«Պաղտասար Աղբար» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ Բոտ: կոսմետիկ փոփոխություններ
No edit summary
Տող 5.
Պաղտասար Աղբարը մեծ հայ երգիծաբան [[Յակոբ Պարոնեան]]ի ամենածանօթ եւ ամենաժողովրդական թատերական գործն է։
 
Պաղտասար աղբար՝ բարի, դիւրահաւատ եւ պատուախնդիր մարդ մըն է, որուն կինը սիրականն է հէգ Պաղտասար աղբօր կարծեցեալ բարեկամին՝ Կիպարին։ Պաղտասար գրեթէ արարքի վրայ կը բռնէ կինը ու կը դիմէ փաստաբան Օգսէնին, որ իր դատը կը խոստանայ պաշտպանել փոխան մեծ գումարի մը։ Սակայն դատական խորհուրդը զինք մեղաւոր կը գտնէ, եւ միանալով իր կնոջ, Կիպարի եւ դրացի կիներուն, կը սպառնայ Պաղտասար աղբարը խենդխենթ հռչակել եթէ ան իր կնոջ հասցէին կատարած զրպարտութիւնը ետ չքաշէ...
 
Պարոնեան զաւեշտին մէջ ցոյց կու տայ [[Եւրոպա]]յէն եկող նոր բարքերու եւ ազատ [[Սէր|սիրոյ]] գաղափարին բախումը՝ հին սերունդի աւանդապահ եւ պարկեշտ ըմբռնումներուն հետ։<ref>Ճանաշեան, Մեսրոպ. ''Հայ Գրականութեան Նոր Շրջանի Համառօտ Պատմութիւն'': [[Վենետիկ]], [[Ս. Ղազար]] [[1974]], էջ 127-8:</ref>