«Կորիւն Պապեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Կենսագրութիւն: վերջակետների ուղղում, փոխարինվեց: թ: → թ։ oգտվելով ԱՎԲ
պարզեցնում եմ հղումները oգտվելով ԱՎԲ
Տող 1.
{{ԱՀ}}
'''Կորիւն արք. Պապեան''' ( [[1941]], [[Պէյրութ]] ([[Լիբանան (արեւմտահայերէն)|Լիբանան]]) - [[21 Մայիս]] [[2015]], [[Պէյրութ]] ([[Լիբանան (արեւմտահայերէն)|Լիբանան]]), սփիւռքահայ հոգեւորական։
 
== Կենսագրութիւն ==
Գերշ. Տէր Կորիւն արք. Պապեան՝ աւազանի անունով Վարդգէս <ref>[http://www.aztagdaily.com/archives/241454 Վախճանեցաւ Կորիւն Արք. Պապեան]</ref>, ծնած է [[1941]] թուականին՝ [[Լիբանան]]ի [[Պէյրութ (արեւմտահայերեն)|Պէյրութ]] քաղաքին մէջ։ Յաճախած է Նոր Սիսի Աքսոր Գասարճեան, այդ օրերուն Լուսինեան, Ազգային երկսեռ վարժարանը։ Իր միջնակարգ ուսումը կատարելէ ետք Պէյրութի Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանին մէջ, [[1957]]-ին ընդունուած է [[Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն|Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան]] Դպրեվանքի Ժառանգաւորաց բաժնի աւարտական դասարանը եւ 1958-ին ձեռնադրուած է Սարկաւագ։ Այնուհետեւ երեք տարիներ հետեւած է Դպրեվանքի Ընծայարանի դասընթացքներուն եւ ձեռնադրուած է Կուսակրօն Քահանայ, ձեռամբ Տ. Տ. Զարեհ Ա. Կաթողիկոսին, [[28 Մայիս]] [[1961]]-ին եւ վերակոչուած՝ Տ. Կորիւն Աբեղայ։
Տարի մը Դպրեվանքին մէջ ուսուցչական պաշտօն վարելէ ետք, առաքելութեամբ մը կը ղրկուի [[Գամիշլի|Գամիշլի]]՝ որպէս ուսուցիչ հայերէն լեզուի եւ կրօնական նիւթերու՝ տեղւոյն Ազգային Միջնակարգ վարժարանին մէջ, միաժամանակ ունենալով շրջաններու այցելու հոգեւոր հովիւի պաշտօնը։
[[1963]]-ին Բերիոյ Թեմի Քաղաքական եւ Կրօնական Ժողովներու կողմէ կը կոչուի Ճէզիրէի շրջանի Առաջնորդական Փոխանորդութեան պաշտօնին։ Նոյն տարին աւարտելով Յովաննէս Պատմաբան Կաթողիկոս Դրասխանակերտացիի կեանքին եւ գործին նուիրուած իր Վարդապետական աւարտաճառը, ձեռամբ Տ. Տ. Խորէն Ա. Կաթողիկոսին կը ստանայ Վարդապետական գաւազանի իշխանութիւն։
Տող 11.
[[1967]] թուին կը մեկնի Անգլիա, հետեւելու աստուածաբանական եւ հայագիտական բարձրագոյն ուսմանց Օքսֆորտի համալսարանի մէջ։ Աւարտելով իր B. Lit. տիտղոսի աշխատանքները, կը վերադառնայ [[Անթիլիաս (արեւմտահայերէն)|Անթիլիաս]] [[1973]]-ի [[Աշուն (արեւմտահայերէն)|աշնան]] եւ Դպրեվանքին մէջ կը դասաւանդէ եկեղեցագիտական, աստուածաբանական եւ լեզուական նիւթեր, միաժամանակ յառաջ տանելով իր ուսումնասիրական-բանասիրական աշխատանքները։ [[1977]] թուականի ամրան կը տիրանայ Աստուածաբանութեան եւ Արեւելագիտութեան ճիւղերէն Օքսֆորտի Համալսարանի տոքթորայի տիտղոսին, իրեն նիւթ ունենալով Հայ եւ Վրաց եկեղեցիներու փոխ-յարաբերութեանց (The Relations Between The Armenian and Georgian Churches) եւ այլ յարակից խնդիրներու պատմութիւնը՝ 224-620 թուականներու։
[[1978]]-ին կը մեկնի [[Նոր Ջուղա (արեւմտահայերէն)|Նոր Ջուղա]], [[Սպահան (արեւմտահայերէն)|Սպահան]], որպէս Առաջնորդական Տեղապահ եւ նոյն տարին Տ. Տ. Գարեգին Բ. Աթոռակից Կաթողիկոսի ձեռամբ կը ստանայ Ծայրագոյն Վարդապետութեան աստիճան։ 1978-ին Սպահանի Թեմի 23-րդ Պատգամաւորական Ժողովը զինք կ’ընտրէ Առաջնորդ։ [[1980]]-ի [[Մայիս 18]]-ին ան կը ստանայ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում ձեռամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Աթոռակից Կաթողիկոսի։ Իսկ [[19 Յունիս]] 1986 թուականին, դարձեալ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Սրբատառ Կոնդակով ան կը ստանայ Արքութեան տիտղոս եւ պատիւ։
[[2002]] թուականին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի կողմէ կը նշանակուի [[Քուէթ|Քուէթ]]ի եւ Ծոցի երկիրներու Կաթողիկոսական փոխանորդ, ուր կը ծառայէ մինչեւ [[2011]] թուական։ 2011-ին ան կը վերադառնայ Սուրբ Աթոռ՝ Անթիլիաս եւ կը նուիրուի բանասիրական աշխատանքներու։
Հոգելոյց Սրբազանը աշխատակցած է հայ մամուլին եւ ունի գրական, քերթողական գործեր եւ բանասիրական բազմաթիւ աշխատասիրութիւններ եւ յօդուածներ։