«Լեւոն Պապոյեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} '''Պապոեան Լեւոն'''.-Ծնած Պոլիս, Խասգիւղ, 1888-ին: Լուսաւորչական համայքէն: 1909-ին հաստատուած Պէյրու...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

09:19, 5 Օգոստոս 2015-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Պապոեան Լեւոն.-Ծնած Պոլիս, Խասգիւղ, 1888-ին: Լուսաւորչական համայքէն: 1909-ին հաստատուած Պէյրութ եւ ամերիկեան ապարանի մէջ աշխատած որպէս վարպէտ զինկոկրաֆ, մեծապէս գնահատուելով տպարանի տնօրէնութենէն:Հոն կը մնայ մինչեւ 1920 եւ այդ թուականին կը սկսի անձնական գործի: Ընկեր կ'ըլլայ մեծահարուստ կալուածատէր Թուֆիք Կանտուրի հետ եւ միասնաբար կը բանան սիկարէթի թուղթի գործարան մը:Իր ջանքերուն ու բացառիկ կարողութեան շնորհիւ, գործը հաջողութեամբ կը պսակուի տասնըհինգ տարի՝ մինչեւ Ռէժիին գալը:Ապա կը սկսի թուղթի գործին ամերիկեան տպարանի մէջ իր հաշւոյն , զոր դարձեալ իր տնխոջ ջանքին շնորհիւ հաջողութեամբ գլուխ կը հանէ: Իր մահէն յետոյ, որ տէղի ունեցաւ 1945-ին, Պէյրութ, զաւակները՝ Եդուարդ եւ Պէրճ Պապոեան շարունակեցին իր գործը եւ իրենց հօրմէն ժառանգած ուղղամտութեան ու ժրաջանութեան շնորհիւ լաւ դիրքի մը հասան: Լեւոն Պապոեան յուսահատիլ չգիտցող աշխատասէր, ձեռնհաս, զոհաբերուող, հայ մըն էր եւ ընտանիքի տիպար հայր մը[1]:

Ծանօթագրութիուններ

  1. Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ: Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի, հ. Ա, Պէյրութ, էջ 279-280։