ըմբռնումներուն հետ։<ref>Ճանաշեան, Մեսրոպ. ''Հայ Գրականութեան Նոր Շրջանի Համառօտ Պատմութիւն'': [[Վենետիկ]], [[Ս. Ղազար]] [[1974]], էջ 127-8:</ref>
''Պաղտասար Աղբարը'' բազմաթիւ անգամներ ներկայացուած է աշխարհի զանազան քաղաքներունքաղաքներու մէջ։ ԹէևԹէեւ շատ մը յայտնի դերասաններ յաջող կերպարներ ստեղծած են, թերևսթերեւս Պաղատասար աղբարի դերը լաւագոյնս մարմնաւորած է [[Հայաստան (արեւմտահայերէն)|Հայաստան]]ի ժողովրդային արուեստագէտ դերասան [[Մհեր Մկրտչյան|Մհեր Մկրտչեան]]ը։